Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն իր ստեղծման տարիներէն ի վեր ունեցած է աշակերտական եւ ուսանողական միաւորներ, որոնց մէջ հայ յեղափոխաշունչ երիտասարդութիւնը թրծուած է ազգային ազատագրական գործին մէջ եւ առաջ տարած է հայկական խնդրի լուծման համար լայնածաւալ գործունէութիւն պատմական տարբեր պայմաններու եւ իրավիճակներու մէջ: Սփիւռքի տարածքին Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տասնամեակներուն կազմաւորուած երիտասարդական ուխտերը, աշակերտական միութիւնները եւ ուսանողական խմբակները յետագային վերածուեցան ամրակուռ միութիւններու, որոնք կը շարունակեն գործել նոյն ճանապարհով:
Հ.Յ.Դ. աշխարհասփիւռ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւնները ներկայիս կը գործեն աւելի քան 20 տարբեր շրջաններու եւ երկիրներու մէջ։ Համահայկական այս ցանցին աշխատանքները համակարգելու եւ համադրելու նպատակով կը գործէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը, որուն հիմնական գործառոյթն է դաշնակցական երիտասարդականի հայեցակարգի եւ ռազմավարութեան մշակումը, որ կը ճշդէ Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի ուղղութիւնը եւ առաջնահերթութիւնները եւ սոյն ուրուագիծէն ներս ընդհանրական ծրագիրները։
Հայկական իրականութեան մէջ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական համահայկական կազմակերպուած ցանցն իր ազդեցութեան գօտին կ’ընդլայնէ երկու հիմնական մակարդակներու վրայ՝ ներազգային կազմակերպական եւ արտաքին յարաբերական։
Ներազգային իմաստով հայրենիքէն ներս եւ կամ սփիւռքեան տարբեր գաղութներու մէջ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միաւորները եւ միութենական անդամները կը հանդիսանան ներկայացուցիչներ եւ դեսպաններ, որոնք կը պաշտպանեն ազգային-պետական շահերը եւ նկարագիրը, ինչպէս նաեւ մեր հարազատ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ կը ձեւաւորեն հանրային առողջ կարծիք, կ’իրազեկեն օրուայ կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին եւ առիթներ կը ստեղծեն այդ խնդիրներուն շուրջ ստանձնելիք հաւաքական յանձնառութեանց վերաբերեալ։
Իսկ արտաքին ճակատին վրայ, մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր միութիւն իր շրջանէն ներս կը բարձրաձայնէ եւ կը ներկայացնէ հայ ազգի դիմագրաւած հիմնախնդիրները տուեալ երկիրի հասարակութեան լայն շերտերու եւ պատկան մարմիններու մօտ։ Այսպիսով՝ միջազգային մակարդակի վրայ կը ջանայ ստեղծել հայանպաստ մթնոլորտ եւ տրամադրութիւններ։
Ազգային կեանքի կազմակերպման գործին մէջ Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի համահայկական ցանցն ունի իր ուրոյն դերակատարութիւնը: Առաջադրանք ունի առհասարակ հայութեան եւ յատկապէս հայ երիտասարդութեան ներուժը կուտակելու եւ յստակ ու ճշդուած գործի ուղղելու՝ համազգային նպատակներու իրականացման ի խնդիր։
Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը, Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքեան ցանցով բոլոր հնարաւոր միջոցներով 2020 թ․ յանձնատուր պայմանագրի ստորագրութենէն մինչեւ այսօր անդուլ կը պայքարի ներկայ իշխանութեանց դէմ եւ կը շարունակէ պաշտպանել Արցախի մեր հայրենակիցներուն ինքնորոշման իրաւունքը: Մեր ցանցը կը գործէ ապակեդրոն, բայց ունի յստակ գաղափարական եւ ռազմավարական կեդրոնացում, որ երաշխաւորն է մեր գործունէութեան արդիւնաւէտութեան:
Հ.Յ.Դ. երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները հիմք ունենալով նոյնինքն այդ ռազմավարական ուղղութիւնները՝ մասնաւորաբար Արցախեան 44 օրեայ պատերազմէն ետք գործունէութեան հիմնական կիզակէտ դարձուցին Արցախի Հանրապետութիւնը եւ վտանգուած ՀՀ Սիւնիքի մարզը:
Արցախի համապարփակ ծրագիրը համախմբեց Դաշնակցութեան համահայկական երիտասարդական ներուժը եւ կեդրոնացուց Արցախի վերականգման աշխատանքներուն վրայ: Պատերազմէն ետք Հ.Յ.Դ. երիտասարդները առաջինն էին, որ իրենց ֆիզիքական ներկայութեամբ արցախահայութեան կողքին եղան, ճիշդ, ինչպէս պատերազմի ժամանակ մարտի ճակատի խրամատներուն մէջ էին: Արցախի համար ուժերու լարումը եւ երիտասարդական ու ուսանողական միութիւններու ներուժի եւ միջոցներու կուտակումը առաջնային են առ այսօր, սակայն պարտադրուած շրջափակումը կ’արգիլէ հարիւրաւոր երիտասարդներու գործնական ներկայութիւնը Արցախ, որոնք ամէնամեայ դրութեամբ հոն կ’ըլլային տարատեսակ ծրագիրներ իրականացնելու համար:
Հայկական հարցը թաղել ուզող ՀՀ ներկայ իշխանաւորները եւ անոնց վարած պետականակործան եւ ապազգային քաղաքականութեան հետեւանքները վտանգած են Մայր Հայաստանն ամբողջութեամբ, Սիւնիքի մարզին առաւելաբար կը սպառնան պանթուրքական ախորժակները, որոնք նպատակ ունին հայութեան ոչնչացումը: Դաշնակցական երիտասարդութիւնը գործօն դիմադրութիւն ցուցաբերելով այս ընթացքին՝ իր ներկայութիւնը գօտեպնդեց Սիւնիքի մէջ՝ մնայուն գործիչի ճամբով եւ լծուեցաւ տեղական կառոյցներու ամրապնդման աշխատանքին: Հ.Յ.Դ. Հ.Ե.Մ.-ի հետ համագործակցաբար Հ.Յ.Դ. աշխարհասփիւռ երիտասարդական մարդուժը համխմբուեցաւ՝ գործուղումներու, երիտասարդական տարատեսակ միջոցառումներու եւ հետեւողական ու նպատակային կերպով Սիւնիքը դարձուց առաջատար օրակարգ մեր աշխարհացրիւ ընկերներուն համար՝ թափ տալով «Դէպի Երկիր» կարգախօսի գործնական դրսեւորումներուն:
Ի մասնաւորի Արցախի մէջ յետպատերազմեան անկումային տրամադրութիւնները երիտասարդութեան մատնած էր յուսալքութեան եւ արտագաղթի միտումներու: Գիտակից ըլլալով, որ ընկերային եւ տնտեսական բարօրութիւնն ու կայունութիւնը հիմնական գրաւականներէն են Արցախի հայաթափման դէմ պայքարին, երիտասարդական գրասենեակը «Վերելք» ծրագիրը իրականացուց, որուն հիմնական նպատակն է ձեռներէց երիտասարդներուն նեցուկ կանգնիլ՝ իրականութիւն դարձնելու համար իրենց պիզնես գաղափարները եւ այսպիսով նպաստելու թէ՛ իրենց անհատական աճին եւ թէ՛ Արցախի զարգացման գործին: Նմանատիպ հիմնաւորումներով եւ 2021 թ Արցախի մէջ արձանագրած յաջողութեան պատճառով Սիւնիքի մէջ ծրագիրը եւս կայացաւ 2022 թ: «Վերելք»-ը այն եզակի նախաձեռնութիւններէն է, որ դիմորդ երիտասարդներուն առաջին հերթին կը տրամադրէ բաւականաչափ գիտելիքներ՝ կայուն հիմքի վրայ կառուցելու իրենց ապագայ ձեռնարկատիրութիւնը եւ առաջնային կը համարէ երիտասարդութեան նեցուկ հանդիսանալը, բայց ոչ բարեգործութեամբ, այլ գործօնութեան խթանմամբ, այդ իսկ պատճառով տրամադրուող յատկացումները առանց տոկոսի վարկեր ձեւակերպուած են: «Վերելք»-ին ճամբով հնարաւոր է ստեղծել համակարգ մը՝ ընկերային եւ տնտեսական զարգացում ապահովող՝ երիտասարդութեան դերակատարութեան բարձրացման հեռանկար ունենալով եւ երկարաժամկէտ կտրուածքով Արցախի ու Հայաստանի մէջ փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութիւններու միջավայրի մը ստեղծման նպաստելու համար:
Այս հիմնական ծրագիրները, որոնք նշեցինք, վերնագիրներն են գործունէութեան շղթայական բնոյթ կրող փոքր եւ ոչ այդքան փոքր աշխատանքներու, որոնք Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը կ’իրականացնէ մեր հայրենիքի անվտանգութեան դիտանկիւնէն ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող շրջաններու մէջ: Մեր ընդհանուր աշխատանքի սահմանումները լայն են՝ արտաքին յարաբերական գործունէութենէն մինչեւ դաստիարակչական սեմինարներու կազմակերպում, բողոքի ցոյցերէ ու երթերէ մինչեւ պատանիներու ախոյեանութիւններ եւ վարիչներու վերապատրաստման դասընթացներ: Համահայկական համագումարներ եւ ուսանողական ուսումնասիրական մրցանքներ: Բնագաւառները բազմաթիւ են, եւ մասնակիցները՝ այլազան, նպատակը մէկն է՝ հայ երիտասարդներ, պատանիներ եւ ուսանողներ համախմբել Դաշնակցութեան դրօշի տակ եւ ազգավայել գործերու շուրջ:
Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը պատուով ստանձնած է ազգային- ազատագրական պայքարը նորոգելու յանձնառութիւնը: Առաջին հերթին արդիականանալով՝ ձեռք բերել հմտութիւններ անհրաժեշտ ոլորտներուն մէջ, գաղափարականանալ, յեղափոխական մտածելակերպով եւ գործնական դրսեւորումներով մարտունակ երիտասարդական կորիզ դառնալ։ Այսպիսի երիտասարդութիւնն է, որուն շուրջ համախմբուելով՝ քաղաքական, յարաբերական եւ դիւանագիտական աշխատանքները կ’արդիւնաւորուին։ Հայ դատը իր հանգրուաններով եւ հիմնահարցերով կը պահանջէ մեզմէ պատրաստ ըլլալ՝ իրական պայքար մղելու եւ մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները պաշտպանելու բոլոր ճակատներուն վրայ։
Մեր աշխարհագրութիւնը ցիր ու ցան է, բայց մեր գաղափարական հենքը կ’արմատանայ հայկական բարձրաւանդակին վրայ: Մեր ցանցը ընդարձակ է, բազմահազարանոց, կարգապահ եւ նպատակասլաց: Այն խոչընդոտները, որոնք այսօր մեր արդար երթին կը բախուին, պիտի ընկրկին մեր ուժականութեան եւ յամառութեան դիմաց: Քանի որ կայ կամք, գործին ատակ եւ պատրաստուած մարդուժ, նպատակի նկատմամբ հաւատք եւ նուիրում, համախմբուածութիւն եւ ծրագիր․ ո՛չ մէկ բան, ո՛չ մէկ իշխանութիւն, ուժ կամ նոյնիսկ պարտադրուած աշխարհակարգ կրնայ խանգարել մեր ընթացքը: Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի պայքարը մեր ամբողջական իրաւունքներուն համար, մեր ինքնորոշման եւ ինքիշխանութեան պահպանման ի խնդիր՝ յարատեւ կռուի նշանաբանով կ’առաջնորդուի, նոյն անոր հեղինակ Քրիստափորեան նուիրումով: Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի որեւէ անկիւն Դաշնակցութեան գաղափարի շուրջ հաւաքուած երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը դիմադրութեան կորիզներ են՝ ընդդէմ կեղեքողներու եւ բռնակալներու, օտար ըլլան անոնք, թէ հայ:
Արշակ Մեսրոպեան
Հ․Յ․Դ․ Բյուրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու