կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-29 09:36
Քաղաքական

Մի՛շտ Արամի ճամբով

Մի՛շտ Արամի ճամբով

Բծաւոր տիֆով վարակուած՝ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԵԱՆ աչքերը յաւիտենապէս փակեց Երեւանի մէջ, 102 տարի առաջ, այսօր, Յունուար 29, 1919-ին։

 

Քանի, քանի՜ ճակատներու վրայ ան պարտութեան մատնեց Թուրքին՝ Վանէն մնչեւ Երեւան։ Սարդարապատեան ճակատամարտերով ան կերտեց մեր անկախութիւնը, հիմնեց մեր պետութիւնը, կայունացուց մեր երկիրը։

 

Մեր դիցաբանութեան Վահագնը չէր, սակայն ան վճռեց մեր արդի պատմութեան ճակատագիրը։ Յարդգողի ճանապարհը գծող աստուածը չէր, սակայն գծեց մեր ժողովուրդի անկախութեան ճանապարհը։ Մեր հին աստուածներու պանթէոնին չէր պատկանէր, սակայն ան գլխադիր քուրմը եղաւ մեր ազատագրական պայքարի բագինին։

 

Արամը անզուգական էր, նոյնիսկ անկրկնելի։ Անոր ծնունդը երկունքն էր Հայկական Լեռնաշխարհին։ Ան ծնաւ մեր լեռնաշխարհի սրտէն՝ Արցախի մէջ։ Ան կրեց մեր լեռներու ոգին ու կամքը։ Ան շալկեց մեր բազմաչարչար ժողովուրդի ազատատենչութեան կանչը։

 

Ան իջաւ վար մեր լեռներէն՝ բոցավառելու հայկական յեղափոխութեան մեծ խարոյկը։ Ան գործեց մեր ժողովուրդին մէջ, մեր ժողովուրդին հետ, եւ մեր ժողովուրդին համար։ Ան կռուեցաւ մեր հայրենի հողին վրայ՝ Հայաստանին հետ ու Հայաստանին համար։

 

Ան Վահագն աստուածը չէր, սակայն դարձաւ մեր անկախութիւնը նուաճողը եւ պետութեան հիմնադիրը։ Իր շունչով, իր կամքով, իր ոգիով, իր վճռականութեամբ՝ Արամը դարձաւ մեր նոր Վահագնը..., եւ գծեց ի՛ր Ճամբան, որ է՚ եւս մեր Ճամբան։

 

Մի՛շտ Արամի Ճամբով...

Սեդօ Պոյաճեան