Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մայիս 18-էն 20, Պոսթըն այցելեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ Մայիս 19-ին կազմակերպուած հանդիսութեան բանախօսն էր։
Տէր Խաչատուրեանի ժամանումը՝ Մասաչուսէց, առիթ մը եղաւ որ ան կարենայ այցելել գաղութէն ներս գոյութիւն ունեցող այլ հիմնարկներ, որոնց կարգին յատկապէս Սուրբ Ստեփանոս ազգային վարժարան, ուր տեսակցեցաւ տնօրէնին հետ, նաեւ զրուցեց աշակերտներուն հետ։ Ան նաեւ այցելեց Արլինկթընի Հայ Մշակութային Կեդրոն, Պելմոնթի Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկ (NAASR), Ամերիկայի հայկական թանգրան-գրատուն (ALMA), «Թէքէեան» կեդրոն, ուր հարցազրոյց մը ունեցաւ «Միրըր-Սփոքթէյթւր»-ի հետ։ Տէր Խաչատուրեան նաեւ այցեցեց «Հայրենիք» հաստատութիւն, ուր տեսակցեցաւ խմբագրութեան հետ, նաեւ այցելեց Կեդրոնական Կոմիտէի գրասենեակ եւ Հ․Օ․Մ․-ի կեդրոնական վարչութեան գրասենեակ։
Շրջանի «Սարդարապատ» կոմիտէութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին, շուրջ 200 հայորդիներ ժամանած էին։
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտակազմի դրօշակի արարողութենէն եւ Ա․Մ․Ն․-ի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, հմտօրէն ներկայացուած խմբավար Արթիւր Վերանեանի ղեկավարած նորակազմ «Armenian Youth Chorus of Boston» երգչախումբին կողմէ, հանդիսավար Նանոր Նարկիզեան կատարեց ձեռնարկին բացումը եւ բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ ներկայ իրադարձութիւններուն վրայ ծանրանալով, բաղդատական մը կատարեց, 105 տարի առաջ կատարուած սխրանքին հետ։ Ան շեշտեց, թէ երբ այսօր երկրին ղեկավարութիւնը կը թերանայ իր պարտականութեան մէջ, օրինակներ պէտք է քաղէ անցեալէն։
Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, թէ Մայիս 28-ի շռնդալից յաղթանակը կերտուեցաւ շնորհիւ հայ ժողովուրդի զաւակներու հայրենասիրութեան, իրատեսութեան եւ զոհաբերութեան, ամբողջ վեց դար շարունակ ապրելէ ետք ստրկութեան, զրկանքի, տառապանքի եւ բնաջնջումի արհաւիրքը։
«Հ․ Յ․Դ․-ի նուիրեալ ղեկավարներուն երկարաշունչ պայքարին ու հայկական բանակին խոհեմ եւ վճռական կեցուածքին շնորհիւ հայ ժողովուրդը տիրացաւ իր անկախութեան։ Պատահածը հրաշք մը չէր, այլ` գոյապայքարի եւ հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու անխորտակելի կամք», ըսաւ ան, աւելցնելով, թէ հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր հանրապետութիւնն ու պետականութիւնը` աղքատութեան, հալածանքի, սովի, հիւանդութեան եւ աւերակներու մէջ: Սակայն, ընկերային, մշակութային, տնտեսական, եւ քաղաքական շօշափելի բարեկարգումներ տեղի ունեցան, ու շատ կարճ ժամանակի մէջ Հայաստան ամրապնդուեցաւ այնքան, որ այլեւս համարձակօրէն կրնար կանգնիլ քաղաքական ասպարէզի վրայ եւ իր խօսքը ըսել համայն աշխարհին:
Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, թէ Առաջին հանրապետութիւնը հիմնաքարն է հայկական արդի պետականութեան, որ գոյատեւեց իբրեւ Խորհրդային Հայաստան` վարչակարգի փոփոխութեամբ: Ան աւելցուց, թէ պէտք է խոնարհիլ Մայիս 28-ի 103-րդ տարեդարձին առջեւ եւ միեւնոյն ժամանակ ծնկաչոք ու ամէնայն հպարտութեամբ պէտք է փառաբանենք իրագործուած այս անկարելին՝ ազգային աննախընթաց նուաճումը։
Երկար չտեւեց այս ուրախութիւնը: Երկուքուկէս տարուան անկախութեան ընթացքին եռագոյնը ծածանեցաւ ամբողջ հայրենիքի տարածքին` իբրեւ խորհրդանիշը հայկական պետականութեան: Հայ ժողովուրդը տէր դարձաւ իր ազգային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ զինուորական ճակատագիրին: Ազատ էր հայ ժողովուրդը, ուրախ էր հայ մարդը:
Տէր Խաչատուրեան եզրակացուց, թէ մեր ականջներուն պէտք է հնչեն առաջին հանրապետութեան հռչակումը եւ ազատ, անկախ Հայաստանի հաստատումն ու այդ խենթ կերտիչներուն պատգամը` վառ պահել միասնականութեան ոգին, պահպանել հայրենիքի անկախութիւնն ու պետականութիւնը, բարելաւել հայրենիքի ընկերային կեանքը, հզօրացնել հայկական բանակը, հետապնդել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իրականացումը:
Ան կարեւորեց, թէ ազատ, անկախ հանրապետութեան վերացումէն եւ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք սփիւռքը սրտբաց եւ հեռատեսութեամբ հիւրընկալեց անկախ Հայաստանի հիմնադիրներէն շատերը: Սփիւռքը ամբողջական հաւատքով եւ համոզումով տէր կանգնեցաւ այս աքսորեալ ղեկավարներուն եւ հիմնադիրներուն սրբազան սկզբունքներուն` հաւատալով, որ վերադարձը դէպի հայրենիք, դէպի հայրենի հող պիտի չուշանայ, արդարութիւնը պիտի վերահաստատուի, եռագոյնը պիտի բարձրանայ ու ծածանի հայրենիքի հողին վրայ։ Եւ այդպէս ալ պատահեցաւ։
Նոյնքան հետաքրքրական էր հարց-պատասխանը, որ տեւեց աւելի քան մէկ ժամ։ Ընդհանրապէս ներկայ օրերու իրավիճակն էր։ Յատկապէս Արցախի հիմնահարցը, որ ներկայ ղեկավարութեան կողմէ երբեք յստակ հիմերու վրայ չընթանար, նոյնիսկ հայ-թուրք խօսակցութիւնները, որոնք իրենց կարգին խոցելի են։
Աւարտին, Տէր Խաչատուրեան կոչ ուղղեց չվհատիլ, չլքել Հայաստանն ու Հայ դատը եւ յամառօրէն կառչած մնալ հայրենիքին։
Հուսկ, Արթիւր Վերանեանի ղեկավարած նորակազմ երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը գործեր՝ «Սարդարապատ», «Զէյթունցիներ», «Երեւան – Էրեբունի» եւ «Կաքաւիկ»։