Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
10 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբի նորակառոյց սրահի բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Բենիամին Պչաքճեան եւ Յակոբ Խաչերեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսան Մաթոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Զալքա- Ամարեթ Շալհուպի քաղաքապետ Միշել Ասսաֆ Մըր, Ժտէյտէ- Սատ Պաուշրիէի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետ Ռեմոն Աթիէ, Անթիլիասի քաղաքապետ Էլի Ապու Ժաուտէ, նաեւ յիշեալ շրջաններու քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, թաղապետներ, քահանայ հայրեր եւ հրաւիրեալներ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին անունով հայերէնով խօսք առաւ տոքթ. Յակոբ Մելէքեան: Ան նկատել տուաւ, որ սրահ մը ունենալու ծրագիրը տասը տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի, եւ իրերայաջորդ կոմիտէներ ձեռնարկներ եւ դրամահաւաք կազմակերպած են այս նպատակին իրագործման համար: Ան յայտնեց, որ երբ ներկայ կոմիտէն որոշում տուած է ակումբին կից յարկաբաժինը գնել եւ սրահ կառուցել, տնտեսական դժուարին պայմաններու հանդիպելով դիմած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, որ անմիջապէս ընդառաջելով դիմումին յատկացուցած է որոշ գումար մը: Տոքթ. Յակոբ Մելէքեան յայտնեց, որ յարկաբաժինի նորոգութեան համար օժանդակած են բարերարներ եւ բարեկամներ: Ան ըսաւ, թէ սրահ կառուցելու նպատակը շրջանին մէջ երկրորդ սրահ մը ունենալն է` օգտակար հանդիսանալու համար շրջանի ժողովուրդին: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար հանդիսացան ծրագիրի յաջողութեան:
Ապա ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին անունով արաբերէնով խօսք առաւ Ալեքս Պուարի: Ան նկատել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը հիմնուած է 129 տարի առաջ, երբ հայ ժողովուրդը կարիքը ունէր անոր, եւ հիմնադրուած օրէն ի վեր ՀՅԴ-ն ինքզինք նուիրած է հայ ժողովուրդի ծառայութեան` նեցուկ կանգնելով, ապահովութիւն ներշնչելով եւ ոչ մէկ ճիգ խնայելով` օգտակար դառնալու բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու համար, առանց խտրութիւն դնելու բանուորին, մշակին եւ մտաւորականին միջեւ: «Դաշնակցութիւնը խոստացաւ եւ իրագործեց: Երբեմն հանդիպեցաւ դժուարութիւններու, սակայն շարունակեց իր առաքելութիւնը` դիմագրաւելով ամէն տեսակի դժուարութիւններն ու վտանգները», հաստատեց Ալեքս Պուարի` աւելցնելով, որ այս ուղիով քալեց Դաշնակցութիւնը տարիներ շարունակ եւ այսօր շարունակելով իր առաքելութիւնը նիւթապէս ու բարոյապէս սատար հանդիսացաւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան սրահի բացման յաջողութեան: Եզրափակելով իր խօսքը` Ա. Պուարի իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան ծրագիրի յաջողութեան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին սկիզբը ըսաւ. «Անցեալ տարի այս օրերուն էր, երբ տակաւին երեսփոխանական ընտրութիւններէն քանի մը շաբաթ առաջ, այս ակումբին մէջ խոստացայ, որ յառաջիկայ տարի Զալքայի ժողովրդային տունը, ուր կը գործեն «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը, ԼՕԽ-ը, պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւնները, պիտի օժտուի նոր յարկաբաժինով»: Բագրատունի ուրախութիւն յայտնեց, որ խոստումը յարգուեցաւ, եւ շրջանի ընկերները կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ յաջողեցան պատրաստել ակումբը, հակառակ անոր որ նիւթական դժուարութիւններու հանդիպեցան: Բագրատունի կրկնեց, որ առաջին ուրախութիւնը այն է, որ խոստումը կատարուեցաւ, իսկ երկրորդը, որ շրջանի հայութեան համար յաւելեալ տեղ ստեղծուեցաւ, որ իւրաքանչիւրը իր տան կողքին ունենայ աւելի ընդարձակ տուն մը եւս, որ ըլլայ իւրաքանչիւր հայու, իւրաքանչիւր հայ պատանիի եւ երիտասարդի տունը, որ ըլլայ այն ապաստարանը, ուր մեր պատանիներն ու երիտասարդները գան` հեռու մնալու համար այսօրուան կեանքի բոլոր տեսակի մոլութիւններէն: Պաշտպանուելու հոս, պաշտպանուելու բախտախաղի մոլութենէն, թմրեցուցիչի մոլութենէն, զանազան տեսակի ախտավարակ մոլութիւններէն եւ պահել կարենալու պահպանելու մեր հայկական ընտանեկան սրբութիւնները, որոնց հետեւելով մեծցանք եւ որոնք աւանդ կը ձգենք գալիք սերունդներուն: «Այս ժողովրդային տունը, ակումբը ձեր տունն է: Այս շրջանի մէջ բնակող բոլոր հայերուն տունն է: Երբ բոլոր հայերուն տունը կ՛ըսեմ, յատուկէն կ՛ըսեմ, որ այս տունը պէտք է ըլլայ, այնպէս ինչպէս մեր բոլոր ակումբները, իւրաքանչիւր հայու տուն անկախ իր գաղափարական ուղղութենէն` դաշնակցական ըլլայ ան, թէ հնչակեան, ռամկավար, կամ բարեգործական, անկախ իր յարանուանութենէն` առաքելական, կաթողիկէ կամ աւետարանական, որովհետեւ մեր հիմնական նպատակը այս ակումբներուն մէջ եւ այս ակումբներուն ճամբով դաշնակցական մարդը պատրաստելը չէ, այլ` հայկական ինքնութեան պահպանումը ապահովելն է, իւրաքանչիւր հայու հայկականութիւնը ապահովելն է, իսկ թէ ինքը իր հաւատքին կը ծառայէ, անիկա արդէն այլ խնդիր է, որուն մէջ մենք չենք մտներ, երբ կը խօսինք ժողովրդային տան մասին», հաստատեց Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ այս ակումբը, ժողովրդային տունը պէտք է ապրի, բարգաւաճի: Ամէն օր այստեղ պէտք է ժողովուրդ ըլլայ, մեր պատանիներն ու երիտասարդները պէտք է գան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ այս տեղերը նուազ գեղեցիկ չեն դուրսի այն տեղերէն, որոնք մեզի հաճոյքին հետ նաեւ կու տան վտանգը, սպառնալիքը մեր ամբողջութեան, մեր կեանքին, հայութենէն մեր հեռացման: Բագրատունի մաղթեց, որ ասիկա առիթ մը ըլլայ, որ մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս խմբուի եւ այս տունը վերածէ ընդհանրական տան` վստահեցնելով, որ քանի մը ամիս ետք Նաքքաշի շրջանին մէջ կ՛ունենանք աւելի մեծ կեդրոն մը` աւելնալու Նաքքաշի «Մարուխեան» կեդրոնին վրայ, նաեւ յոյս յայտնելով, որ կ՛ունենանք այլ մեծ հաստատութիւն մը Անթիլիասէն վեր բնակող հայութեան համար, «որովհետեւ մեր ձգտումը հայերը մեր քով բերել չէ, այլ` մենք իրենց մօտ երթալն է, հոն ուր որ են իրենց հետ ըլլալու, իրենցմով զօրանալու եւ զիրենք զօրացնելու կարիքը կայ», եզրափակեց Յակոբ Բագրատունի:
Ան նաեւ արաբերէնով շնորհակալական խօսք ուղղեց Զալքա- Ամարեթ Շալհուպի, Ժտէյտէ- Սատ Պաուշրիէի, Ժալ Էլ Տիպի, Անթիլիաս-Նաքքաշի քաղաքապետներուն, որոնք ներկայ էին հանդիսութեան` շեշտելով, որ ինք այդ բոլորը մէկ քաղաքապետութիւն կը նկատէ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ միասին, որովհետեւ բոլորին թիրախը քաղաքացիին եւ մարդուն պահպանումն է: «Ձեր ներկայութիւնը եւ հետեւողական զօրակցութիւնը ո՛չ միայն ակումբներ, կեդրոններ հիմնելու, այլ նաեւ մարզական, մշակութային եւ մարդկային գործունէութիւններուն օժանդակելու իմաստով, մենք կ՛արժեւորենք այնպիսի ձեւով, որուն նպատակն է կերտել լիբանանցի քաղաքացին` ծագումով հայ, թէ ոչ հայ» հաստատեց Յ. Բագրատունի` շեշտելով, որ երբ բոլորս միասնաբար նեցուկ կը կանգնինք կառուցողական ծրագիրի մը, կեդրոնի մը, այդ կեդրոնը շրջանի բոլոր քաղաքացիներու տրամադրութեան տակ, նաեւ բոլորիս տրամադրութեան տակ պիտի ըլլայ: Ան եզրափակելով իր խօսքը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` յոյս յայտնելով, որ միշտ մեր կողքին մնան` միասնաբար շարունակելու համար մեր առաքելութիւնը:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: