կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-18 14:08
Սփյուռք

55 Տարիներ՝ Անմոռանալի Յիշատակներ

55 Տարիներ՝ Անմոռանալի Յիշատակներ

Լաւ ուսուցիչ մը կը բացատրէ

Շատ լաւ ուսուցիչ մը կը խանդավառէ

Բացառիկ ուսուցիչ մը կը ներշնչէ

Իսկ Տիկին Գարմէնը կեանք կը փոխէ


55 Տարիներ՝ Անմոռանալի Յիշատակներ


Բոլորիս մէկ հատիկ աննման մեր Սիրելի Տիկին Գարմէն.

Ամէն մէկս սնուցանած իր զաւկին նման առաջին օրէն.

Երազային ճանապարհը սկսած 1953 թուին,

Երբ տակաւին լուսնի վրայ մարդու ոտքի հետքեր իսկ չկային:

 

Կը ներկայացնես ամէն բան, որ աշխարհի վրայ ճիշդ պէտք է ըլլայ,

Նման ես երկնքի այն աստղին, որ միլիոնէն միայն մէկը կ'ըլլայ.

Սերունդներ դաստիարակած համբերատար եւ ժպտադէմ քու երեսով,

Ի՜նչ բախտաւոր եղած ենք մենք, որ քեզ վայելած ենք համով հոտով:

 

Յաճախ դասաւանդած ես քու նախկին աշակերտի մը զաւակը,

Երբեմն նոյնիսկ կարգը հասած է, որ ձեռքէդ անցնի անոր թոռնիկը.

Քանի՞ մանկապարտէզի աշակերտ կ'ունենայ այս պատիւն ու բախտը,

Որ վայելեն ու ըմբոշխնեն քեզի պէս Պրիժիթ Պարտօ մը:

 

Տիկի՛ն Գարմէն, մեր մէջ դրոշմած ես կեանքի ամենակարեւոր արժանիքը,

Որ շատ աւելի խորքը կ'երթայ, քան քու նշանաւոր «փիկ-փիկը»:

Շատ աւելի մեծ հրճուանք էր դասարանիդ մէջ մնալ,

Քան դուրս ելլել զբօսանքի՝ գնդակ ու աչխփուկ խաղալ:

 

Խամաճիկներով կը ներկայացնէիր անմոռանալի պատմութիւններ հայկական,

Հիմա կը հասկնանք, անոնք մե՛նք էինք, մեզի կ'ուղղէիր դէպի փայլուն ապագան.

Ա՜խ, այս ինչ բախտաւոր եւ օրհնուած ենք եղեր բոլորս շնորհիւ քեզի,

Տիկի՛ն Գարմէն, դուն եղած ես անփոխարինելի գանձ մը եզակի:

                                                                                                                                                                                                                        Վարանդ Վարդապետեան