կարևոր
3070 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-04-29 14:31
Քաղաքական

Հայ ժողովուրդը չի զիջիր իր իրաւունքներէն, կը մնայ Հայ դատի պաշտպան

Հայ ժողովուրդը չի զիջիր իր իրաւունքներէն, կը մնայ Հայ դատի պաշտպան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով հարցազրոյց է տուել «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին:

Իր հարցազրոյցին ընթացքին Աւետիս Կիտանեան շեշտած է, որ Թուրքիա ոչ միայն կը մերժէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ ցայսօր կը շարունակէ ճշմարտութիւնը ուրանալ եւ խոչընդոտել Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող աշխատանքները տարբեր երկիրներու եւ խորհրդարաններու մէջ:

«Աւելի՛ն. ան իր եղբօր` Ազրպէյճանի հետ այլ ձեւի ցեղասպանական արարքներ ի գործ կը դնէ այլ տեղ: Մարդկային միտքն ու տրամաբանութիւնը կ՛աշխատին այն ուղղութեամբ, որ երբ կայ ոճիր, որ ցեղասպանութեան մակարդակի է, եւ ոճրագործները ծանօթ են` ըստ 1915-ին դիւանագիտութեան իրենց առաքելութեամբ այդ շրջանին մէջ գտնուող օտար երկիրներու դեսպաններուն վաւերագրութիւններուն, իսկ Թուրքիոյ ներկայ պետութիւնը` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան օրինական ժառանգորդը, նուազագոյնը կ՛ըլլայ այն, որ անոնք ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց եւ այնպէս անոնք կը շարունակեն իրենց նախահայրերուն ծրագիրը, որ կը կոչուի փանթուրանական ծրագիր: Այսօր Արցախի մէջ պատահածը` Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակումը իր կարգին փանթուրանական ծրագիրի գործադրութեան մաս կը կազմէ: Այս բոլորը շարունակութիւնն են Օսմանեան կայսրութեան օրերուն գործադրուած բնաջնջումի քաղաքականութեան, որ ի միջի այլոց Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գործադրուեցաւ սուրով, իսկ Լիբանանի մէջ` ժողովուրդը սովի ենթարկելով», շեշտեց ան:

Ա. Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ Հայ դատի աշխատանքներուն, որոնք ամբողջ աշխարհին մէջ կը կատարուին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելու եւ բարձրաձայնելու Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան մասին, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ վրայ` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ այն իրականութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, Թուրքիա կը շարունակէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ իր թշնամական քաղաքականութիւնը` աւելցնելով, որ 2020-ի սեպտեմբերին ան ոգի ի բռին եւ իր բոլոր կարողութիւններով օժանդակեց Ազրպէյճանին` Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին, որ աւարտեցաւ 9 նոյեմբերի համաձայնագիրով, որ ՀՅ Դաշնակցութեան համար կը նկատուի յանձնուողական համաձայնագիր:

Ա. Կիտանեան անդրադարձաւ փոքր ժողովուրդներուն հանդէպ մեծ պետութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի վարուելակերպին, որուն մէջ յստակօրէն կը նշմարուին առաջնահերթութիւնները, որոնք են` Կովկասի մէջ գտնուող երկիրներուն ու պետութիւններուն շահերը, ինչպէս նաեւ նաւթի եւ բնական կազի հարստութիւնները բաժնեկցելու հոլովոյթը:

Հայ դատը եւ հայ ժողովուրդին մէջ պահանջատիրական ոգին վառ պահելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ

Ցեղասպանութեան յիսնամեակին հայ ժողովուրդը անդրադարձաւ, որ լացն ու կոծը եւ սուգը ապարդիւն են եւ ոչ մէկ հարց կը լուծեն:

«Դատը կարիքը ունի հետապնդուելու միջոցի, կամքի եւ ուժի, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ կազմակերպել Ցեղասպանութեան հեղինակ թուրք ջարդարարներուն ահաբեկումը, որ աշխարհին ուշադրութիւնը շարժեց եւ անդրադառնալ տուաւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ պահանջներուն», հաստատեց ան:

Ա. Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ դէմ յարուցուած միջազգային դատին, որով կը պահանջուի Սիսի կաթողիկոսութեան հողերուն վերադարձը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

«Սակայն թրքական պետական մտայնութիւնը այն չէ, որ ուղղուի ընդունելու իր նախահայրերուն գործած սխալը, ընդհակառակն` ան կը շարունակէ ջարդելու եւ Ցեղասպանութիւնը ժխտելու իր քաղաքականութիւնը: Բայց եւ այնպէս հայկական միասնականութեան շնորհիւ հայ ժողովուրդը գիտէ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ եւ պահանջել իր արդարացի իրաւունքները: Ճիշդ է, որ այսօր միջազգային պայմանները ձեռնտու չեն Հայ դատի լուծման համար, սակայն մենք կը շարունակենք մեր աշխատանքը եւ Հայ դատի գործը կը պահենք հետեւողական», յայտնեց ան:

Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ ազգային գիտակցութիւնը, պատկանելիութիւնը, եւ ինքնութեան պահպանումն են, որոնք կ՛երաշխաւորեն հայութեան գոյատեւումը, «իսկ հայ ժողովուրդը իր պայքարը մղելու եւ իր Դատը պաշտպանելու մէջ միայն ինքն իր ուժերուն վրայ կը վստահի, որովհետեւ օտարը չէ, որ պիտի փրկէ զինք: Մենք ականատես ենք, որ 130 օրէ ի վեր Արցախը եւ 120.000 արցախահայ շրջափակուած են, իսկ Արեւմուտքը ոչ մէկ կերպով հակազդած է այս իրողութեան», շեշտեց ան:

Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը չի զիջիր իր իրաւունքներէն, կը մնայ Հայ դատի պաշտպան, պիտի պահէ իր հաւաքական յիշողութիւնը եւ պահանջատիրական ոգիով պիտի շարունակէ իր պայքարը:

aztagdaily.com