կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-11-18 15:18
Սփյուռք

Լիբանանը Յեղափոխութենէն Անդին… Բայց

Լիբանանը Յեղափոխութենէն Անդին… Բայց

17 հոկտեմբերին պայթեցաւ Լիբանանի յեղափոխութիւնը, եւ առաջին անգամ ըլլալով ծանր հարուած մը ստացաւ իշխանութիւնը: Իշխանական վերնախաւը, որ 1992-էն ի վեր իշխած է երկրին եւ փտածութեամբ` միջին դասակարգին հաշուոյն միլիառներ թալանած, այսօր ցնցուած էր: Սակայն յեղափոխութիւնը վերջերս սկսաւ շեղիլ իր հիմնական նպատակէն. սկզբնական շրջանին ժողովուրդը կը պահանջէր ընկերային եւ տնտեսական բարենորոգումներ, սակայն այսօր այդ բարենորոգումները վերածուեցան քաղաքական փոփոխութեան պահանջի, որ կրնայ ո՛չ միայն ցնցել երկրին համայնքային հաւասարակշռութիւնը, այլ նաեւ` քանդել ամբողջ համակարգը:

Առաջին անգամը չէ, որ լիբանանեան փողոցները կը լեցուին հակակառավարական ցոյցերով, նմանօրինակ վիճակ ստեղծուեցաւ 2015-ի ամրան, երբ աղբի հարցով ժողովուրդը կառավարութենէն պահանջեց լուծումներ գտնել: Բողոքի այդ շարժումը երկար կեանք չունեցաւ, իշխանութիւնը կրցաւ բաժան-բաժան ընել բողոքողները եւ ճնշել ու ետքը ցրուել զանոնք: Հոկտեմբերեան ժողովրդային ապստամբութիւնը նորութիւն մը չէր, սակայն արդէն բաւական ուշ էր: Հետաքրքրական է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է, որ ժողովուրդ մը տարիներու ընթացքին անտեսէ իր ոտնակոխուած իրաւունքները եւ չպահանջէ ընկերային արդարութիւն ու տնտեսական բարեփոխում: Սակայն կառավարութեան կեղծ ու անվստահելի բարենորոգումներու ծրագիրը եւ կարգ մը կուսակցութիւններու համակիրներուն յարձակումը ցուցարարներուն վրայ աւելի վատթարացուցին վիճակը` մղելով ցուցարարները ծայրայեղ պահանջներ ներկայացնելու:

Սկզբնական շրջանին (եւ ասիկա իմ անձնական կարծիքս է) գետնի վրայ կատարուած մեծ թիւով հարցազրոյցներէ եւ հանդիպումներէ ետք այն եզրակացութեան հասայ, որ Պէյրութի ցուցարարները բաժնուած են հինգ գաղափարական եւ դասակարգային խումբի.

– Անիշխանական խումբը.- Անիշխանականները կը հաւատան, որ միայն ուժով կրնան համակարգը փոխել: Անոնք իրենց երեսները կը ծածկէին, անոնցմէ շատեր կոչեր կը բարձրացնէին ի նպաստ գաղթականներուն, եւ իրենց համար պայքարը ունէր երկու երես: Նախ` դասակարգային պայքար, այսինքն` բանուորները ընդդէմ փտած իշխանութեան կամ «աւազակախումբ»-ին, ինչպէս իրենք կը կոչէին, իսկ երկրորդ երեսը այն էր, որ պայքարը ընկերվարութեան եւ ցեղապաշտութեան` ֆաշականութեան միջեւ է: Իրենց համար համայնքային համակարգը ցեղապաշտական խտրական համակարգ մըն է, եւ անիկա պէտք է քանդուի, ու ազատ ընկերութիւն մը հիմնուի:

– Համայնավարները եւ չափաւորական ձախակողմեանները.- Անոնք դարձեալ կը հաւատան համայնքային համակարգի փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ` ընտրութիւնները կատարել ոչ համայնքային օրէնքով ու Լիբանանը դարձնել մէկ ընտրական շրջան: Անոնք նաեւ կը մերժեն պետական հաստատութիւններու սեփականացումը համայնքներու ղեկավարներուն կամ հսկայ ընկերութիւններուն կողմէ: Անոնց համակիրները եւ կուսակցականները աւելի կարգապահ են անիշխանականներէն, գաղափարական քարոզչութիւն կը կատարեն իրենց երիտասարդական թեւերուն միջոցով եւ չեն շփուիր ազատականներուն հետ:

– Ազատականները.- Կը բաղկանան միջին դասակարգի խաւերէ, ինչպէս` բժիշկներէ, ուսուցիչներէ, լրագրողներէ, քաղաքական գործիչներէ, ակադեմականներէ, ինչպէս նաեւ` ուսանողներէ, անոնցմէ շատեր մասնակցած էին 14 մարտ 2005-ի ցոյցերուն եւ «Պէյրութ մատինաթի» շարժումին: Այս խմբակին մէջ անորոշութիւն եւ անմիաբանութիւն մը կայ. խումբ մը կ՛ուզէ բարենորոգել համակարգը, այլ խումբ մըն ալ կը պահանջէ նախագահին ու կառավարութեան հրաժարականը եւ խորհրդարանին լուծարումը: Այս խումբին մէջ նաեւ որոշ չափով աշխուժ է «Սապաա» կուսակցութիւնը:

– Կուսակցականները.- Գաղտնիք մը չէ, որ ժողովրդային այս  շարժումին մէջ նաեւ գործունէութիւն ծաւալեցին բազմաթիւ կուսակցականներ եւ համակիրներ, մասնաւորապէս` քրիստոնէական շրջաններուն մէջ: Հակառակ անոր որ կարգ մը կուսակցութիւններ փորձեցին շարժման ալիքին վրայ բարձրանալ, սակայն մինչեւ օրս չկարողացան: Հոս նաեւ շատերը մասնակցեցան ցոյցերուն` կառավարութենէն պահանջելով բարենորոգումներ, սակայն վերապահութիւն ունենալով կարգ մը կարգախօսներու նկատմամբ, որոնք կը բարձրացուէին ցուցարարներուն կողմէ, ինչպէս` համայնքային համակարգի փոփոխութիւն եւ նախագահի հրաժարում:

– Կար նաեւ ուրիշ խումբ մը, որ անտարբեր էր ցուցարարներու պահանջին նկատմամբ: Այսպիսի խումբեր կը տեսնենք բոլոր յեղափոխութիւններուն կամ ժողովրդային շարժումներուն ժամանակ, անոնք հրապարակը կը վերածեն պարահանդէսի կամ ընկերային մթնոլորտի վայրի մը, կը գինովնան կամ ալ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կը պահանջեն եւ միայն կը պոռան: Այս խումբին անդամները մօտ 16-18 տարեկան երիտասարդներ են, որոնք նաեւ կ՛ապրին նեղ տնտեսական վիճակ եւ գրեթէ չունին ուսման մակարդակ:

29 հոկտեմբերին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր հրաժարականը ներկայացուց: Ասիկա որոշ չափով հանդարտեցուց փողոցը, սակայն չդադրեցան ցոյցերը, եւ 5 նոյեմբերին բանակը բռնի ուժով բացաւ հիմնական ճամբաները: Տակաւին կանուխ է անդրադառնալ յաջորդ կառավարութեան գունաւորումին, սակայն այսօր երկրին ղեկավարութիւնը պէտք է դուրս գայ իր համայնքային, կուսակցական եւ անձնական նեղ հաշիւներէն եւ որոշ հիմնական զիջումներ կատարէ ժողովուրդին.

– Դատական խորհուրդ կազմել` դատելու համար անոնք, որոնք պետական փտածութեան մէջ մեղսակից էին 1992-էն մինչեւ օրս:

– Կազմել սեղմ կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն բողոքող ժողովուրդին կողմէ յարգուած ու ընդունուած մասնագէտներ եւ կուսակցական անձնաւորութիւններ: Հոս փողոցը կը հանդարտեցուի, իսկ ծայրայեղականները կը մեկուսացուին:

– Նոր ընտրական օրինագիծ մը մշակել համայնքային դրութեամբ` պահպանելու համար համայնքային հաւասարակշռութիւնը, սակայն` համամասնական ընտրակարգով:

– Ջնջել նախկին երեսփոխաններու եւ նախագահներու ամսականները:

– Տնտեսական բարենորոգումներ, ինչպէս`  յառաջատուական դրութեամբ հարկում եւ ծերութեան ապահովագրութիւն:

– Հանրային կալուածներուն նկատմամբ բոլոր ոտնձգութիւններուն դէմ դատական հարցեր բանալ:

– Աղբի եւ կենսոլորտի բոլոր հարցերուն շուտափոյթ գիտական լուծումներ գտնել:

Այս կէտերէն մաս մը արդէն իսկ կար հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրապարակած բարենորոգումներու ծրագիրին մէջ, սակայն անոնց գործադրութիւնը նաեւ կը կարօտի ժողովուրդի աջակցութեան եւ քաղաքական կամքի: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ որքանո՛վ առկայ են այդ աջակցութիւնը եւ քաղաքական կամքը:

Հոս կ՛ուզեմ նաեւ ներկայացնել իմ անձնական կարծիքս:  Հոս չեմ ուզեր երթալ դաւադրական մտածողութեան, սակայն չեմ ուզեր նաեւ ըլլալ «կոյր յեղափոխական»: Բոլորս շատ լաւ կը յիշենք, թէ 2011-ին եւ հետագային ինչպէ՛ս զարգացան սուրիական, իրաքեան եւ Եմէնի դէպքերը. մեծ պետութիւններ եւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ վստահաբար ունին իրենց դրական կամ ժխտական դերը այդ դէպքերուն մէջ: Դրամատուներուն փակումը աւելի քան 20 օր երկրին տնտեսական վիճակը աւելի պիտի բարդացնէ: Անշուշտ տակաւին ուշ չէ փրկելու երկիրը, սակայն նաեւ կանուխ չէ, եւ ժամանակը ի նպաստ Լիբանանին չէ: Երկիրը ծանր հարուած ստացաւ նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ, եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած տնտեսական պատժամիջոցները ծանր հարուածներ հասցուցին, թէկուզեւ ուղղուած էին Հըզպալլայի ղեկավարներուն դէմ: Հետաքրքրական է Սէուտական Արաբիոյ լուռ կեցուածքը, Ռուսիա մօտէն կը դիտէ Սուրիոյ հետ այլ սահմանային երկրի մը անկայունութիւնը, Եւրոպական Միութիւնը ոչ մէկ առիթ պիտի տայ երկրին քայքայման, որովհետեւ անիկա չի կրնար ընդունիլ այլ գաղթականներու հոսք մը: Բայց այս բոլորը չեն նշանակեր, որ երկիրը դէպի անդունդ եւ անորոշութիւն չ՛ուղղուիր, եւ հոս քաղաքական վերնախաւը եւ ցուցարարներուն ոչ զիջումնային քաղաքականութիւնը պատասխանատու են այս հարցին: Եթէ Լիբանան իսկապէս դուրս պիտի ելլէ այս իր մահացու վիճակէն, ապա ներքին քաղաքական կեանքին մէջ հսկայ բարեփոխումներ պիտի կատարուին եւ նոր քաղաքական ուժեր մէջտեղ քան, իսկ շրջանային եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ աւելի հաւասարակշռուած դեր պէտք է խաղալ` շահելու Արաբական ծոցի երկիրներուն վստահութիւնը:

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Aztagdaily