Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կորոնավիրուսը կը շարունակէ իր յաղթական երթը։ Վարակուածներու թիւի համեմատութիւնը բարձր է՝ բաղդատած այլ երկիրներու։
Ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իր ապրուստի չնչին եկամուտն իսկ կորսնցուցած է։ Ապրանքերը արուեստականօրէն կը թանկանան։ Իշխանաւորները կը թելադրեն չմտահոգուիլ, որովհետեւ աղքատը արդէն կարողութիւն իսկ չունէր տուեալ թանկացած ապրանք իր սովորական արժէքով գնելու։ Աւելին, եթէ ապրանք մը թանկացած է, քաղաքացին պէտք է զայն փոխարինողը փնտռէ։ Տնտեսագիտութեան այսպիսի ծիծաղելի տեսութիւններով կ՚առաջնորդուի կառավարութիւնը, որուն դոյզն իսկ հոգը չէ ժողովուրդին ֆինանսական ու առողջապահական կացութիւնը։
Իշխանաւորները նաեւ դարձած են մէկական գիտնականներ ու բժիշկներ։ Անոնք համավարակի դէմ կը պայքարին ո՚չ թէ համավարակը կասեցնելու սոցիալական, կանխարգիլական, բժշկական ու գիտական միջոցներով, այլ՝ քաղաքացիներուն անհատական անձեռնմխելիութիւնը բռնաբարող համատարած օրէնքներով։
Իր կարգին, պարգեւատրումն ալ կը շարունակէ իր յաղթական երթը։ Ի վերջոյ կորոնավիրուսը լուրջ վտանգ չէ առողջապահութեան նախարարին համար, բայց արդէն իսկ ան սկսած է դիմակով պաշտպանել ինքզինք։ Դարձեալ, ի վերջոյ որո՞ւ շունն է այս կորոնավիրուսը, որուն պիտի յաղթենք՝ իշխանաւորները պարգեւատրումով սպառազինող «թուխով»... ։
Պարգեւատրումը սքանչելի զէնք, որ պէտք է կրէ իւրաքանչիւր իշխանաւոր՝ յանուն լաւ կառավարման, իսկ այս օրերուն, յանուն՝ կորոնավիրուսի դէմ պայքարի նուաճման։
Եւ այսպէս, Ազգային Ժողովը կը շարունակէ պարգեւատրուելու պայքարը։ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան մի քանի օր առաջ, Ապրիլի 2-ին, ստորագրեց պարգեւատրումի նոր կարգադրութիւն մը, որ ԱԺ-ի աշխատակազմին մէջ պետական ծառայողներու ու աշխատակազմի որոշ աշխատողներուն նոր պարգեւատրումներ կը կատարէ։ Այս կարգադրութեան մէջ պարգեւատրումի տոկոսային չափը տակաւին չի նշուիր, բայց այդ կարեւոր չէ, թերեւս գաղտնիք է։ Կարեւո՛րը, առանց թափանցիկութեան ու ժողովուրդի տեղեակութեան, պարգեւատրումով իշխանաւորներուն զինելն է, որպէսզի պայքարը համավարակին դէմ աւելի ուժեղանայ։
Չմոռնանք, երկու շաբաթ առաջ, Մարտի 25-ին, նոյն Միրզոյեանը պարգեւատրումի մէկ այլ կարգադրութիւն ստորագրած էր։ Այս մէկը պատգամաւորներու համար էր։ Այս կարգադրութեան համաձայն, ԱԺ-ի պատգամաւորները պարգեւատրուեցան դրույքի 30%-ի չափով:
Այսպէս, իշխանաւորները գիտակից են մահուան եւ կեանքի մասին։ Անոնք ընտրած են կեանքի ճամբան՝ ընդդէմ մահուան։ Այսինքն, պարգեւատրումի ճամբան՝ ընդդէմ կորոնավիրուսի։
Ուրեմն, յստակ է հանրութեան սպասարկողներու ուղին - կորոնավիրուսը ի՛ր ճամբով, պարգեւատրումը ի՛ր ճամբով։ Կամ, ինչպէս Լեւոն Շանթ պիտի ըսէր, «մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով»։
Սեդօ Պոյաճեան
Ապրիլ 6, 2020
Լոս Անճելըս