կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-24 22:40
Սփյուռք

Քաղաքական շնականութիւնը Սահմանադրական դատարանի ճամբով

Քաղաքական շնականութիւնը Սահմանադրական դատարանի ճամբով

Քաղաքական շնականութեամբ, մարդկային ու քաղաքացիական իրաւունքներու շղարշով, այս իշխանութիւնը մոլորեցուց բոլորին՝ տիրանալու համար պետութեան ղեկին։ Այսօր, նոյն քաղաքական շնականութեան խաղով տագնապը կը կեդրոնացուի սահմանադրական ճգնաժամին վրայ՝ ծածկելով իշխանութեան հետապնդած իսկական նպատակները։

Սահմանադրական ճգնաժամի ահազանգը, որքան ալ ճիշդ ու մտահոգիչ, կը ծառայէ թագցնելու այս իշխանութեան խաղին իսկական դիմագիծն ու թիրախը։ Ի վերջոյ ինչո՞ւ թիրախ դարձաւ Սահմանադրական Դատարանը, ճիշդ այնպէս ինչպէս երկու տարի առաջ թիրախաւորուած էին մարդու իրաւունքներու եւ կաշառակերութեան հարցերը։ Պէտք է թափանցել սահմանադրական ճգնաժամի վարագոյրէն անդին, որովհետեւ հո՛ն կը գտնուի այս իշխանութեան դաւադրութեան էութիւնը։

Այս իշխանութիւնը գիտակցաբար եւ ամենայն հանրայայտութեամբ ոտնակոխեց սահմանադրական եւ օրինական բոլոր տրամադրութիւնները՝ տիրանալու համար երկրի արդարադատական համակարգին։ Այսպէս, Յունիս 22-ի արտահերթ նիստին, Ազգային Ժողովը առաջացուց իրաւական զանցառումների եւ օրէնքի տրամադրութեանց դիտաւորեալ անտեսումներու վատ նախընթաց մը։

Կատարուածը իրաւական ու ժողովրդավար պետութեան մը անյարիր՝ օրինականութեան բացայայտ խախտումներու շարան մըն էր։ Ազգային Ժողովը հակասահմանադրական յաջորդական որոշումներ կայացուց՝ օրինականացնելու համար իր յաջորդող հակասահմանադրական քայլը։ Ազգային Ժողովի մեծամասնական «Իմ քայլը» կուսակցութիւնը փոփոխութեան ենթարկեց ընթացակարգային այն օրէնքը, որ կը պայմանաւորէ առաջին ընթերցանութեամբ որդեգրուած օրինագծի մը յղումը Հանրապետութեան Նախագահին՝ առ ի հաստատում եւ, ի յարկին,  յղում Սահմանադրական Դատարան՝ առ ի սահմանադրական համատեղելիութիւն։ Այս փոփոխութիւնը ըստ էութեան թէ՛ հակաօրինական էր եւ թէ հակասահմանադրական, որովհետեւ զայն հիմնաւորող ընթացակարգը կը բխի սահմանադրական տրամադրութենէ։

Ասոր զուգահեռ, ի բացակայութեան Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր կուսակցութեանց պատգամաւորներու, «Իմ քայլ»ականները միայնակ ու միաձայնութեամբ առաջին ընթերցանութեամբ որդեգրեցին սահմանադրական փոփոխութեան նախագիծ մը, որ փոփոխութեան կ՚ենթարկէ Սահմանադրական Դատարանի անդամներու պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին վերաբերող Սահմանադրութեան 213-րդ Յօդուածը։

Հիմնուելով ընթերցուած օրինագիծ մը Հանրապետութեան Նախագահին յղելու պայմանին շրջանցումը կատարող փոփոխուած ընթացակարգային օրէնքին վրայ, Ազգային Ժողովը ուղղակի դիմեց երկրորդ ընթերցումի եւ ապա որդեգրեց սահմանադրական փոփոխութեան նախագիծը՝ իբրեւ սահմանադրական նոր օրէնք։ Կը մնար ստանալ ստորագրութիւնը Հանրապետութեան Նախագահին, որ զայն կատարեց կամակատարութեամբ։

Այս գործընթացին մէջ սահմանադրական մեծագոյն խախտումը այն էր, որ Դատական համակարգին վերաբերող Սահմանադրութեան 7-րդ Գլուխի տրամադրութիւնները ո՚չ Ազգային Ժողովը, ոչ կառավարութիւնը եւ ոչ ալ դատարանը կրնան փոփոխութեան ենթարկել։ Այդ իրաւասութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին՝ հանրաքուէի միջոցով։

Պարզ է, սակայն, տեղի ունեցածը։ Հայաստանի Գործադիր ու Օրէնսդիր իշխանութիւններու տիրութիւնը վայելող մեծամասնութիւնը, Հանրապետութեան Նախագահի մեղսակցութեամբ,  օրինախախտումով տիրացան Սահմանադրական Դատարանը իրենց համախոհ դատաւորներով «լեցնել»ու (court-packing) ուժին։

Անշուշտ նոր չէ նման փորձ եւ միայն Հայաստանին յատուկ չէ։ Միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան գործադիր իշխանաւորներ՝ վարչապետներ կամ նախագահներ, որոնք փորձութեան մատնուած են դատական իշխանութիւնը հակակշռելու, որպէսզի իրենց որդեգրած հակասահմանադրական որոշումները սահմանադրականութեամբ պիտակաւորուի։

Դատական համակարգը համախոհներով «լեցնելու» (court-packing) փորձի ամենէն հանրայայտներէն է Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ֆրէնքլին Տելանօ Ռուզվելթի ծրագիրը։ Երբ Ամերիկայի Գերագոյն Ատեանը հակասահմանադրական հռչակեց Ռուզվելթի կարգ մը ծրագիրները, ան դիմեց օրէնսդրական նախաձեռնութեան մը, որպէսզի կարենայ յաւելեալ դատաւորներ նշանակել Գերագոյն Ատեանի ինը անդամներուն վրայ։ Այս նախաձեռնութիւնը, «1937-ի Դատական Ընթացակարգերու Բարեփոխման Օրինագիծ»ը (Judicial Procedures Reform Bill of 1937), մուծուեցաւ Քոնկրէսի օրակարգին մէջ։ Ծերակոյտը, որ Ռուզվելթի Դեմոկրատ կուսակցութեան մեծամասնութիւնը կը վայելեր, սահմանադրական որոգայթներ նկատեց օրինագծին մէջ։ Առ այդ, Դեմոկրատները ընդդիմացան Դեմոկրատ նախագահի այս նախաձեռնութեան։ Անոնք ամիսներով այս օրինագիծը ձգձգումի խաղին ենթարկեցին։ Ծերակոյտի Արդարադատական յանձնաժողովին մէջ 165 օրեր սպասելէ ետք, Ռուզվելթի օրինագիծը մեռաւ։ Հակառակ իր բարձր ժողովրդականութեան ու Քոնկրէսի մէջ վայելած իր Դեմոկրատ մեծամասնութեան, թ՛է ժողովուրդը եւ թէ Քոնկրէսի անդամներ սահմանադրական վտանգներ տեսան այդ օրինագծին մէջ եւ առ այդ՝ ընդդիմացան իրենց Նախագահին։

Հայաստանի Ազգային Ժողովը եւ Հանրապետութեան Նախագահը նման իմաստութիւն չցուցաբերեցին, դժբախտաբար։ Թէ՚ պատգամաւորները, թէ նախագահը եւ թէ կառավարութիւնը չուզեցին տեսնել իրենց ներկայացուցած նախագծին սահմանադրական վտանգները։

Հարցը, սակայն, իմաստութեան բացակայութենէն անդին, կը կայանայ այս իշխանութեան քաղաքականութեան հետապնդած բուն նպատակներուն մէջ։ Տակաւին հազիւ իշխանութեան հասած, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սկսաւ ջատագովել ներկայ արդարադատական համակարգը «անցումային արդարադատութեան» համակարգով փոխարինելու գաղափարը։ Սակայն այս գրոհը չկրցաւ տեղ հասնիլ։

Մինչ այդ ժամանակը կը թաւալէր։ Սահմանադրական Դատարանը իւրացնելու գործը կ՚ուշանար։ Ուշացման մտահոգութիւնը անպայմանօրէն չի վերաբերիր կարգը մը անձնաւորութիւններու դէմ հաշուեյարդար կատարելու գործին։ Այդ գործը ինքնին Վարչապետի քաղաքական շնականութեան խաղի քօղարկումին կը ծառայէր։

Մտահոգութիւնը աւելի խոր, աւելի անդին եւ աւելի թագուն պահուած օրակարգին ուշացումին կը վերաբերէր։

Պէտք է յիշել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ զոյգ «արձանագրութիւններ»ու՝ Փրոթոքոլներու պարագան։ Հակառակ օրուան գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու համամտութեան, Սահմանադրական Դատարանը քննեց այդ արձանագրութիւնները՝ ըստ էութեան, եւ զանոնք հակասահմանադրական գտաւ։ Սահմանադրական Դատարանի այդ որոշումով սպառեցան ու մահացան այդ Փրոթոքոլները։

Քաղաքական շնականութեան թաքուն օրակարգը կրկին պիտի բախի Սահմանադրական Դատարանի մեկնաբանութեան ու վճռին։ Այս անգամ, պէտք չէ դոյզն իսկ տարակուսանքը ունենալ, թէ ի՞նչ պիտի ընէ Վարչապետի համախոհներով լեցուած նոր Սահմանադրական Դատարանը։

Իսկ թագուն օրակարգին նպատակնե՞րը։ Սկսէք Արցախէն, գացէք Թուրքիոյ հետ Հայաստանի ներկայ սահմաններուն, ապա այցելեցէք Հայութեան իրաւազրկան վերացման աշխարհը...։

Սեդօ Պոյաճեան

Յունիս 24, 2020

Լոս Անճելըս