կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-09-28 12:31
Քաղաքական

«Հայրենիք»ի խմբագրական. Այցելութեան մը առթիւ

«Հայրենիք»ի խմբագրական. Այցելութեան մը առթիւ

Շատ բան գրուեցաւ Հ.Հ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Միացեալ Նահանգներ եւ յատկապէս հայահոծ Լոս Անճելըս այցելութեան նախօրեակին: Միեւնոյն թափն ալ շարունակուեցաւ այցելութեան ժամանակ, ապառնին վերածելով ներկայի:

Նիւ Եորքի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնի բեմահարթակէն Փաշինեանի խօսքը կրնայ նոյնքան հետաքրքրութիւն չստեղծել հայորդիին համար, համեմատած Լոս Անճելըսի հանրահաւաքին: Ի վերջոյ, Քալիֆորնիոյ մէջ հայը հայուն հետ կը զրուցէր, մինչդեռ Մ.Ա.Կ.-ի մէջ տարբեր է կացութիւնը: Փաշինեան օտարին է, որ ներկայացուց վերանկախացման 28-ամեակը բոլորած Հայաստանը:Բնականաբար, հայորդին կրնար ենթադրել ու կռահել, թէ Նիւ Եորքի մէջ, Մ.Ա.Կ.-ի բեմահարթակէն, Փաշինեան ինչպիսի՞ ելոյթ մը պիտի ունենար: Եւ այդպէս ալ եղաւ, մինչդեռ Քալիֆորնիոյ մէջ, տասնեակ հազար հայորդիներու դիմաց շատ աւելի դժուար պիտի ըլլար հեզասահ խօսիլն ու զանազան հարցերու շուրջ արտայայտուիլը: Ի վերջոլ, հոն գտնուող «Լիթըլ Արմինիա»-ն այդքան ալ փոքր ու գաճաճ չէր եւ դեռ աւելին, միայն Հայաստանէն գաղթած զանգուած մը չէր, որ հոն ներկայացած էր, այլ զանազան շրջաններէ՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Լատին Ամերիկայէն ժամանած իբրեւ երկրորդ սփիւռքեան հանգրուան մը ստեղծած «Նէօ-Քալիֆորնիահայ»-ն ալ եկած էր ունկնդրելու եւ տեսնելու Հ.Հ. վարչապետը:

Դժուար է խոր վերլուծում մը կատարելը, մինչդեռ շատ դիւրին է քննադատական եւ յատկապէս գնահատական խօսքեր արտայայտելը: Դեռ աւելին, վերլուծելէ աւելի, գերխրթին է մէկ առ մէկ մանրամասնօրէն քննարկելը:

Յստակ էր, թէ այդ մթնոլորտին մէջ կարելի է ելոյթ մը շուտով «շօ»-ի վերածել: Սակայն, նաեւ պէտք է ընդունիլ, թէ այդպիսի պայմաններու տակ ստեղծուած հաւաք մը արդէն իսկ նոյնինքն «շօ» մըն է, որմէ դուրս գալը շատ աւելի դժուար է, մանաւանդ որ կրկին պէտք է նշել, թէ ներկաներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը եկած է այն համոզումով, որ ներկայացուելիքը «շօ» մըն է:

Հոս է, որ հաւանաբար վարչապետ Փաշինեան կրնար դուրս գալ այդ ծուղակէն եւ փոխանակ երկար բանախօսութիւն մը կատարելու, բաւականանար համեմատաբար կարճ զեկուցումով, ուր միտք բանին կրնար գերազանցել խօսք բանին:

Նաեւ, բազմիցս բաղդատականներ կատարուեցան շաբաթներ առաջ համահայկական խաղերու բացման առթիւ՝ Ստեփանակերտի մէջ արտասանած վարչապետի խօսքին եւ Լոս Անճելըսի մէջ ունեցած ելոյթին միջեւ: Հոս ալ տեղին է նշելը, թէ վայրն ու պայմանները բոլորովին տարբեր եզրակացութիւններու դուռ կը բանան:

Հուսկ, վարչապետին իսկ բանաստեղծի գրչով արտասանութեան մէկ տողը տեղին է կրկնել․- «Հայաստանը պատմութիւն է, որ ո՛չ վերջ, ո՛չ սկիզբ ունի»․․․աւարտելով իր իսկ արտասանած Պարոյր Սեւակի խօսքերը․- «․․․Մեզ հա՜յ են ասում։ Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք…Կա՛նք: Պիտի լինե՛նք: Ու դեռ շատանա՜նք»:

Գգուանք արտայայտող, փաղաքշական ու փայփայիչ խօսքերով կարելի է համոզել ու հմայել, սակայն վարչապետը չանդրադարձաւ երկրէն ներս ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան, սկսելով բնութեան պահպանումէն, մինչեւ օրէնքի եւ սահմանադրական կարգի սայթաքումը: