կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2020-12-06 14:10
Սփյուռք

Չգրուած դասագիրքեր

Չգրուած դասագիրքեր

Նոր սերունդի ստացած կրթութեան ամենացայտուն ու յատկանշական գիծը Հայոց պատմութեան, բայց նաեւ անոր առնչուող  շրջակայ ազգերու պատմութեան  շատ թերի իմացումն  է: Այսօր պատանիներ կան, որոնք հայկական երկրորդական վարժարան կ’աւարտեն առանց հայոց պատմութեան տարրական գիտելիքի:

Այս տխուր երեւոյթին պատճառը մէկ կողմէ  դասագիրքերու  պակասն է, միւս կողմէ պատմական նիւթերու յատկացուած պահերու  առաձիգ կրճատումը:

Անցած դարու կէսերուն Ազգային վարժարաններու մէջ կը կիրարկուէին պատմութեան երեք դասագիրքեր՝ Հայոց պատմութեան, Ընդհանուր ազգաց պատմութեան  եւ Կրօնի, որ ձեւով մը հրեայ ու շրջագայ ազգերու պատմութիւնն էր: Իմ աերնդակիցներս այս բոլորին աւելի կամ պակաս իմացութեամբ ալ կ’աւարտէին ազգային նախակրթարանը: Որմէ ետք, երկրորդականի ողջ տեւողութեան Հայոց պատմութեան գիրք չեմ ունեցած:

Եւ այս երեւոյթը հետագային դարձաւ     սփիւռքահայ կրթական կեանքի կոտտացող վէրքը,   որ պատշաճ  դարմանում չստացաւ բնաւ. Հայոց պատմութեան ամբողջական ու համադիր դասագիրքերու շարքի   բացակայութիւնն է այդ: Տրուած  լուծումները միշտ ալ խեղճուկրակ կարկտաններ եղան ու մինչեւ այսօր ալ կը մնան շատ մաշած կարկտանի  մակարդակին, քանի ոչ մէկ անհատ, ոչ մէկ խմբակ  կամ իշխանութիւն ունեցաւ ամբողջակաան շարք մը պատրաստելու տեսլականը:  Նոյնը չենք կրնար ըսել Հայոց լեզուի համար, որ  աւելի բախտաւոր եղած է դասագիրքերու առումով: Իսկ Հայոց պատմութեան պարկեշտ  իմացումը,--պէտք կա՞յ յիշեցնելու,--  նոյնքան կարեւոր է, որքան լեզուինը  հայեցի դաստիարակութեան ծիրէն ներս:

Այս համատարած թշուառութեան մէջ  լուսաւոր փարոսի մը պէս կը յիշեմ  Սիմոն Սիմոնեանի Հայոց պատմութեան  նախակարթարանի հրաշալի շարքը, որ լայն կիրարկութիւն ունէր այդ տարիներուն, սակայն չես գիտեր ինչու, ո՛ր ապիկար որոշումով՝  ան շիջեցաւ նոյն ինքն Սիմոնեանի ողջութեան՝ առանց սակայն փոխարինող մը ունեցած ըլլալու: Քիչ մը տարօրինակ կը հնչեն   այս բոլորը, բայց եւ այնպէս ա՛յս է իրողութիւնը՝ մեր ազգային ու կրթական բարքերու մէկ ցաւալի ցուցիչը:

                                                            *   *   *

1984-ին փորձ  եղաւ  լուծում մը տալու այս կացութեան:

Իբրեւ առաջին քայլ՝  որոշուեցաւ նոր երթ մը տալու Սիմոնեանի շարքին, եւ առ այս Ազգային ուսումնական խորհուրդի եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անունով  յանձնառութիւն ստացայ  դիմելու հեղինակին,  որուն դասագիրքերը յափըշ- տակած էի նախակրթարանի տարիներուս, իսկ զինք անձամբ ճանչցած էի  1962-ին:

Մեր հանդիպումը տեղի ունեցած էր հետեւեալ պայմաններուն մէջ:

Գրած էի յօդուած մը, որով կը դիմէի Ազգային իշխանութիւններուն, որ  նիւթական քիչ մը «աւելի լաւ պայմաններ ստեղծէին  հայ ուսուցիչներուն համար», եւ տարի զայն «Ազդակ»,– որու խմբագրատունն ու տպարանը այն օրերուն  կը գտնուէին Ռիատ Սոլհի հրապաարակին վրայ, ս. Նշանի վերելքին ճիշդ սկիզբը՝ ձախին,–   ու յանձնեցի զայն թերթի տէր եւ տնօրէն Հայկ Պալեանին:

Անցաւ երկու շաբաթ, եւ յօդուածս չտպուեցաւ:

Շաբաթ մըն ալ սպասելէ ետք հանդիպեցայ խմբագրատուն:

–Օ՜,–  ձայնեց Պալեան շատ բարեհամբոյր շեշտով՝ ցոյց տալով աթոռ մը:

Երեւոյթներէն դատելով ենթադրեցի, թէ մոռացում մը տեղի ունեցած է, եւ ա՛յդ է որ պիտի յայտնէ ինծի՝ միւս օրն իսկ յօդուածս  անյապաղ հրատարակելու խոստումով: Սակայն այդպէս չեղաւ: Ան խօսեցաւ բոլորովին ուրիշ բաներու մասին՝ եզրակացնելու համար, որ  «չի կրնար տպել յօդուածս»: Եւ քնքշութեամբ աւելցուց.

–Տղա՛ս, պէտք չէ, սակայն,  նեղուիս, շարունակէ գրել, միայն թէ նման հարցերը մեզի՛ ձգեցէք, «մենք» կը լուծենք զանոնք, դուք ի՛նչ պիտի ընէք...

Մենք՝ Ազգ. վարժարաններու ուսուցիչներս  էինք,  սակայն «իրենք» ո՞վ էին՝ մինչեւ հիմա ալ չեմ հասկցած:

Դուրս ելայ եւ ուղղուեցայ  Սեւան հրատարակչատուն, որ էր նաեւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագրատունը  եւ հազիւ 50 մեթր անդին էր, նոյն հրապարակին վրայ,  քիչ մը ներս քաշուած: Որոշած էի անպայման հրատարակել յօդուածս,  որովհետեւ այն ատեն կը հաւատայի, որ  յօդուածով կարելի էր...«պայմաններու բարելաւում» կորզել:

Ահա այստեղ էր, որ ճանչցայ Սիմոն Սիմոնեանը. լայնկեկ, միջահասակ, դիւրաշարժ, խիտ ու երկար մազերով, պճլտուն աչքերով ու բամբ ձայնով, միջին տարիքի տաքուկ մարդ մը:   Ան առաւ յօդուածս, բազմեցաւ, քթախոտ մը քաշեց, աչք մը նետեց  էջերուն,   հասաւ աւարտին ու տեսաւ...ծածկանունս:

–Այս ծածկանունը արդէն կիրարկող եղած է,– ըսաւ՝ շուարումի մատնելով զիս,– պէտք է ընտրես ուրիշ մը...կամ հրատարակենք բուն անունովդ:

Եւ յօդուածս տպուեցաւ ուրիշ ծածկանունով մը:

                                                                               *   *   *      

 Եւ հիմա՝ 22 տարի ետք, այս նոր հանդիպումը:

Ո՛չ ինք յիշեց մեր առաջին հանդկիպումը, ո՛չ ալ ես ակնարկեցի անոր:

Շարժումները դանդաղած էին,  քիչ մը աւելի լայնցած էր, մազերը թեթեւցած ու տեղ-տեղ ճերմկած էին. աչքերն ալ նոյնը չէին, սակայն կը պահէր ձայնին հնչեղութիւնն ու ջերմութիւնը:  Փութացի ներկայացնել  մեր առաջարկը:

Ուրախացաւ,  աչքերը պահ մը վերագտան իրենց փայլը ու պճլտացին, անյագօրէն ներս քաշեց քթախոտի պտղունց մը եւ...խոստացաւ  գլուխ հանել գործը: Ուրեմն  ան պիտի  վերանայէր ու վերաթարմացնէր նախակրթարանի իր երբեմնի շարքը: Ա՛յս էր վերին մարմիններու ներկայացուցած  առաջարկը, իսկ  ռազմավարութիւնը այն էր, որ հիմա  նախ ունենանք  շարքի առաջին հինգ-վեց հատորները, յետոյ կամ մինչ այդ կը մտածենք մնացեալ  կարգերու մասին  եւս:

Եւ  Սիմոնեան  խանդավառ փարեցաւ գործին, երբ  արդէն...70 տարեկան էր:

Ատենը մէյ մը կը հեռաձայնէր՝ աւետելու համար  շարադրած պրակին մասին, եւ կը խնդրէր, որ անպայման առնեմ ու «աչքէ անցընեմ» զայն՝ կարմիր մատիտ ի ձեռին: Քանիցս ըսի իրեն, որ  պատմութեան բնագիր դատելու ոչ մէկ յարմարութիւն ունիմ եւ պատեհ չէ, որ ե՛ս ըլլամ իր ձեռագիրը կարդացողը: Օգուտ չըրաւ:

Իր բնակարանը  կը գտնուէր իմինիս ճամբուն վրայ, այնպէս որ երեկոները գործէս արձակուելէ ետք  դիւրաւ կը հանդիպէի՝ ստանձնելու  վերջին թողօնը եւ միաժամանակ յանձնելու «աչքէ անցուցածս»: Եւ այսպէս  աւարտին հասաւ առաջին տարին ու յանձնուեցաւ տպարան՝ շուտով ի կիր արկանելու համար:

Երկու յատկանշական մանրամասնութիւններ:

–Ոչ մէկ ատեն նուազագոյն ակնարկութիւնը  եղաւ պատուագինի կամ, ըսենք, շահաբաժինի՝ վաճառքէն  գոյանալիք գումարներէն:

–Ոչ մէկ ատեն առաջարկեց, որ հատորները լոյս տեսնեն իր սեփական տպարանէն:

                                                                      *   *   *

Ուրեմն բոլորիս ուրախ տրամադրութեան ներքեւ Սիմոնեան սկսաւ շարադրել երկրորդ հատորը, որ կ’ընթանար առաջինին աշխուժով ու հետքերով, ինչպէս նաեւ ինծի հաճելի այցելութիւններովս:  Մեր հանդիպումները կը տեւէին մօտաւորապէս մէկ ժամ, մինչդեռ  կրնայի մէկ վայրկեանէն ալ ստանձնել պատրաստած պրակները կամ վերադարձնել  կարդացածներս:

Պարզ է, որ ժամանակը կ’անցընէինք...«զրոյցով»:

Մեր յարաբերութեան այս մէկ-մէկուկէս տարիներուն, չես գիտեր ինչու,  գրեթէ ամէն անգամ ալ սխալ կու տար մականունս:

Տէր Եղիայեան, – կը կոչէր զիս:

Եղիայեան, պարո՛ն Սիմոնեան,– իսկոյն կը  սրբագրէի:

–Հա՛, ներողամիտ եղիր,– կը կրկնէր միշտ:

Սակայն այս կրկնութիւնները օգուտ  չէին ունենար: Յաջորդին,  երբեմն ալ նո՛յն հանդիպումին իսկ,  կը վերադառնար ի՛ր «գիտցած»-ին[1]:

                                                                                        *   *   *

Կը պատահէր, որ  քովը գտնուած միջոցիս հանդիպէր իր մէկ ծանօթը:

Պաշտօնապէս կը ներկայացնէր զիս  անոր՝ առանց մոռնալու ասպարէզս եւ  «Տէր Եղիայեանը»,  որ այս պարագային  կը խուսափէի սրբագրելէ:

Եւ անպայման կ’աւելցնէր՝ զիս շոյած ըլլալու համոզումով.

–Տոքթորը սքանչելի զրուցակից մըն է,– վանկ առ վանկ շեշտելով՝ ըս-քան-չե-լի:

Ես թաքուն քմծիծաղով մը կը  դիմաւորէի իր այս արժեւորումը, որ բնաւ իրականութեան չէր համապատասխաներ, քանի որեւէ ատեն «զրուցակից»  չեմ եղած իրեն. այն ամբողջ   ժամը, որ կ’անցընէի հետը, ինք կը խօսէր, ու ես յափշտակուած մտիկ կ’ընէի՝ վախնալով  ընդմիջելու զինք, քանի այնքան շատ ու հետաքրքրական բաներ ունէր պատմելիք: Հազիւ երբեմն կցկտուր հարցում մը կ’ուղղէի ու այսքա՛ն միայն:

Հաւանաբար Սիմոնեան կ’ուզէր խնայել ինծի «սքանչելի ունկնդիր»-ի  խեղճուկ կարգավիճակը ու կը մեծարէր «զրուցակից»-ով: Ի՞նչ իմանաս,–պիտի ըսէր Աղբալեան:

                                                                   *   *   *

Ուրեմն երկրորդ հատորի բնագիրը աւարտած էր, երբ անակնկալօրէն անհանգստացաւ:   Ցաւօք,  շատ չտեւեց,  եւ ան   բաժնուեցաւ մեզմէ:

Վարչութեան հերթական ժողովին  զեկուցեցի  ընկերներուս եւ աւելցուցի, որ կը մտածեմ դիմել գաղութիս յարմար ուժերէն մէկուն՝ պատշաճ հարցարան մը շարադրելու համար: Այդպէս ալ եղաւ. Բ. հատորի հարցարանը սիրայօժար ստանձնեց  տիկին Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանը, որ ձեռնհասօրէն գլուխ հանեց զայն,  եւ ձեռագիրը իսկոյն յանձնեցինք տպագրութեան:

Իսկ նախատեսուած շարքը այնուհետեւ ոչ մէկ ամբողջացնող եղաւ:


[1] Հիմա՝ տասնամեակներ ետք  կը յիշեմ, որ յօդուածիս իբրեւ փոխնորդ ծածկանուն  նշանակած էի Տէր Յակոբեան մականունը, որ կը յենէր քահանայ մեծ հօրս՝ Տէր Յակոբի անունին վրայ: Ուրեմն, կրնա՞յ ըլլալ, որ Սիմոնեանի ենթագիտակիցին մէջ այդ ծածկանունէն դրոշմուած էր մասնիկ մը, որ կը վերայայտնուէր ամէն զիս տեսնելուն...եւ ինչո՞ւ չէ:

Արմենակ Եղիյեան