կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-02-25 21:46
Հասարակություն

Հ. Յ. Դ. 34-րդ Ընդհանուր Ժողովին ընդառաջ. Սփիւռքեան նախագծի մը հրամայականը

Հ. Յ. Դ. 34-րդ Ընդհանուր Ժողովին ընդառաջ. Սփիւռքեան նախագծի մը հրամայականը

Նոյեմբեր 2004-ին, ՀՅԴ Բիւրոն նախաձեռնեց Լիբանանի մէջ կուսակցութեան և ուղեկից կազնակերպութիւններու խորհրդաժողով մը: Նախաձեռնութիւնը նախընթաց չունէր կուսակցութեան թէ ուղեկից միութիւններու տասնամեակներու պատմութեան մէջ և կը խոստանար դարձակէտային ըլլալ հետևեալ հիմնաւորումներով.

ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր Ժողովի Դէպի Երկիր կարգախօսով բանաձևուած կուսակցութեան և ուղեկից միութիւններու կազմակերպական վերադարձը հայրենիք իրականացած էր:

Անկախութեան յաջորդած տասնամեակը, 20-րդ դարու վերջինը, եղած էր, եթէ կարելի է ըսել, անցումային ժամանակ մը իր վերիվայրումներով: Երկրաշարժի օժանդակութեան, Արցախի ազատագրական պայքարի մասնակցութեան թէ անկախութեան նախապատրաստական քայլերուն ներդրումի խանդավառութեան յաջորդած էր կարծր իրականութեան գիտակցումի հրաւէրը. Դաշնակցութեան նախագահական թեկնածու Սօս Սարգսեանի ստացած հազիւ չորս տոկոսի քուէները 1991-ի ընտրութիւններուն, ՀՀ առաջին Նախագահ Լևոն Տէր Պետրոսեանի բացայայտօրէն սփիւռքամերժ դիրքը, ՀՅԴ Բիւրոյի հերթապահ Հրայր Մարուխեանի արտաքսումը 1992-ին, և կուսակցութեան արգիլումը 1994-ին:

Փետրուար 1998-ի իշխանափոխութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովը 1999-ին, անմիջապէս յետոյ, Հոկտեմբեր 27-ին, Խորհրդարանի մէջ սպանութիւններու ցնցումին յաջորդած դժուար հանգրուանին դիմագրաւումը օրուայ Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողքին կենալով, 2002-ին «Դաշնակցութեան ընկերվարական գործը Հայաստանի մէջ» խորհրդաժողովը… այս բոլոր իրադարձութիւնները իրենց կարգին կը յուշէին, որ հակառակ նախորդ տարիներու պատճառած դառնութեան, կուսակցութիւնն ու իր գաղափարակից կազմակերպութիւնները այնուամենայնիւ յաջողած էին հայրենիք վերադառնալ, շրջանցելով մինչև անկախութիւն բացառաբար Սփիւռքի մէջ գործող այլ կազմակերպութիւններու ներքին պառակտման փորձութիւնը:

Այս կը նշանակէր, որ Դաշնակցութիւնն ու իր ուղեկից կազմակերպութիւնները ունէին իրենց գաղափարախօսական յատուկ ուղին կերտելու կարողականութիւն: Այսինքն՝ չմնալ լոկ գրասենեակային կազմակերպութիւններ, այլ՝ տարածուիլ ժողովուրդին մէջ, ըլլալ այլընտրանք, ձեռք բերել այն ժողովրդականութիւնը, յանձնառու շարքայիններու և միութենականներու այն հատուածն ու համակիրներու այն թիւը, որ Սփիւռքի մէջ կերտուած և պահպանուած է մինչ օրս:

Խորհրդաժողովի կիզակէտին էր Սփիւռք-Հայաստան համարկումը, ինչ որ լոկ համագործակցութենէ անդին գործընթաց և համապատասխան օրակարգ կ’ենթադրէր: Հորիզոնին՝ համահայկականութիւնն էր 21-րդ դարուն, որքան ալ որ յղացքը այն ժամանակ գործածութեան մէջ չէր դրուած, ոչ՝ առնուազն նման հնչեղութեամբ: Լաւատեսութիւն կար այդ օրերուն, և լաւատես ըլլալը միամտութիւն չէր: Աւելի՛ն, խորհրդաժողովը օրուայ ղեկավարութեան տեսլականի՛ առկայութեան փաստ էր, այնպէս ինչպէս պատմական տարբեր առիթներու եղած է: Այդ տեսլականի իրականացման վստահութիւնը կա՛ր, և թերևս այդ էր պատճառը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ այդ նախաձեռնութեան առթած մեծ խանդավառութեան:

Յստակացնենք, որ երբ տեսլականի մասին կը խօսինք ուշադրութեան առարկայ են միտքերը, գաղափարները, յղացքները: Նկատի ունինք իրադարձութիւններէն ծնունդ առած բայց անոնցմէ անդին անցնող վերլուծումի տեսակ մը, որ հասարակագիտութեան թէ պատմաբանութեան ակադեմական ոլորտներու մէջ ծանօթ է որպէս «մտաւորական պատմութիւն»: Հաւաքականութիւններու պատմական գործընթացին մէջ անկիւնադարձային պատահարներ կրնան բեկում առաջացնել նաև քաղաքական մտածողութեան մէջ և ծնունդ տալ նոր խօսոյթներու, վերանորոգել ինքնաճանաչման յղացքներու իմաստը և համապատասխան աշխատանքային օրակարգ ճշդել:

Բայց նոր մտքերն ու գաղափարները կեանքի կը կոչուին հասարակագիտութեան մէջ ծանօթ «հասարակական կառուցում»ի (social construction) գործընթացով, որ, իր կարգին, կ’ենթադրէ յանձնառու և հմուտ ղեկավարութիւն, այսինքն՝ պայմանաւորուած է մարդկային գործօնով: Հաւաքականութիւններու առօրեային մէջ, այս պարագային՝ Սփիւռքի, մտքերու փոխանակումը բնական ու անխուսափելի է, և կ’արտայայտուի հրապարակագրութեամբ, ակադեմական թէ մասնագիտացած ոլորտներու մէջ մտքերու փոխանակումով, հանրային բանավէճով ընդհանրապէս, թէկուզ երբ այդ բոլորը ու բախման մեծ խառնիճանաչի մը պատկերը ներկայացնեն: Այդ մէկը սակայն անպայմանօրէն չի նշանակեր տեսլականի առկայութիւն կամ տեսլականի համազօր և հաւաքական զօրաշարժի ատակ գաղափարի կառուցման կարողութիւն: Ընդհակառակը, ըստ Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզին (2019), Սփիւռքի «մեծագոյն մարտահրաւէրը» «հայ համայնքէն ներս զօրաւոր, տեսիլք ունեցող ղեկավարութեան բացակայութիւն»ն է:

Նոյեմբեր 2004-ի խորհրդաժողովը վերանորոգ տեսլականի մը յոյս ստեղծեց Հայաստան-Սփիւռք համարկումի օրակարգի մը հեռանկարով ներկայացուաղ երեք թեմաներով, զորս Բիւրոն առանձին գրքոյկով հրատարակեց յաջորդ տարի՝ Հայութիւնը այսօր. համարկման խնդիրներ շատ յատկանշական խորագրով (հրատարակութիւն՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, 2005):

Այդ երեք թեմարէն առաջինը Յարութիւնը Քիւրքճեանի «Սփիւռքը երէկ և այսօր -ինքնութեան հարցադրումներ» վերլուծումն էր: Երկրորդը Մկրտիչ Մկրտիչեանի շատ յստակ առաջարկն էր՝ «Մշակում հայերէնի լեզուամշակութային քաղաքականութեան որպէս հայութիւնը միաւորող ազդակ»: Երրորդը այս տողերուն հեղինակին՝ «Սփիւռքի նոր օրակարգը. Ինքնութեան, յանձնառութեան ու զօրաշարժի մարտահրաւէրները համաշխարհայնացման ոլորտին մէջ» ներկայացում-առաջարկն էր: Երեք նիւթերն ալ կը վերաբերէին համաշխարհայնացման պայմաններու մէջ հայութեան համարկումին դէպի այն ինչ յաճախ կը գործածուի որպէս լոզունգ ու հռետորութիւն՝ մէկ ազգ:

Այսպէս, Հ. Յ. Դ. և ուղեկից միութիւններու առաջին այդ հանդիպման կիզակէտ հանդիսացած «համարկում» հասկացողութիւնը սեղանի վրայ կը դնէր 1988-ին Ղարաբաղեան Շարժումով ծնունդ առած և յաջորդ վեց ճակատագրական տարիներուն զարգացած ազգային միասնականութեան խնդիրը, որ 1992-1994 տարիներուն հակադաշնակցական հալածանքներով ընդմիջուեցաւ և 1998-էն յետոյ կրկին բերուեցաւ օրակարգի վրայ: 2004 Նոյեմբերի խորհրդաժողովը կու գար յուշելու, որ համաշխարհայնացման պայմաններու մէջ հայութեան համարկման համար Դաշնակցութիւնն ու իր ուղեկից միութիւնները ունէին կազմակերպական իւրայատուկ կարողականութիւն համահայկական զօրաշարժը վերածելու համար համակարգուած գործընթացի:

Այս բոլորը կը թուի տեսական մտամարզանք կամ միամիտ լաւատեսութիւն: Բայց իրողութիւն է, որ Նոյեմբեր 2004-ի խորհրդաժողովը եղաւ ներշնչման աղբիւր, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ մեր կազմակերպական արդիականացման համար, ե՛ւ քննարկելու հայութեան համարկման խնդիրները: Օրինակի կարգով նշենք ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի երկու առիթներով կազմակերպած շրջանային մասշտապով (Արժանթին, Ուրուկուայ և Պրազիլ) կուսակցութեան և իր ուղեկից միութիւններու խորհրդաժողովները: Կամ՝ «Հայերը և Ձախը» խորհրդաժողով/միջոցառումներու տարիներու վրայ երկարող շարքը փորձելով Հայաստանի և հայութեան կացութիւնը ընկալել ու բացատրել օրուայ յառաջդիմական գործընթացներու տրամաբանութեան մէջ և որպէս մասնակից՝ համամարդկային յառաջընթացի պայքարին:

Դժբախտաբար, սակայն, Նոյեմբեր 2004-ի խորհրդաժողովը ծնունդ չտուաւ կազմակերպական արդիականացման բնորդի մը՝ դիմագրաւելու համար 21-րդ դարու մարտահրաւէրները: Իր տեսակին մէջ եզակի, աննախընթաց և տեսլականային այդ նախաձեռնութիւնը չունեցաւ շարունակականութիւն, մնաց օրին առնուած ad hoc որոշումով իրականացած միջոցառում: Ոչ իսկ կուսակցութեան և ուղեկից միութիւններու այդ հանդիպման միջոցը վերաթարմացաւ ըսենք Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդաժողովներու նախօրեակին, ինչ որ թերևս այդ մեծ հանդիսութիւններուն կրնար և տալ որոշ բովանդակութիւն, խթան հանդիսանալ քննադատական մտածողութեան, կամ առնուազն համակարգէր կուսակցութեան և իր ուղեկից միութիւններու պատգամը համայն հայութեան:

Ի մասնաւորի՝ Նոյեմբեր 2004-ի խորհրդաժողովէն ծնունդ չառաւ Սփիւռքի առանձին օրակարգ, ոչ ալ Սփիւռքի մասին ինքնուրոյն մտածողութիւն՝ 21-րդ դար փոխադրելու համար 1960-70-ական թուականներուն սկսած և զարգացած մտաւորական, գրական և քաղաքական ամբողջ շարժում մը, որ լաւագոյնս կարելի է բնութագրել Վահէ Օշականի մէկ բանաստեղծութեան «Սփիւռք ըլլալ մը կայ» տողով: Այդ շարժումը կամայ թէ ակամայ ինքնազսպուեցաւ ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր Ժողովէն յետոյ, Դէպի Երկիր անկիւնադարձով:

Ի բացակայութիւն Սփիւռքի օրակարգին, Սփիւռքի հարցերը քննարկուեցան բացառաբար Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններու հարթակին վրայ, ընդ որում հիմնականօրէն մէկ նիւթով. ի՞նչ պէտք է ընէ Սփիւռքը հայրենիքին համար: Ենթաթեքստը այն ենթադրութիւնն է որ Սփիւռքը առանց հայրենիքի գոյութիւն կամ իմաստ չի կրնար ունենալ: Թապու եղաւ անոր հակառակ տրամաբանութիւնը դնել հրապարակային քննարկման. ի՞նչ կարևորութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ եթէ չըլլայ Սփիւռքը… Անշուշտ քաղաքական ‘կորեկտութիւնը’ կը թելադրէ հրապարակային շատ բան չնշանակող «փոխ-լրացուցչութեան» ֆորմուլան: Կամ, եթէ Սփիւռքին շոյելու հարկ ըլլար, «ռազմավարական նշանակութիւնը» կը սպրդէր այլևս շատ սահմանափակ բառապաշարով ճապաղ ազգայնական հրապարակային ճարերուն, ընդհանրապէս՝ խօսոյթին, մէջ… Եւ այս՝ թէ պետական, և թէ ոչ-պետական մակարդակներով:

Սփիւռքի օրակարգի և ինքնուրոյն մտածողութեան բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Սփիւռքի համարկումը հայրենի իրականութեան գործընթացներուն որոշուի Հայաստանի քաղաքական իշխանախաւին կողմէ, որ երբեք հաշտ աչքով չէ դիտած Սփիւռքի ամբողջական մասնակցութիւնը հայրենի գործընթացին՝ ձայնի և քուէի իրաւունքով: Կամ ալ երբ միջոց բացած է այդ ուղղութեամբ առաջանալու, միշտ սահմաններ դրած է որպէսզի Սփիւռքին մօտ չ’ստեղծուի քաղաքական գործընթացներուն ազդելու որևէ լծակ ունենալու յոյս: Փաստօրէն, Քոչարեանի կողմէ Քաղաքացիութեան Օրէնքի փոփոխութեան խոստումին իրականացումը ամբողջ եօթը տարի առաւ: Օրէնսդիր մարմնին մէջ սփիւռքեան ներկայացուցչութեան առաջարկը տարբեր ձևաչափերով երբեք քաղաքական օրակարգի չանցաւ: Ոչ իսկ անոր այլընտրանք համահայկական Խորհուրդ մը առաջացաւ: Ինչ կը վերաբերի բացառաբար սփիւռքեան հիմնախնդիրներու, Արևմտահայերէն և դասական ուղղագրութիւն, Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին կամ հասարակութեան համար անոնք պարզապէս չկան հակառակ նորէն յաւուր պատշաճի յայտարարութիւններու կամ ad-hoc նախաձեռնութիւններու:

Հարցը այն չէ, որ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը այս վերաբերմունքը ունի Սփիւռքի նկատմամբ: Հարցը այն է, որ քանի որ Սփիւռքի օրակարգ չէ ստեղծուած, Սփիւռքի զօրաշարժի ամենէն ատակ գաղափարական շարժումը՝ ՀՅԴ-ն և իր ուղեկից միութիւնները չունին նաև լոբբիինկ-ի կարողութիւն Հայաստանի մէջ: Այդ մասին իսկ չէ մտածուած, որովհետև իւրաքանչիւր կազմակերպութեան գործունէութիւնը առանձին, կամ բոլոր կազմակերպութիւններու գործունէութեանց գումարը, չի կրնար նման գործօնի վերածուիլ եթէ չունի նպատակաուղղուած կազմակերպուածութիւն և շարունակականութիւն:

Նոյեմբեր 2004-ի խորհրդաժողովէն յետոյ, միայն մէկ առիթով ՀՅԴ Բիւրոն յատուկ Սփիւռքի ուսումնասիրութեան յանձնախումբ մը առաջացուց: Այդ եղաւ 2016-ին, ընկեր Վարանդ Փափազեանը գրեց վերջնական զեկուցումը, որ այնպէս ալ մնաց թուղթի վրայ: Ուշադրութիւնը մնաց սևեռած ներհայաստանեան իրադարձութիւններուն վրայ, և Սփիւռքի մէջ կազմակերպական վերաշխուժացման ատակ ամենէն կարողական գաղափարական շարժումը, ամենէն ատակը համահայկականութեան տալու կենդանութիւն, ամհրաժեշտ ուշադրութիւն չդարձուց փոխուող Սփիւռքի մը իրականութեան: Հոկտեմբեր 2021-ին, ՀՅԴ Բիւրոն նախաձեռնեց ուղեկից կազմակերպութիւններու ղեկավար մարմիններու առցանց խորհրդաժողովի մը: Ձևաչափը Նոյեմբեր 2004-ի խորհրդաժողովը չէր, բայց համավարակի թէ այլ պայմաններու ստիպողութեամբ հանդիպումը առցանց յաջողութեամբ կազմակերպելու փաստը ինքնին խօսուն է կազմակերպական արդիականացման ինքնապարտադիր հրամայականին:

Բայց այդ մէկը ամենատարրական՝ արհեստագիտութեան մակարդակին պիտի չմնայ: Հայութեան համարկումը, համահայկականութեան յարացոյցի շղթայազերծումը իր հռետորաբանական սահմանափակումներէն, և, մանաւանդ, Սփիւռքի ինքնուրոյնութեան վերընձիւղման անհրաժեշտութիւնը որպէս նախապայման այդ երկուքի մեկնարկումին կը պահանջէ մտաւորական և գործնական յանձնառութիւն: Այլապէս, և լաւագոյն պարագային, Սփիւռքի արդիականացումը պիտի մնայ զուտ տեղայնական բնոյթի նախաձեռնութիւններու, որոնք գոնէ մինչև հիմա չունին համահայկական զօրաշարժի այն մասշտապը որ ՀՅԴ և իր ուղեկից կազմակերպութիւնները ունին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա Վեհափառը 2022-ը յայտարարեց Սփիւռքի Տարի գիտակցելով որ անկախութենէն երեսուն տարի անց անհրաժեշտ է վերադառնալ դէպի Սփիւռք և վերամտածել անոր յարացոյցը՝ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի դառն փորձառութեան լոյսին տակ: ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի կազմակերպումը կը զուգադիպի Վեհափառի նախաձեռնութեան: Զուգադիպութիւնները կրնան իմաստաւորուիլ եթէ նախաձեռնութիւններ գան անոնց կարևորութեան գիտակցումին փաստը տալու: Այնպէս ինչպէս Հայութեան նոր իրավիճակին գիտակցումը 1907-ին յանգեցաւ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի որդեգրած Կովկասեան Նախագիծի առաջացման, այսօր ալ, ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի նախօրեակին Սփիւռքեան գոյավիճակի գիտակցումը սեղանի վրայ պէտք է դնէ սփիւռքեան օրակարգի, Սփիւռքեան Նախագիծի, ծրագրաւորման և որդեգրման հրամայականը որպէս քաղաքական որոշում:

Խ. Տէր Ղուկասեան

horizonweekly.ca