Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Նոյնինքն ազերիին համար կատարուածը անհասկնալի եւ շինծու «սենարիօ»՝ բեմադրութիւն մըն էր։
Ի՞նչ պայմաններու տակ կազմակերպուած էին Փետրուար 9-ի Ատրպէյճանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները։ Ո՞վ էր այդ որոշումին ետին կեցող անձը կամ կազմակերպութիւնը։
Ընդհանրապէս «արտակարգ ընտրութիւններ» հասկացողութիւնը կը ներկայացնէ դրական փոփոխութիւն մը կամ աւելի ճիշդը՝ բարեշրջում մը։
Ատրպէյճանի պարագային, այս արտակարգ ընտրութիւնները կատարուեցան որոշուած թուականէն ինն ամիս առաջ, այդ պայմանաւորումով եւ պատճառաբանութեամբ, որ երկրին մէջ լայնածաւալ տնտեսական բարեփոխումներ պիտի կատարուին։
Այո՛, այդ արտակարգ ընտրութիւնները «կարգաւորուած» էին, տեղի ունեցածը պարզապէս չափուած ու ձեւուած անթափանցիկ թափանցիկութիւն մըն էր, որուն պատկերն ու եզրակացութիւնը յստակ էր։ Արդարեւ, ընտրութիւններէն ետք, 125 երեսփոխաններէն 87 վերստին ընտրուած էին, որոնց կարգին՝ ներկայ ղեկավարութեան հլու կամակատար «ծեր աղուէսներ»-ու խումբ մը, որուն միջին տարիքը կը գերազանցէ 75 գարունները։
Նոյնիսկ մատի վրայ հաշուող քանի մը այլախոհներու ընտրութիւնը մաս կը կազմէր այս ձախող բեմադրութեան։ Արդարեւ, Վուկար Պայրամով եւ Էրքին Կատիրլի զարմանալիօրէն իրենց շրջաններէն ներս զօրաւոր ընդդիմութեան չհանդիպեցան եւ կրցան ընտրուիլ։ Թէ ապագային ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ այս բուռ մը այլախոհներու գործունէութիւնը․․․ մանաւանդ, որ ընտրուած են նաեւ «անկախ» թեկնածուներ, որոնք գրեթէ բոլորն ալ սերտ կապեր ունին ղեկավարութեան վրայ գտնուող Ալիեւ ամոլին «Երիտասարդ Ատրպէյճան» կուսակցութեան հետ։
Ալիեւ ամոլին միտք բանին այն էր, որ կանխաւ ու շտապ ընտրութիւն կատարելով, ընդդիմութիւնը առիթ չունեցաւ կազմակերպուելու: Դեռ աւելին, 2015-ին ընտրողներուն 56 առ հարիւրը մասնակցած էր, մինչդեռ այս անգամ Ատրպէյճանի բնակիչներուն կէսէն աւելին՝ 52 առ հարիւրը չէր ուղուած քուէատուփ։
Ուրիշ այլախոհ քաղաքական վերլուծաբան մը՝ պերլինաբնակ Ալթայ Կոյուշեւ, առանց բառերը ծամծմելու, ընտրութիւններուն մասին արտայայտուելով յայտնեց, թէ ներկայ ղեկավարութիւնը այլեւս բարոյական հեղինակութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղի համար պայքարելու։
Եւրոպացի դէտերը մօտէն հետեւեցան այս արտակարգ ընտրութիւններուն եւ, առանց յապաղելու եւ տատամսելու, հաստատեցին, որ երկրէն ներս կը պակսին քաղաքական հասուն քննարկումներն ու յատկապէս ժողովրդավարական չափանիշները։
Հետեւաբար անակնկալ մը չէր Եւրոպայի Խորհրդարանական Վեհաժողովի դիտորդներու բանաձեւը․ «Ատրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւնները չեն համապատասխաներ եւրոպական ժողովրդավարական չափանիշերուն եւ զանոնք կարելի չէ նկատել բնակչութեան ազատ կամքի արտայայտութիւն»։
Շատ աւելի սուր քննադատական էր Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութեան ղեկավարին մէկ արտայայտութիւնը․ «Ընդդիմադիր թեկնածուներու մեծամասնութեան արտօնուած էր միայն մասնակցիլ , բայց ո՛չ յաղթական դուրս գալ»։
Իսկ միջազգային մարդկային իրաւունքներու գրասենեակին համար, պարզ ու մեկին, այս ընտրութիւնները բոլորովին ժողովրդավարական սկզբունքերէն հեռու էին։ Արձանագրուած էին օրէնքի լուրջ խախտումներ։
Հաւանաբար այս անցուդարձերուն լոյսին տակ, Ալիեւ շաբաթ մը ետք, Միւնիխի մէջ եւրոպացի իր գործընկերներուն եւ յատկապէս Հայաստանի պատուիրակութեան հետ տեսակցութեան ժամանակ յստակօրէն պրկուած ու զայրացած էր։
hairenikweekly.com