կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-26 22:39
Սփյուռք

Խմբագրական. Արեւմուտքը կը վերադառնայ Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին

Խմբագրական. Արեւմուտքը կը վերադառնայ Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին

Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նոր նա­խա­գահ ­Ճօ ­Պայ­տը­նի ստանձ­նու­մով, Ա­րեւ­մուտ­քը նա­խան­շան­ներ կու տայ, թէ մտա­դիր է ան­յա­պաղ վե­րա­դառ­նալ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի խնդի­րի կար­գա­ւոր­ման սե­ղա­նին։

­Նա­խորդ վար­չա­կար­գի՝ Թ­րամ­փի ծա­նօթ կա­ռա­վար­ման շրջա­նին, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ մե­կու­սաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն որ­դեգ­րե­ցին մի­ջազ­գա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ, որ ի շարս այլ խնդիր­նե­րու, իր անդ­րա­դար­ձը նաեւ ու­նե­ցաւ Ար­ցա­խի վեր­ջին պա­տե­րազ­մին ու ան­կէ յե­տոյ ըն­թա­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն վրայ, յատ­կա­պէս Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ­Մինս­քի խում­բի բա­ցա­կա­յու­թեամբ ու խնդի­րը հե­ռուէն դի­տե­լու կրա­ւո­րա­կա­նու­թեամբ։

Այժմ, ­Պայ­տը­նի կող­մէ նա­խա­գա­հա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու ստանձ­նու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, եր­կու կա­րե­ւոր քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ կու գան մատ­նան­շե­լու Ա­րեւ­մուտ­քի վե­րա­դար­ձը կով­կա­սեան եւ ընդ­հան­րա­պէս տա­րա­ծաշր­ջա­նի հիմ­նախն­դիր­նե­րու կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին։

Ա­ռա­ջի­նը, ա­մե­րի­կեան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին՝ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար էն­թը­նի Պ­լին­քը­նի՝ ­Գոնկ­րէ­սին ուղ­ղո­ւած ծա­նօթ պա­տաս­խան­նե­րու հնչե­ղու­թիւնն է, ո­րով ան կը յայ­տա­րա­րէ, թէ Ո­ւա­շինկ­թըն հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ­Մինս­քի խում­բի միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն մէջ, նպա­տակ ու­նե­նա­լով ե­րաշ­խա­ւո­րել ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը։ Ան նշած է՝ ­«­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­ր ­պէտք է ա­ռաջ­նոր­դեն դի­ւա­նա­գի­տա­կան ջան­քե­րը՝ հա­կա­մար­տու­թեան յա­րա­տեւ լու­ծում գտնե­լու հա­մար, աշ­խա­տե­լով մեր եւ­րո­պա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ: Ես նոր թափ պի­տի տամ ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան՝ այն­պի­սի մշտա­կան լու­ծում գտնե­լու հա­մար, որ պի­տի ա­պա­հո­վէ ­­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի անվ­տան­գու­թիւ­նը եւ պի­տի օգ­նէ ե­րաշ­խա­ւո­րել, որ նոր պա­տե­րազմ չի բռնկի: Այս պի­տի նե­րառ­նէ մեր գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ­­Մինս­քի խում­բի շրջա­նա­կէն ներս եւ լրա­ցու­ցիչ դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք՝ եր­րորդ կող­մե­րու նոր մի­ջամ­տու­թիւ­նը կան­խե­լու հա­մա­ր»։

Երկ­րոր­դը, ան­ցեալ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի յա­տուկ բա­նա­ձե­ւի որ­դեգրումն է, որ ընդգ­ծած է, թէ Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դի­րի յա­րա­տեւ կար­գա­ւո­րու­մը դեռ գտնո­ւած չէ, խա­ղա­ղու­թեան հաս­նե­լու տա­րա­ծաշր­ջա­նի ա­պա­գայ ի­րա­ւա­կան կար­գա­վի­ճա­կի ո­րոշ­ման գոր­ծըն­թա­ցը պէտք է ի­րա­կա­նա­ցո­ւի Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ­Մինս­քի խում­բի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­գի­ծէն ներս եւ հիմ­նո­ւած ըլ­լայ վեր­ջի­նի ­­Հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րուն վրայ:

Ն­շո­ւած է, որ ­­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ պէտք է ա­պա­հո­վո­ւի հայ­կա­կան բնակ­չու­թեան եւ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան անվ­տան­գու­թիւ­նը, ներ­քին տե­ղա­հա­նո­ւած ան­ձե­րու եւ փախս­տա­կան­նե­րու՝ ի­րենց նախ­կին բնա­կու­թեան վայ­րե­րը անվտանգ վե­րա­դար­ձը:

­Թէեւ, Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի որ­դեգ­րած բա­նա­ձե­ւե­րը պէտք չէ դի­տել որ­պէս ան­մի­ջա­կան քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցի մը կի­րարկ­ման ո­րո­շում, սա­կայն կա­րե­լի է զա­նոնք ըն­կա­լել որ­պէս յստակ ու­ղերձ եւ­րո­պա­կան աշ­խար­հի կե­ցո­ւածք­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ա­մե­րի­կեան մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հետ հա­մընկ­նե­լու նշան­նե­րը ցոյց կու տան։

Ա­րեւ­մուտ­քին հա­մար, ընդ­հա­նուր յայ­տա­րա­րը ռու­սա­կան գոր­ծօնն է, իսկ նո­ւազ մտա­հո­գու­թիւն չի ներ­կա­յաց­ներ նաեւ ­Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս, ա­պա նաեւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն այն­քան ջուր վեր­ցու­ցած ռուս-թրքա­կան ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան մեր­ձե­ցու­մը՝ ի հե­ճուկս Ատ­լան­տեան Ուխ­տի զի­նակ­ցու­թեան եւ Ա­րեւ­մուտ­քի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ըմբռ­նում­նե­րուն։

­Թէ՛ ա­մե­րի­կեան նոր ղե­կա­վա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն, թէ՛ Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի բա­նա­ձե­ւի էու­թե­նէն յստակ կը դառ­նայ, թէ Ա­րեւ­մուտ­քը պի­տի փոր­ձէ զսպել ­Ռու­սիոյ գե­րա­կա­յու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։ ­Միա­ժա­մա­նակ, յատ­կանշա­կա­նօ­րէն եր­կու բա­նա­ձե­ւե­րը կը քննա­դա­տեն ­­Թուր­քիոյ ա­պա­կա­յու­նաց­նող դե­րը, որ ալ ա­ւե­լի կը խա­թա­րէ ­­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի փխրուն կա­յու­նու­թիւ­նը։

­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու դէ­պի մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վե­րա­դար­ձի նա­խան­շան­նե­րը ցոյց կու տան, թէ կով­կա­սեան տա­րա­ծաշր­ջա­նի հիմ­նախն­դիր­նե­րը պի­տի ըն­թա­նան Ա­րեւ­մուտք-­Ռու­սիա նոր հա­կա­մար­տու­թեան մը յոր­ձա­նու­տին մէջ, որ­մէ սա­կայն՝ դրա­կան ակն­կա­լիք­ներ ու­նե­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կրնան բա­ցա­յայ­տո­ւիլ ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցի լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ, Լ. ­Ղա­րա­բա­ղի ինք­նո­րոշ­ման հաս­տա­տու­մով եւ հո­ղա­յին խնդիր­նե­րու կար­գա­ւոր­մամբ։ ­Հոս, գլխա­ւոր դեր կո­չո­ւած է ու­նե­նա­լու Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ­Մինս­քի խում­բի վե­րա­դար­ձը բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նին, գոր­ծըն­թաց մը, որ սեր­տօ­րէն կը քա­ջա­լե­րո­ւի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու եւ Ֆ­րան­սա­յի կող­մէ, վեր­ջի­նը որ­պէս եւ­րո­պա­կան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ար­տա­յայ­տիչ։

Ա­րեւ­մուտ­քի կե­ցո­ւածք­նե­րը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով, հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը պէտք է յստակ քայ­լե­րու դի­մէ, պա­հան­ջե­լու հա­մար Ար­ցա­խեան հիմ­նախն­դի­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի վե­րա­դար­ձը Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ­Մինս­քի խում­բի ձե­ւա­չա­փին մէջ։

­Պար­տո­ւո­ղա­կան ծանր մթնո­լոր­տի ազ­դե­ցու­թեան տակ, ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը բա­ւա­կա­նա­նայ հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագ­րած ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փի սահ­մա­նում­նե­րէն ներս Ատր­պէյ­ճա­նի յա­ռաջ բե­րած՝ ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար լուրջ վտանգ­ներ պա­րու­նա­կող պա­հանջ­նե­րու գո­հա­ցու­մին, ա­ռանց ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հա­մար հիմ­նա­կան գերխն­դիր­նե­րու լուծ­ման, սկսած ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ան­մի­ջա­կան վե­րա­դար­ձէն մին­չեւ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման հաս­տա­տու­մը։

Ա­րեւ­մուտ­քի վե­րաշ­խու­ժա­ցու­մը Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դի­րի լուծ­ման մէջ եւ մեր հան­դէպ դրա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րու զար­գա­ցու­մը, ա՛լ ա­ւե­լի հրա­մա­յա­կան կը դարձ­նեն ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար նոր ղե­կա­վա­րու­թեան մը ե­րե­ւու­մը, որ մեր դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը դուրս պի­տի բե­րէ վեր­ջին տա­րի­նե­րու լճա­ցու­մի եւ ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րու փո­թո­րիկ­նե­րէն, ո­րոնց գի­նը այ­սօր սուղ կը վճա­ռէ Ար­ցա­խը։

­Հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը շատ ա­ռիթ­ներ փախ­ցուց անց­նող եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին։

Ա­րեւ­մուտ­քին կող­մէ վե­րամ­շա­կո­ւող մի­ջազ­գա­յին հե­տաքր­քու­թեան լոյ­սին տակ, ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մը եւ բա­նակ­ցա­յին նոր ռազ­մա­վա­րու­թեան մը մեկ­նար­կը կը պա­հան­ջեն նաեւ ու­նե­նալ պար­տո­ւո­ղա­կան եւ ան­հա­կակշ­ռե­լի զի­ջում­նե­րու հո­գե­բա­նու­թե­նէն ձեր­բա­զա­տած, ա­պա ազ­գի ու պե­տու­թեան հա­մար կեն­սա­կան շա­հե­րը սպա­սար­կող նոր ու յան­դուգն ղե­կա­վա­րու­թիւն։

azator.gr