կարևոր
5047 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-28 13:43
Աշխարհ

Հայեացքը՝ լուսաստղին. ՄԱՅԻՍ 28

Հայեացքը՝ լուսաստղին. ՄԱՅԻՍ 28

Ինչպէս կ՚ուզէք, բանաձեւեցէք անոր խորհուրդը, ան է՛ ու կը մնայ միակ լուսաստղը, որ մեր ուղեցոյցն է, մեր անփոխարինելի՛ լուսաստղը, մեր անշե՛ղ ուղեցոյցը։

«Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան», «Ամբողջական Հայաստան՝ ամբողջական հայութեամբ»։ Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրէ մեզի 28 ՄԱՅԻՍը։ Ինչպէս կ՚ուզէք, որակեցէք մեր գաղափարականի այս զոյգ բանաձեւումները՝ երազատեսութիւն, թէ ցնորապաշտութիւն, պէտք չէ մտահան ընել, որ անոր հաւատքով դիմացանք մենք՝ տարագիր հայութիւնս, Մեծ եղեռնէն ետք, ամբողջ 70 տարի, մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացում, այդ հաւատքով ալ դիմացաւ հայրենահայութիւնը, որքան որ ամեն ճիգ թափուեցաւ թշնամիին ու բարեկամին կողմէ՝ նսեմացնելու մեր այդ հաւատքը, պարպելու մեր հոգիները անոր ներգործութենէն։

ՄԱՅԻՍ 28։

Այո՛, մեր պատմութիւնը ունի ուրիշ յաղթանակներու շատ թուականներ, ինչպէս եւ ունի պարտութիւններու թուականներ, ունի մեծ խորհուրդներ բովանդակող իրադարձութիւններ, սակայն մեր գոյատեւման ապահովումը՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի դիւցազնամարտերով ու Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը կը հանդիսանան հայոց պատմութեան նոր ժամանակներու ամենէն կարեւոր իրագործումը։ Եթէ մինչեւ 1991 բոլորս չէ, որ կը դաւանէինք այս իրողութեան, անկէ ասդին չեմ կարծեր, թէ որեւէ ազգային կուսակցութիւն, որեւէ ազգային ուժ այլեւս տարբեր մօտեցում կը ցուցաբերէ։

Սա յաղթանակն է Գաղափարին։

Այսօր այդ Գաղափարի կրողն են աւանդական ազգային երեք կուսակցութիւնները, եւ այդ Գաղափարի կրողը պիտի ըլլան ՀՀ եւ թէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ գործող կուսակցութիւնները, բացայայտօրէն զայն ընդունած ըլլան, թէ ոչ։ Այլապէս ի՞նչ դերակատարութիւն կրնան ունենալ անոնք հայաշխարհի մէջ։ Կրնա՞ն ընդդիմանալ «Ազատ-անկախ-միացեալ»-ին ու տակաւին ինքզինք հայ կարծել, կրնա՞ն ուրանալ կենսականութիւնը «Ամբողջական Հայաստան-ամբողջական հայութիւն» յղացքին ու յաւակնիլ գործելու հայութեան ու հայրենիքի հզօրացման ի խնդիր։ Բոլոր կուսակցութիւնները՝ աւանդականներն ալ, նորերն ալ, կրնան ունենալ, ունի՛ն իրենց տարբեր տնտեսական, ընկերային, թէ այլ ոլորտներու հասկացութիւնները՝ կառավարելու մեր հայրենիքն ու հայաշխարհը, սակայն ազգի գոյութեան վերաբերեալ դժուար թէ այլ ըմբռնում կարելի ըլլայ երեւակայել։

ՄԱՅԻՍ 28։

Այո՛, իհարկէ կայ դաստիարակութեան կարիքը, որ այս ըմբռնումը ընդհանրանայ։ Սփիւռքի մէջ, ըլլայ հայրենիքի։ Պէտք է ընդունիլ, որ այս մարզին մէջ մենք աւելի քան հարիւրամեայ թերացում ենք արձանագրած։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան կորուստէն ետք, 1920-1921-էն ասդին մեր ամբողջ ճիգը պիտի ըլլար կրթել մեր ժողովուրդը, որ հաւաքաբար հաւատար ՄԱՅԻՍ 28-ի Գաղափարին, որ ան միայն փոքրամասնութեան մը հաւատամքը չըլլար։ Այսինքն՝ հաւաքաբար ստանձնուէր Հայ դատի հետապնդումը։ Երկար, շատ երկար ժամանակ առաւ, որ իրականութիւն դառնար այս կազմակերպակա՛ն մակարդակի վրայ։ Իսկ անհատակա՞ն։

Որքան շատ էին անոնք, որոնք ջերմ պաշտպաններն էին լեզուի պահպանման, մշակոյթի փոխանցման, սակայն կը հակառակէին քաղաքականացման աշխատանքին, քաղաքակա՛ն աշխատանքին, այսինքն՝ Դատին՝ առանց անդրադառնալու, որ մէկը առանց միւսին անիմաստ կը դառնար։ Ափսո՜ս, դեռ ալ կան այդպէս մտածողներ ոչ միայն ընդհանուր հասարակութեան մէջ, այլեւ նոյնիսկ մտաւորականութեան, ընտրանիի՛ն։

Չեն անդրադառնար անոնք, որ եթէ ճիշտ է, թէ հայրենի հողերու ազատագրումը եւ հայութեան համախմբումը քաղաքական, այլեւ ռազմական գործունէութեամբ է, որ կրնայ իրականանալ, ճիշտ է նաեւ, որ այդ ազատագրումն ու համախմբումը մեր լեզուն պահելու, մեր ինքնութի՛ւնը պահպանելու նպատակով է, մեր մշակոյթը զարգացնելու, քաղաքակրթութեան մեր սեփական ներդրումը ունենալ կարենալու համար։ Ճիշտ է նաեւ, որ ինքնութեան պահպանումը պայման է Դատը հետապնդել կարենալու համար։ Երկուքը անքակտելիօրէն շաղկապուած են իրարու։ Այս դաստիարակութիւնը մեր առաջնահերթութիւնը պէտք է դառնայ։ Առանց այդ դաստիարակութեան ինչպէ՞ս ունենալ հայրենիքի սահմանները պաշտպանող բանակ եւ ինչպէ՞ս ունենալ մայրենիքի անաղարտութիւնը պաշտպանող վաշտեր։

ՄԱՅԻՍ 28։

Ինքնութիւնը պահել՝ Դատը հետապնդելու համար, Դատը հետապնդել՝ ինքնութիւնը պահպանելու համար։ Հող եւ մշակոյթ։ Մշակոյթ եւ հող։

Հայրենիքի մէջ, թէ Սփիւռքի ա՛յս պիտի ըլլայ մեր կրթական ծրագրերու հիմքը, անկախ որեւէ կուսակցական, դաւանական կամ այլ պատկանելիութիւններէ։ Ահա ուղի մը երկարաժամկէտ համազգային աշխատանքի մը համար։

Բայց այս կը նշանակէ միասնական ծրագրում, կը նշանակէ կռուաններու ստեղծում, կը նշանակէ անդուլ ջանք ու ճիգ։ Բոլորի՛ն մասնակցութեամբ։

«Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան», «Ամբողջական Հայաստան՝ ամբողջական հայութեամբ»… կարգախօսերու կը վերածուին պարզապէս, եթէ չգիտակցինք, թէ ի՛նչ պարտաւորութիւններ ունինք զանոնք կեանքի վերածելու համար։ Ապրումի՛։ Ամենօրեա՛յ ապրումի։

ՄԱՅԻՍ 28։

Մեր լուսաստղը, որուն ուղղուած պիտի ըլլայ մեր հայեացքը այսօր եւ ընդմիշտ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Դրօշակ» թիվ 5, 2023թ.