կարևոր
1900 դիտում, 10 ամիս առաջ - 2023-06-10 12:44
Քաղաքական

Քիշինեւէն արձագանգներ

Քիշինեւէն արձագանգներ

«Գործելը ռիսքեր կը պարունակէ եւ փոխարժէք ունի, բայց շատ աւելի քիչ՝ քան հեռահաս ռիսքը, որ կու գայ հանգստաւէտ անգործութենէ»:

Ճոն Ֆ․ Քեննէտի (1917-1963)

Մոլտովայի մայրաքաղաքը՝ Քիշինեւը կը նկատուի ո՛չ միայն Եւրոպայի, այլ աշխարհի ամենէն տխուր մայրաքաղաքներէն մէկը (բոլորովին տարբեր՝ «դժբախտ ու տժգոյն Շուշի»-էն)։ Այսուհանդերձ, հանրահռչակ է մոլտովական գինին, որ Բ․ Աշխարհամարտի օրերուն իսկ հարբեցուցած է զանազան երկիրներէ ժամանած զօրամասերու անդամներ, յատկապէս գնդապետներ ու հրամանատարներ։

Բազմաթիւ գինետուներու շարքին, հռչակաւոր է Քիշինեւէն քանի մը տասնեակ մղոն հեռու, դէպի Թիրասփոլ տանող ճամբուն վրայ գտնուող Պուլպոաքա շրջանի Միմի ամրոց-դղեակը, որ 1900-ականներուն սկիզբը կառուցուած է իբրեւ գինիի գործարան, սակայն աւելի քան դար մը ետք, 2016-ին, բոլորովին վերանորոգուելով, վերածուած է զբօսաշրջային համալիրի, իր զանազան կազմածներով եւ անշուշտ արդի գործարանով, մառանով, գինետունով, պանդոկով եւ սրահներով։

Այս համալիրին մէջ է, որ տեղի ունեցաւ, եւրոպական քաղաքական համայնքի հերթական հանդիպումի ծիրին մէջ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հանդիպումը, Ֆրանսայի նախագահին եւ Գերմանիոյ վարչապետին մասնակցութեամբ:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ եւ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութեանց մշտական «կնքահայր» Շարլ Միշէլի նախագահութեամբ կայացած ժողովին, աւելի մանրամասնօրէն քննարկուեցան ապաշրջափակման կարելիութիւններն ու շրջանային փոխադրամիջոցներու ու տնտեսական ենթակառոյցներու դասաւորումը։

Հետզհետէ աւելի կը խօսուի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերող մանրամասնութիւններու մասին։ Նախքան այս հնգանդամ ժողովը, Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ ողջունած էր վերջին շաբաթներուն նկատուած՝ հայ-ազերի կարգաւորման աշխուժացումը: Աւելի՛ն, հրապարակուած յատուկ յայտարարութեան մէջ նշուած էր, թէ Եւրոմիութիւնը կ՛ողջունէր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խիզախ յայտարարութիւնը, թէ ինք կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ Արցախը (Փաշինեան ի մտի ունի նաեւ Հայաստանէն «մանրուքներ» ալ)։

Հանդիպումէն ետք հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, գրեթէ միեւնոյն հաստատումն է, որ կը կրկնուի, տարբեր շարադրութեամբ եւ մէջբերումներով, թէ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները հաստատած են 6 Հոկտեմբեր 2022-ին, Փրակայի մէջ իրենց յայտարարած յանձնառութիւնը՝ Ալմա Աթայի հռչակագիրին (21 Դեկտեմբեր 1991) մէջ նշուած սահմանները յարգելու մասին:

Հանդիպման աւարտին, ոչ մէկ յստակ եւ շօշափելի յայտարարութիւն կատարուեցաւ Հ․Հ․ վարչապետի աշխատակազմին կողմէ:

Վարչապետն ու իր աշխատակազմն ալ ձեռնածալ էին։ Թափթփած եւ ոչինչ ըսող բառամթերքով մը, նշուած էր, թէ քննուած են «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, անյայտ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր»։ Եւ ահա, «ազգընտիր» վարչապետին համար Թուրքիոյ օդային ճամբան բաց էր ․․․կարմիր գորգով, որպէսզի ան ժամանէ Անգարա եւ մասնակցի նէօ-սուլթան Էրտողանի երդման արարողութեան։

Շատ աւելի դիպուկ էր ժողովին մասին Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի յայտարարութեան աւարտին նշուած հետեւեալ հաստատումը․ «Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են (․․․) Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, անյայտ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր»։ Հաստատում մը, որ անհանգստացուցած է Պաքուի բռնատէրը, որ արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով արձագանգեց, թէ Մաքրոնի այս յայտարարութիւնը միակողմանի է եւ չ՛արտացոլացներ ժողովին պատկերը, կը խեղաթիւրէ խօսակցութեանց բովանդակութիւնը։ Դեռ աւելին, Պաքու դիպուկ հեգնանքով մը շեշտեց, որ Էլիզէն միշտ ալ այսպիսի սխալ եւ անտեղի մեկնաբանութիւններ կը կատարէ։

Հնգանդամ ժողովը պիտի շարունակուի այլ օրակարգերով, յառաջիկայ Յուլիս 21-ին, Պրիւքսէլի մէջ։ Մինչ այդ Ուաշինկթընի մէջ, կրկին կը խօսուի երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի մը մասին։

Ու այս բոլորին ականջալուր ու հանդիսատես հայը ինքզինք մատնած է ձեռնածալ վիճակի, կը սպասէ, թէ այս հանդիպումները ինչպիսի՜ նորութիւններ պիտի պարգեւեն իրեն, Արցախի հարցը ինչպիսի՛ խեղաթիւրումներու պիտի ենթարկուի, արիւնով ու պայքարով շահուած իրաւունքները ինչպէ՛ս կորստեան պիտի մատնուին ձախաւեր դիւանագիտութեան խաղասեղանին վրայ, ինչպէ՛ս զինք պիտի համոզեն, որ Արցախը պատկանած է ու պիտի պատկանի Ատրպէյճանին, վեց ամիսէ ի վեր պաշարման օղակի մէջ առնուած անոր 120 հազար բնակիչները ինչպէ՜ս պէտք է ընդունին ատրպէյճանական հպատակութիւն կամ հեռանան իրենց պատմական հողերէն, Հայաստանը հողային ինչպիսի՜ պարտքեր ունի Ատրպէյճանին, որուն ախորժակները կանգ չեն առներ Փաշինեանի խոստացածներով եւ… «խաղաղութիւն պիտի բերենք» ցնդաբանութիւններով:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական