կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-14 11:13
Առանց Կատեգորիա

«Հայրենիք»ի խմբագրական. Եւ դեռ ժխտե՞լ …

«Հայրենիք»ի խմբագրական. Եւ դեռ ժխտե՞լ …

«Պատմութեան հին էջերէն թշնամութիւն ստեղծելն ու նոր հարցեր յառաջացնելը ներկայ աշխարհին մէջ անընդունելի է եւ հեռու՝ ապագայի միասնական կառուցման տեսլականէն»

Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան

…Եւ դեռ այս բանաձեւը վաւերացուեցաւ հակառակ Էրտողանի եւ իր հլու կամակատարներու՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժող եւ դրժող 1915.gov.tr կայքի հաստատման, որուն դիմաւորող էջին վրայ տեղադրուած են այս խօսքերը, բնականաբար սուլթանամէտ նախագահին նկարով:

Յերիւրածոյ եւ խեղաթիւրող տեղեկութիւններով, փաստաթուղթերով, արխիւներով եւ լուսանկարներով լեցուն այս կայքը հիմնելով, Էրտողանի վարչամեքենան կը կարծէր եւ դեռ ալ կը կարծէ, որ պիտի կարենայ համոզել օտարը:

«Թայմինկ»-ն ալ յիշատակելի էր: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ ամերիկեան Ծերակոյտին կողմէ այն օրերուն (Դեկտեմբեր 9) երբ 1948-ին Ռաֆայէլ Լեմքինի մտայղացած Մ.Ա.Կ.-ի Ցեղասպանութեան համաձայնագրի ու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը կը նշուէր:

Այդ օրերուն, երբ հաւաքներ կը կատարուէին թէ՛ կրթական եւ թէ՛ գիտական միջոցներով ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման հիմնահարցերն ու մարտահրաւէրները ուսումնասիրելու, «Այլեւս երբեք»-ի դրօշը պարզելու եւ կանխելու որեւէ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՒՒՆ…Այդ օրերուն է, որ Ծերակոյտը ի վերջոյ, առանց անձնական քմահաճոյքներու, մութ հաշիւներու ետին թաքնուած «ո՛չ»-ի եւ «վեթօ»-ներու՝ ընդունեց բանաձեւը:

Ծերակուտական Մենենտէս յամառօրէն կառչած էր այդ բանաձեւը շարունակական հերթականութեամբ առաջադրելու: Նախապէս անոր ներկայացուցած բանաձեւին դէմ ելած էին յաջորդաբար Լինզի Կրահամ, Տէյվիտ Փըրտու եւ Քեւին Քրէյմըր, որոնց կեցուածքին մասին կարելի է երկար հետազօտութիւններ կատարել եւ եզրակացութիւններու յանգիլ:

Այսպէս, Ներկայացուցչական Տունէն ետք, Ծերակոյտն ալ պատշաճօրէն հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման մերժումը, նաեւ պաշտօնական ճանաչումն ու յիշատակութիւնը: Աւելի՛ն. վայրագութիւններու կանխարգիլման օժանդակելու համար, այս բանաձեւով կանաչ լոյս տրուեցաւ աջակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դաստիարակութեան։

Հուսկ, ժամանակն է, որ գործադիր իշխանութիւնը միանայ օրէնսդիր մարմինին եւ Սպիտակ Տունն ալ առանց երկմտանքի եւ յետին հաշիւներու՝ իր կարգին ճանչնայ այս բանաձեւը:

hairenikweekly.com