Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը այցելած էր Մեծն Բրիտանիա եւ հանդիպումներ ունեցած բարձր մակարդակի պաշտօնակիցներու հետ, որոնց կարգին՝ արտաքին գործոց նախարարութեան մնայուն քարտուղար Սայմըն ՄըքՏոնըլտս։
Խօսակցութեանց կիզակէտը հայ-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւններն էին, նաեւ միջազգային եւ Կովկասեան բարձրաւանդակը հետաքրքրող անմիջական հրատապ հարցեր, յատկապէս՝ Արցախի հիմնահարցը։
Այս հանդիպումը իր փրոթոքոլային ընթացքով եւ պարունակութեամբ ո՛չ մէկ նորութիւն բերաւ, յատկապէս երբ բաղդատենք, նախարարի Լոնտոն գտնուելուն առթիւ, Պի․Պի․Սի․ ձայնասփիւռի մէկ զրոյցը՝ կատարուած մասնագէտ եւ փորձառու լրագրողի մը կողմէ։
Իրականութեան մէջ, տեղի ունեցածը զրոյց չէր, այլ վիճաբանական դժուար ու խրթին հանդիպում մը։ Յայտագրին անունն անգամ՝ «Hard Talk», լաւապէս կը նկարագրէ թէ հազիւ կէս ժամ տեւողութիւն ունեցող այս յայտագրին ինչպէս պիտի կարենայ հրաւիրեալը դիմադրել հրաւիրողը, կամ աւելի պարզ ձեւով բացատրելու համար, դժուար հարցումներուն պատասխանները որքա՞ն հեշտ ու հեզասահ պիտի ըլլան։
1997-էն ի վեր ծնունդ առած է խորքային հարցազրոյցներ՝ ծանրակշիռ հարցերու եւ զգայուն նիւթերու շուրջ ընթացող այս յայտագիրը, որուն զրուցավարը աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր բազմաթիւ մրցանակներու տիրացած մասնագէտ Սթիւըն Սաքիւրն է։ Ծանր խօսակցութենէ («Hard talk» ) աւելի, սփրուածը «Survival of the fittest»-ի (Յարմարագոյնին յարատեւումը) մը ստեղծած կացութիւնն է, ուր հրաւիրուած անձնաւորութիւնը կրնայ յաղթահարել եւ չէզոքացնել իր դէմ լարուած «ական»-ները։
Արդեօք Սաքիւրի պարտականութի՞ւնն էր դիտմամբ յարձակողական ոճով վերաբերիլը Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարին հետ, թէ՞ Պաքուի որդեգրած «ձկնկիթի քաղաքականութեան» (Caviar Diplomacy) արդիւնքը։ Հարցազրոցին հետեւողը մութ ծալքեր պեղելով եւ կասկածելի կապեր նկատելով կրնայ այլ եզրակացութիւններու յանգիլ։
Առ այդ, հարց-պատասխանի լոյսին տակ կարելի է հասկնալ ու բաժնել Արցախի Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ Վահրամ Բալայեանի արծարծած մտահոգութիւններն ու նշումները, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը չէ կրցած պատշաճօրէն պատասխանել։
Քայլ մը աւելի անդին երթալով, Սաքիւր այնպէս կը ներկայացնէր հիմնահարցը, թէ հայկական կողմն է, այսինքն Հայաստանի բանակն ու արցախահայութիւնը, որ շարունակ չէ յարգած մարդկային տարրական իրաւունքները, միշտ ալ նկատուելով յարձակող խնդրայարոյց կողմը։
Սաքիւր իր ինքնավստահութեամբ եւ գերհամարձակութեամբ այն տպաւորութիւնը կը ձգէր, թէ ո՛չ թէ ինքն էր հրաւիրեալը, այլ դժբախտաբար, թէ՛ հրաւիրողը եւ թէ՛ հրաւիրեալը։
Ան Մնացականեանին կը հարցադրէր, թէ Արցախեան հիմնահարցը ծնունդ առած էր ութսունականներուն, միշտ ալ «ծայրայեղ եւ ազգայնամոլ» հայորդիներու կողմէ, առանց պատմութեան էջերը գէթ քանի մը տասնամեակներ ետ դարձնելու մինչեւ այդ ահաւոր օրը՝ Յուլիս 5, 1921, ուր Ստալինի հրահանգով հայահոծ Արցախը բռնի ուժով կը կցուի Ատրպէյճանին։
Հոս կրկին տեղին է նշել, թէ Սաքիւր բաւական կտրուկ էր եւ հաւանաբար կողմնակալ, իսկ Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարն ալ զոհը գնաց իր որդեգրած զսպուածութեան կամ աւելի ճիշդը «քաղաքավարութեան վնաս»-ներուն։
Դժբախտաբար, օտար ու չէզոք անհատի մը համար կատարուածը կիսատ պռատ զրոյց մըն էր։
hairenikweekly.com