կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-10-25 16:59
Քաղաքական

Ձեր տեսակը հոս գործ չունի, պարո՛ն Սիմոնյան. ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի յայտարարութիւնը ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնյանի Կիպրոս այցելութեան առթիւ

Ձեր տեսակը հոս գործ չունի, պարո՛ն Սիմոնյան. ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի յայտարարութիւնը ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնյանի Կիպրոս այցելութեան առթիւ

Հաճելի չէ հայրենի իշխանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, լուրջ վերապահութիւններով դիմաւորելը: Անցեալին միշտ ազգային բարձր տրամադրութիւններով դիմաւորած ենք մեր կղզին այցելող հայրենի բոլոր ներկայացուցիչները: Սակայն այսօր չենք կրնար նոյն զգացումներով դիմաւորել Ալէն Սիմոնյանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Պատուիրակութիւնը իշխանութեան մը, որ «դուխով» յաջողեցաւ ապակողմնորոշել Հայաստանի քաղաքացիները, որոնք իրենց արդար իրաւունքներու փնտրտուքին մէջ կը գտնուէին: Ահա այս ալեկոծ փնտրտուքին մէջ, պատեհապաշտներու խումբ մը ի գործ դրաւ իր ծրագիրները, որոնց մասին մինչեւ օրս նոր բացայայտումներ կը կատարուին, եւ օրէ օր պատասխաններ ստանալու տեղ, բոլորս դէմ հանդիման կը գտնուինք նոր հարցականներու եւ նոր հարցերու:

Ներկայ իշխանութիւնը, իր անխոհեմ մօտեցումներով պատճառ դարձաւ որ հայրենիք կորսնցնենք, հազարաւոր զոհեր ու վիրաւորներ ունենանք եւ պատերազմէն մէկ տարի ետք Պաքուի բանտերուն մէջ գերիներ ունենանք:

Ներկայ իշխանութիւնը մսխեց յաղթանակած սերունդի մը ազգային ազատագրական պայքարի նուաճումները եւ գալիք սերունդներու դիմաց, փակեց լուսաւոր ապագայի մը դռները:

Պիղատոսի նման, ձեռքերը լուաց Արցախէն, մեկնելով այն խաբկանքէն, որ Արցախէն ձերբազատուելով, Հայաստանի քաղաքացիներու բարօրութիւնը պիտի ապահովէ: Փաստօրէն յաջողեցաւ ճիշդ հակառակը, ուր առանց Արցախի պատուաստին, Հայաստանի սահմանները ու նոյնինքն անոր պետականութիւնը վտանգի տակ կը յայտնուին:

Այս բոլորէն անդին, ներկայ իշխանութիւնը բացակայ է նաեւ սփիւռքէն։ Չկայ հաշուետուութիւն՝ լումայ-լումայ հաւաքուած միլիոնաւոր տոլար արժող ֆոնտերու։ Ան իր թաքուն ծրագիրներով կը փորձէ Հայ Դատի պահանջատիրութեան ձայնը մէկուսացնել, եւ իր բաժանարար քաղաքականութիւնը սփիւռք փոխադրել:

Այս քաղաքականութեան ցայտուն օրինակն է Կիպրոս այցելող պատուիրակութեան բաղադրութիւնը, որուն մէջ չեն ներառուած ընդդիմադիր պատգամաւորներ, որոնց ուշքի գալու մեղմ, թէ ուժեղ յորդորները, ցարդ կը մնան անպատասխան:

Մենք կը փակենք մեր դռները այս զբօսաշրջիկ-արշաւախումբին դիմաց, որոնց քաղաքական մեղքերը կը շարունակուին նաեւ այսօր անյայտ ու դաւադիր ծրագիրներով, որ 44-օրեայ պատերազմէն մէկ տարի ետք կը շարունակուի, Սիւնիքի սահմաններուն վրայ նոր զիջումներով:

Այս սպառնալիքներուն դիմաց ժողովուրդը համախմբելու եւ միասնական բռունցք դարձնելու փոխարէն, այս բաժանարար իշխանութեան ներկայացուցիչները եկած են Կիպրոս առանց օրակարգի, զբօսնելու երկրի մը մէջ, որ թրքական ոտնձգութիւններու սպառնալիքի տակ կը գտնուի:

Ձեր տեսակը հոս գործ չունի Պարոն Սիմոնյան:

Կիպրոսը, որ բազմատեսակ մարտահրաւերներու դիմաց 47 տարի կը փորձէ պահել իր անկախութիւնը, զրկուելով աւելի բարեկեցիկ կեանքի մը հնարաւորութիւններէն, որոնք խորքին մէջ՝ ազգովին յանձնուելու ծրագիրներ են: Անոր համար է որ Կիպրոսի ժողովուրդը եւ իր յաջորդական կառավարութիւնները կնիք չեն դներ Թուրքիոյ վիլայէթ դառնալու «խոհեմութեան» ու «խաղաղութեան» կոչերուն տակ:

Հեռու մնացէք, կղզիէ մը որ կրնար վաղուց յանձնուիլ, սակայն իր փոքր ուժերով կը շարունակէ դիմադրել:

Հեռու մնացէք համայնքէ մը, ուր ձեր պարակտիչ ներկայութիւնը միայն վնասակար կրնայ ըլլալ:

 

ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէ

24 Հոկտեբեր 2021


Տես նաև՝ «Դավաճա'ններ», «Հայասպա'ններ». ինչպես Ալեն Սիմոնյանին դիմավորեցին Կիպրոսում