կարևոր
2710 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-31 14:06
Հասարակություն

Տէ՛ր կանգնինք մեր գոյութեան իրաւունքին. Արեւմտայերէնի կորուստը է ու կը մնայ արեւմտահայութեան կորուստը

Տէ՛ր կանգնինք մեր գոյութեան իրաւունքին. Արեւմտայերէնի կորուստը է ու կը մնայ արեւմտահայութեան կորուստը

Տէր կանգնիլ արեւմտահայերէնին կը նշանակէ տէր կանգնիլ ապրելու մեր իրաւունքին՝ մեր գոյութեա՛ն իրաւունքին։

Արեւմտահայերէնը չէ պարզապէս հաղորդակցութեան միջոցը մեր՝ հայութեան մէկ մասին, որքան ալ այդ միջոցը օգտագործողներու թիւը հետզհետէ կը նուազի։ Ան մեր էութիւնն իսկ է, մեր էութիւնը արտայայտող հայեցակերպը, մտածելակերպը, հի՛մքը։

Իսկ արեւմտայերէնի կորուստը է ու կը մնայ արեւմտահայութեան կորուստը, ինչ որ սադայէլական ծրագիրն էր մեր թշնամիին, որ չէր սահամանափակուեր միայն արեւմտահայութեամբ, եւ որուն ցեղասպան-հայասպան քաղաքականութիւնը կը տեսնենք այսօր մեր իսկ օրերուն, ինչպէս կը շարունակուի արեւելահայութեան ալ, հայրենահայութեան ալ նկատմամբ։

Առաւելաբար Սփիւռքի մէջ ապրող արեւմտահայութեան կորուստը ի վերջոյ կորուստն է հայութեա՛ն։

Այս մասին քիչ անգամ չէ գրուած, այս սիւնակին իսկ մէջ, ու տակաւին պիտի գրուի։

Սոյն յօդուածին նպատակն է խօսիլ դիմադրութեա՛ն մասին, ինքնապաշտպանութեան մասին, մերօրեայ սարդարապատեան այդ ճակատամարտը ծրագրելու ու կազմակերպելուն մասին։

Խօսքէն գործի՛ անցնելու մասին։

Բայց առանց բառախաղի որեւէ փորձի՝ այդ գործը խօսքէ՛ն կը սկսի։ Խօսելէ՛ն։

Այո, այս ճակատամարտի առաջնագիծը մեր տունն է, մեր եկեղեցին, մեր ակումբը, մեր գործատեղը, ամենուր, ուր պէտք չէ վարանինք հայերէն խօսելու։ Խօսելով, մի՛շտ խօսելով, ամե՛ն տեղ խօսելով է, ամե՛ն պահու խօսելով է, որ լեզու մը կենդանի կը մնայ։

Բայց եթէ խօսքէն անդին անցնինք, անշուշտ կարդալով ու գրելով պիտի պահենք մեր լեզուն։ Սա կը նշանակէ նոյնպէս ամե՛ն տեղ հայերէն կարդալով ու գրելով։

Սա արդէն երկու ճակատ կը յառաջացնէ. առաջինը՝ հայերէն գրել-կարդալ գիտցողներու ճակատը, երկրորդը՝ չգիտցողներու եւ սորվելո՛ւ պարտաւորութիւն ունեցողներու ճակատը։

Երկու ճակատներուն վրայ ալ հետզհետէ կ՚աւելնայ դեդեւողներու, թերացողներու թիւը։ Որքա՜ն գրել-կարդալ գիտցողներ հայերէն չեն կարդար ու չեն գրեր, իրարու հետ հայերէն ալ չեն հաղորդակցիր, հակառակ անոր, որ մեր ներկայ միջոցները, սկսեալ առձեռն հեռախօսներէն մինչեւ հաղորդակցութեան այլեւայլ հարթակները կ՚ընծայե՛ն առիթը մեր լեզուով հաղորդակցելու։ Իսկ որքա՜ն հայեր այլեւս անիմաստ, անօգուտ կը գտնեն գրել-կարդալ սորվիլը, հայերէ՛ն գրել-կարդալ, կամ իրենց զաւակներուն ալ սորվեցնելը, այդ ձեւով բազմացնելով ճակատը լքողներու, դասալիքներո՛ւ թիւը։

Իսկ դասալիքներ չեն միայն անհատները։ Չէ՞ք տեսներ ինչպէս մեր կազմակերպութիւններէն, կեդրոններէն, եկեղեցիներէն, նոյնիսկ դպրոցներէն շատեր յաճախ կը բաւարարուին տեղական լեզուով միայն կապ պահելու իրենց անդամներուն, հաւատացեալներուն կամ աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն հետ։ Հասկնալի է, որ այդ տեղական լեզուն, ո՛ւր ալ ըլլայ, պիտի գործածուի մէկ կողմէն գուցէ պետական պահանջներ գոհացնելու համար, միւս կողմէ հայերէն չհասկցողներուն ալ մատչելի ըլլալու համար, սակայն պատճառ չկայ, չի՛ կրնար ըլլալ, որ հրաժարինք անոր կողքին հայերէնն ալ ներառելէ, եթէ ոչ որեւէ գործնական նպատակով, այլ միայն ինքնապաշտպանութեան պայքարը շարունակելու համար։ Չէ՞ք տեսներ նաեւ, ինչպէս հաւաքի մը ընթացքին մէկ օտարախօսի ներկայութեան պատճառաւ անմիջապէս օտար լեզուին կը դիմենք, մինչ մարտավարութիւնը պիտի պահանջէր ճի՛շտ հակառակը՝ մէկ հայերէն գիտցողին համար հայերէնի՛ն դիմելու։

Այս պայքարը սակայն ունի նաեւ այլ ճակատներ, այլ խրամատներ, որոնք յարատեւ ուշադրութեան ու ճիգի կը կարօտին։

Մեր դպրոցները նոր դասագրքերու կարիք ունին։ Դասապահերէն դուրս հայերէնով խաղալու այլազան միջոցներ կ՚ուզուին։

Մեր մանուկներն ու պատանիները ընթերցման նոր, ժամանակակից նիւթերով ու մատուցումով գրականութեան պէտք ունին։

Ժամանակակից, արդիական, առցանց մատչելի բառարաններու, ճշգրիտ հանրագիտարաններու անհրաժեշտութիւնը կայ ոչ միայն թերահասներուն համար, այլեւ չափահասներուն։

Թատրոն, շարժանկար, իմաստալից շարախաղեր եւ այլ միջոցներ՝ թէ՛ փոքրերուն եւ թէ՛ մեծերուն համար։

Ու մանաւանդ ուսուցիչ, խմբագիր, եկեղեցական, ընկերային գործիչներ ու մասամբ նորին։

Դեռ չխօսեցայ արեւմտահայերէնին պահպանման նկատմամբ հայ պետականութեան պատասխանատւութիւններուն մասին, եթէ այդ պետականութիւնն ալ լաւ կ՚ըմբռնէ իր հայկականութեան պարտաւորութիւնը…

Այս բոլոր ըսուածները նորութիւններ չեն։ Այո, շատ խօսուած է այս բոլորին մասին։ Բայց խօսքէն գործի անցնելու օրինակները չեն աւելնար։ Չեն աւելնար կարիքին համապատասխան։

Ո՞ւր է չարիքին աղբիւրը։

Ի՞նչը կ՚արգիլէ, որ համապատասխան մարմինները, իւրաքանչիւր վայրի մէջ, իւրաքանչիւր տարածաշրջանի մէջ ու համահայկակա՛ն առումով քով-քովի գան ու այս բոլորին մասին կազմեն կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ ու երկարաժամկէտ ծրագրեր, հաստատեն նախահաշիւներ, բաժնուին աշխատանքները ու անցնին գործի։ Առանձնաբար թէ միասնաբար՝ ընդգրկելով ամբողջ հայաշխարհը, որքան ալ որ վիրաւոր է այսօր անոր հայրենական մասը։

Սփիւռքը ունի թէ՛ մարդուժը, թէ՛ նիւթուժը եւ թէ՛ հմտութիւնն ու փորձառութիւնը գործի անցնելու համար։

Չլքենք ինքնապաշտպանութեան մեր ճակատները։

Ի զէ՛նն, հայե՛ր…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

horizonweekly.ca