Փոխարժեքներ
28 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 396.48 |
EUR | ⚊ | € 413.13 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.76 |
GBP | ⚊ | £ 496.79 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.11 |
Փոխարժեքներ
28 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 396.48 |
EUR | ⚊ | € 413.13 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.76 |
GBP | ⚊ | £ 496.79 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.11 |
Նախորդ յօդուածիս մէջ գրած էի.«Լիբանանի չափ տարածքի մը, 5000 կեանքերու, 30-ամեայ պատմական ձեռքբերումի մը կորուստին պատճառ դարձած, սակայն վերընտրութեամբ «վարձատրուած» քաղաքագէտէ մը, մանաւանդ Փաշինեանի հոգեբարոյական խառնուածքի տէր անձէ մը, կարելի չէ ընթացքի փոփոխութիւն կամ բարելաւում ակնկալել: Այդ «շնորհակալագիր»-ը միայն կ՛ամրապնդէ, կը խորացնէ եւ առաւել եւս կ՛աճեցնէ անոր ամենաթողութեան զգացումը, մեծամտութիւնն ու նկարագրի բոլոր յոռի գիծերը, ինչպէս նաեւ` անցնող 3 տարուան քաղաքական էութիւնը, մենատիրութեան ձգտումը»:
Այդ նախատեսութիւնը շատ արագ սկսաւ իրականութիւն դառնալ: Անցնող 3 տարիներուն երկրի Ազգային Ժողովին վերահսկող, ոստիկանութիւնը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ու դատական համակարգը իրենց վերահսկողութեան տակ առած Հայաստանի իշխանութիւնները վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց ստացած «Պողպատեայ լիազօրագիր»-էն ետք, ձեռնարկած են պետական պաշտօնէութեան ջարդի: Պետական գերատեսչութիւններու աշխատակիցները, մարզային իշխանութիւններու ներկայացուցիչները` քաղաքապետերը, անոնց տեղակալները, գիւղապետերը, գիւղական գերատեսչութիւններու աշխատակիցները, վարչութիւններու պետերը եւ այլն, բոլորը դարձած են փաշինեանական իշխանութիւններու թիրախը:
Ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու անդամներէն կամ համակիրներէն կը պահանջուի հրաժարիլ, այլապէս պիտի պաշտօնազրկուին, իսկ մնացեալներուն կը բացատրուի, որ խաղի կանոնները փոխուած են, եւ եթէ կ՛ուզեն շարունակել աշխատիլ, ապա պէտք է հնազանդ ըլլան «փրկիչ»-ին:
Ընդդիմադիրներու ճակատագիրը կը ծառայէ այդ պատգամին ու սպառնալիքին լրջութիւնը ընդգծելու, սարսափի մթնոլորտը ամրապնդելու եւ առաւելագոյն «կարգապահութիւն» ապահովելու: Այս բոլորը կը կատարուին այնպիսի ձեւով մը, որ «ժողովրդավար» Փաշինեանը հեռու կը պահեն անմիջական մեղսակցութեան ամբաստանութենէն, սակայն անոր քաղաքականութիւնը գործադրողները, իրենց սեփական ձեռքերով, կը վերածեն ապագայ քաւութեան նոխազներու:
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակից քուէարկողներուն 53,91 առ հարիւրին կողմէ տրամադրուած «պողպատեայ լիազօրագիր»-ը իրողապէս մենատիրութեան տրամադրուած լիազօրագիր մըն է: Այդ քուէարկողները վարչապետ մը չընտրեցին, այլ` մենատէր մը: Այդ ընտրանքին իբրեւ հետեւանք` ստեղծուած է վատառողջ մթնոլորտ մը, որ տեսականօրէն պիտի գոյատեւէ 5 տարի եւ հետզհետէ «պայծառանայ» ու դառնայ աւելի տեսանելի եւ զգալի:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com
© 2024 Yerkir.am Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։