կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-29 11:12
Քաղաքական

Զարթնի՛ր, լաօ՛․․․Ահազանգը Դարձեալ կը Հնչէ

Զարթնի՛ր, լաօ՛․․․Ահազանգը Դարձեալ կը Հնչէ

Ժամանակն է զարթնումի, աւելին, մալխասեան ապրումներով եւ յուշերով՝ ԶԱՐԹՕՆՔի ։

Սփիւռքահայուն համար՝ «Զարթի՛ր, լաօ՛»: Նմանապէս հայրենիքի մէջ շնչող ազատատենչ եւ արդարամիտ հայորդիին համար՝ «Զարթնի՛ր, լաօ՛»․․․

«Զարթնի՛ր, լաօ՛»-ն սոսկական երգ-պատմութիւն մը չէ: Անիկա բազմիցս հնչած է անկախութեան վերահաստատումէն առաջ ու ետք, հիմա տարբեր երանգով կը շարունակէ հնչել յետ-թաւշեայ յեղափոխութեան Հայաստանին մէջ, սկսելով վերատեսութեան ենթարկուած ու այլանդակուած՝ հայերէնի կրթութեան ծրագիրէն, հասնելու համար բազմաթիւ այլ ոլորտներ, որոնք մաս կը կազմեն մեր ապրող հայրենիքի կեանքին:

«Զարթնի՛ր, լաօ՛»-ն 1890-ականներուն, Մուշի մէջ աշուղ Ֆարհատի կողմէ յօրինուած տոհմիկ, ազգագրական եւ հայրենասիրական երգ մըն է, որ կը դրուատէ խիզախ ֆետայի Արաբոյի սխրանքն ու քաջագործութիւնները՝ շրջանի թուրք ոճրագործ կառավարիչներուն դէմ։

«Մշեցու երգ», «Քաջ Արաբոյի երգ» կամ պարզապէս «Արաբոյի երգ» ճանչցուելէ ետք, այս երգին իմաստն ու ըմբռնումը հետզհետէ շատ աւելի լայն տարածք գտաւ։ Բառերն ալ որոշ փոփոխութիւններ կրեցին, երգը ստացաւ համազգային դիմագիծ, եւ հիմա արդէն ծանօթ է «Զարթի՛ր, լաօ՛» խորագիրով։ Զայն նո՛յն ոգիով կ’երգեն հայրենաբնակ եւ արտերկրացի հայերը: Պատմութիւնը կը յուշէ, որ մօտաւորապէս 130 տարի առաջ, 1893-ին, Կոփի մէջ (Մուշի շրջան), դաւադիր ծուղակի մէջ իյնալով, Արաբօ եւ իր խումբը նահատակուեցան, մինչեւ վերջին փամփուշտ բուռն պայքար մղելէ ետք։ 44-օրեայ պատերազմն ալ նորօրեայ թակարդ մըն էր…

Աւելի քան դար մը ետք, ահաւասիկ «Զարթի՛ր, լաօ» երգն ու գաղափարը դարձեալ կը հնչեն հաւասարապէս Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Այս երգին բառերով, թշնամիին դարաւոր սպառնալիքներէն ծնած ահազանգը դարձեալ կը հնչէ:

«Զարթնի՛ր, լաօ՛»… Առաջին հերթին, ահազանգը կը հնչէ Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութեան ականջին դիմաց, նախարարութիւն մը, որ ինչպէս զինք ընդգրկող վարչախումբը՝ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին իրականութիւններէն խզուած է կարծէք, անոնցմէ հեռու ինկած է եւ անտեղեակ կը թուի ըլլալ։ Նորագոյն օրինա՞կը…եւ որքա՜ն ստուար է այս թղթածրարը: Քանի մը օր առաջ, Ուրուկուայի նախագահը անձամբ բողոք ներկայացուց Անգարայի, երբ «գայլապետ» Էրտողանի արտաքին գործոց նախարարը՝ Չաւուշօղլու, ոտնակոխելով քաղաքական եւ փրոթոքոլային ամէն սկզբունք, խումբ մը հայ ցուցարարներու դէմ գրգռիչ շարժումով մը, իր մատներով սպառնալիք ուղղեց՝ համաթուրանականութեան խորհրդանիշ «Գորշ Գայլեր»-ու նշանը ցոյց տալով, գործնապէս փաստարկելով, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ահաբեկչական խմբաւորում մըն է: Չմոռնանք, որ «Գորշ Գայլեր»-ը աշխարհի բառարանին մէջ արձանագրուած են իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Հայաստանն ու հայաշխարհը շաբաթ մը ետք դեռ սպասումի մէջ են, որպէսզի Երեւանի վարիչները ձայն մը հանեն նման աններելի ժեսթի մը դէմ, տեսնելով, որ իրենց հետ բանակցութեան սեղան նստողները ինչպիսի՜ «դրական նշաններ» ցոյց կու տան հայ-թրքական բարեկամութեան հողը պատրաստելու պահուն…

«Զարթի՛ր, լաօ՛»… Ուրուկուայահայ գաղութի զաւակները խմբուած էին ցասում արտայայտելու համար ցեղասպաններու ժառանգորդ եւ ցեղասպանութիւն շարունակող վարչախումբին ներկայացուցիչին դէմ: Բողոքը ուղղուած էր նաեւ Չաւուշօղլուն հիւրընկալող տեղացիին դէմ, որովհետեւ բացայայտ դիտաւորութեամբ՝ 23 Ապրիլին կատարուած էր Մոնթեվիտէոյի մէջ թրքական դեսպանատան բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։

«Զարթնի՛ր, լաօ՛»… Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդեօք տեղեա՞կ է, թէ Ուրուկուայը եղած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնը, 1965-ին, երբ ազգովին՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի չորս ծագերը միասնաբար կը նշէինք Ցեղասպանութեան 50-ամեակը:

Չաւուշօղլուի սպառնական շարժուձեւերը պէտք էր ցնցէր եւ զգաստութեան հրաւիրէր նաեւ նոյնինքն վարչապետը։ Բայց նման ակնկալութիւն մանկամտութիւն է, որովհետեւ ան բարձրաձայն կերպով յայտարարեց, թէ Ցեղասպանութեան հարցը Սփիւռքին կը վերաբերի:

Ոեւէ հայ, իրաւունք ունին հարց տալու, թէ արդեօք կարելի չէ՞ր անմիջականօրէն հակադարձել Անգարային եւ դժգոհութիւն յայտնել, թէ՝ Չավուշօղլու անցած էր «կարմիր գիծ»-ը, ինչպէս ըրած էր իր սուլթանամէտ ղեկավարը, յայտարարելով, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Կարօ Փայլանը դաւաճան մըն է եւ այդ գծով ալ պիտի դիմուի «այլ միջոցներու»։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ Փայլան յանդգնած էր ժողովրդավա՜ր Թուրքիոյ մէջ յիշեցում մը եւս կատարել Ցեղասպանութեան մասին եւ առաջարկ ներկայացուցած՝ որ Թուրքիայէն հեռացուած հայերու եւ յոյներու առիթ տրուի՝ վերականգնելու հպատակութեան իրաւունքը:

«Զարթնի՛ր, լաօ՛»… Ահազանգը հասցէագրուած է ո՛չ միայն Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութեան, այլեւ ամբողջ «Իմ Ք(գ)այլ»-ական շարժումին , անկախ անկէ, թէ անոնց գոյնը գո՞րշ է, թէ՞ թաւշեայ, որպէսզի զգաստանան, դուրս գան թրքական այս ու անհատնում սպառնալիքներուն դէմ կրաւորական եւ անտարբեր մնալու ընթացքէն, որ կը մտրակահարէ մեր պետականութեան եւ հայրենիքին ոչնչացման ընթացքը։

25 Ապրիլէն ի վեր, զարթնած է «լաօ»-ն. շարժման մէջ է Հայաստանը, Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր քաղաքներ: Օրը մօտեցած է հայրենիքը վերջնականապէս ձերբազատելու կործանարար վարչախումբէն։ Սփիւռքն ալ պարտաւոր է համապատասխան շարժում սկսելու, որովհետեւ զարթնումի կոչերը ուղղուած են նաեւ Սփիւռքին: Հայաստանի ընդդիմադիներէն առաջ, անիկա հնչեց Արցախի խորհրդարանէն արձակուած միաձայն յայտարարութեան ճամբով:

Ահազանգը կը հնչէ այն իմաստով, որ հնչած էր Արաբոյի օրերուն.

Սուլթան կ՚ուզէ ջնջել մըզի,
Զարթի՛ր, լաօ՛, մըռնի՛մ քըզի։

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական


hairenikweekly.com