Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ցեղասպանութենէն փրկուած ու Հալէպի մէջ որբանոց ինկած՝ «մանկութիւն չունեցող» ԱնդրանիկԾառուկեան սրտառուչ յուշ մը ունի Երուանդ Օտեանի մասին. կը պատմէ, թէ ընդհանրապէսանբարեյոյս վիճակի մատնուած որբերուն հոգածութիւնը յանձն առած ուսուցիչներ օր մը աւետած են, թէհայ նշանաւոր գրող մը իրենց այցելութեան պիտի գայ. հաւաստած են, որ որբերը շատ ուրախ պահ մըպիտի ունենան, որովհետեւ իր զուարճալի պատմութիւններով զիրենք պիտի խնդացնէ։ Մանուկներըանձկութեամբ հաւաքուած են հաստատութեան սրահը, ուր քիչ ետք բեմ բարձրացած է ընկճուածիերեւոյթով տարեց մարդ մը. ըսած են, որ անոր անունը Երուանդ Օտեան է. հիւրը պահ մը լուռ դիտած էբոլորը եւ փոխանակ խնդալիք պատմութիւններ պատմելու, յանկարծ սկսած է արտասուիլ ու միայն մէկնախադասութիւն ըսած է. «Սիրելի որբեր, ես ձեզ շատ կը սիրեմ…»։ Մանուկներն ու սրահին մէջեղողները յուսախաբ եղած են։
Այս դէպքը ընդհանուր գիծերու մէջ խոտոր կը համեմատի Երուանդ Օտեանի մասին ընթերցողին ու հայութեան կազմած տպաւորութեան. Օտեան իր պատուանդանը հաստատած է մեր գրականութեան ու հասարակական կեանքին մէջ, իբրեւ արժանաւոր յաջորդը երգիծանքի թագաւոր Յակոբ Պարոնեանի, ճանչցուած է իբրեւ երգիծանքի իշխան։ Իսկ եթէ աչքի առջեւ ունենանք մեր գրողներու բանակը, գիտենք, որ մեծաթիւ երգիծողներ չենք ունեցած, մինչեւ հիմա ալ չունինք, ո՛չ միայն անոր համար, որ յաջող երգիծաբան ըլլալը գրական արուեստի ամէնէն դժուար ճիւղերէն մէկն է, որովհետեւ երգիծողը կրնայ դիւրութեամբ իյնալ աժան խնդուքի շրջագիծին մէջ (այսօր, գիտե՛նք, աժան խնդուքը որքա՜ն տիրապետող դարձած է քիչ մը ամէն տեղ), այլ հաւանաբար նաեւ այն պատճառով, որ մեր գրականութիւնը, հին դարերէն սկսեալ, եղած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէկ հայելին, իսկ մեր հաւաքական կեանքի պատմութիւնը բազմաթիւ ուրախ պահեր չէ բերած մեզի, որպէսզի անոնց մթնոլորտին մէջ, ստեղծուէր այս արուեստին զարգացման ու ծաղկումին յարմար բեմ։ Իսկ հազուադէպ երգիծողներուն մօտ ալ դառնութիւնն ու տխուր խնդուքը, գիտենք, եղած է տիրապետող։ Վկայ Պարոնեանը, Օտեանը, Լեռ Կամսարը, Արամայիս Սահակեանն ու քանի մը ուրիշներ։
ՈՒՐՈՒԱԳԻԾ՝ ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
150 տարի առաջ ծնած Երուանդ Օտեան աչք բացած է նշանաւոր եւ երեւելի ընտանիքի մը մէջ, որ լայն ծառայութիւն ունեցած է թէ՛ հայութեան եւ թէ այդ օրերու Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Հօրեղբայրը՝ նշանաւոր Գրիգոր Օտեանն էր, Ազգային Սահմանադրութեան կազմութեան եւ զայն նախապատ-րաստող շարժումին առաջնորդներէն, որ մեծ վաստակ ունի Պոլսոյ մեր հայկական կեանքին մէջ, եղած է ուղղակի եւ անուղղակի ուսուցիչը՝ բազմաթիւ գրողներու եւ ազգային գործիչներու։ Ծանօթ գրողներ կային ընտանիքին մէջ, իսկ հայրը եղած է պետական պաշտօնեայ եւ իբրեւ հիւպատոս շրջան մը ծառայած է Օսմանեան կայսրութեան։ Իր պաշտօնին բերումով, ան ստիպուած է ընտանիքը փոխադրել Ռումանիա, հետեւաբար, մանուկ Երուանդը ուսման առաջին քայլերը առած է ընտանեկան յարկին տակ։ Աւելի ուշ, ընտանիքը վերադարձած է Պոլիս, ուր պատանին աշակերտած է նշանաւոր Պէրպէրեան վարժարան. աշակերտական օրերուն իսկ, անոր մէջ ի յայտ եկած է մամուլին հանդէպ սէրը. ձեռնարկած է աշակերտական թերթերու հրատարակութեան, առաջին քայլերուն իսկ հանդիպելով… արգելքի ու թերթի խափանման։
Երուանդ Օտեան մեր այն գրողներէն է, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին ապրուստը ապահոված է գրելով։ Աշխատակցած է Պոլսոյ թերթերուն, ապա, կեանքի փոթորիկներուն բերումով ինկած է այլ երկիրներ՝ Եգիպտոս, Սուրիա եւ Լիբանան, ուր երկարատեւ ու կարճատեւ աշխատակցութիւն բերած է բազմաթիւ թերթերու եւ պարբերականներու։
Պանք Օթոմանի ծանօթ դէպքէն ետք, երբ հազիւ 26 տարեկան էր եւ սակայն՝ արդէն ճանաչում գտած գրող, բազմաթիւ այլ մտաւորականներու եւ գրողներու պէս ստիպուած է հեռանալ Պոլիսէն, հակառակ անոր, որ որեւէ կուսակցութեան անդամ չէր, կը վայելէր շատերու համակրանքը, սակայն նաեւ՝ որոշ հակակրանք, ինչպէս եղած է ճակատագիրը գրեթէ բոլոր երգիծողներուն։ Երկար ատեն ապրած է Եգիպտոս եւ դարձած է հայկական գաղութի մէկ ակներեւ զաւակը. եղած է ուսուցիչ, մամուլի աշխատակից, նաեւ հաշուակալ՝ Պօղոս Նուպար փաշայի մէկ գրասենեակին մէջ։ Պոլիս վերադարձած է Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ու սուլթան Համիտի տապալումէն ետք, եւ 12 տարիներու բացակայութիւնը մեր գրականութեան մէջ արձանագրած է «12 Տարի Պոլիսէն Դուրս» գործով։
Վրայ հասած է արիւնոտ 1915ը. ան ալ ձերբակալուած է եւ ճակատագրակիցներուն հետ տարուած՝ աքսորի, հասած է մինչեւ Տէր Զօր, սակայն փրկուած է իր… լեզուագիտութեան շնորհիւ։ Թարգմանի պաշտօն վարած է գերման զինուորականի մը գրասենեակին մէջ, պաշտօնին բերմամբ ականատես եղած է հայութեան գողգոթային գրեթէ ամբողջ տարածքին. տեսած է սպանդ, հալածանք, հաւաքական հիւծում ու անասելի ողբերգութիւններ։ Ա. աշխարհամարտի աւարտէն ետք, խորապէս ցնց-ուած ու ընկճուած, վերադարձած է Պոլիս, սակայն բարեբախտաբար չէ մատնուած Կոմիտաս Վարդապետի վիճակին. աքսորի եւ ողբերգութեան տարիները անոր գրիչին տակ անմահացած են «Անիծեալ Տարիներ» հատորով (անոր գրական ժառանգութեան մէջ այս գիծին աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք քիչ ետք)։ Ահա թէ ինչո՛ւ խնդուք ու ծիծաղ տարածող մարդը չէ կրցած ծիծաղ պարգեւել Հալէպի որբանոցին մէջ, ի տես Ցեղասպանութենէն փրկուած մանուկներուն։ Պոլսոյ մէջ վերսկսած է աշխատակցիլ մամուլին. 1924ին այցելած է եւ կարճ կեցութիւն ունեցած է Սուրիա ու Լիբանան. 1925ին՝ դարձեալ Եգիպտոս, ուր տարի մը ետք, միայն 57 տարեկանին, աչքերը վերջնականապէս փակած է։ Ան ընտանիք չէ կազմած։
ԵՐԳԻԾԱԳԻՐՆ ՈՒ…
Երբ Երուանդ Օտեան ըսենք, մեր միտքի աչքերուն դիմաց կը ցցուի Փանջունին, Միջնորդ Տէր Պապան, Թաղականին Կնիկն ու շարք մը այլ տիպարներ, որոնք ձեւով մը առածի կարգ անցած են մեր լեզուին ու առօրեային մէջ։ Սակայն Օտեանը կնքող այս գործերուն կողքին, անոր գրիչը եղած է շատ առատահոս. գրած է բազմաթիւ պատմուածքներ, նորավէպեր, քրոնիկներ, վիպակներ, դիմաստուերներ, կարճ կսմիթներ, բառարաններ, նաեւ թատերակներ՝ Մ. Կիւրճանի եւ այլոց հետ գործակցաբար։ Եթէ բոլոր գրածները հաւաքագրուին՝ կրնան կազմեր բազմահատոր շարք մը։ Ան իր առաքելութիւնը սահմանած է հետեւեալ կարճ նախադասութեամբ. «Մենք խնդացնող չենք, այլ խնդացող, իսկ եթէ մարդիկ մեզի հետ խնդան…»։
Կարելի է երկար գրել Ե. Օտեանի գրական ժառանգութեան այս կալուածին մասին, սակայն յիշեալ ու այլ հատորներու ընթերցումը լաւագոյն ձեւն է հաղորդ դառնալու անոր երգիծանքի բնոյթին ու խորքին, իր մեծութեան։ Կ՛ըսուի, թէ անոր գրականութեան որոշ մէկ բաժինը կը պատկանի իր ժամանակին, այսօր «հինցած է». սակայն նոյնը կարելի չէ՞ ըսել աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու հմայքը վայելող բազմաթիւ գրողներու մասին, որոնք սակայն կը կարդացուին՝ զիրենք որոշ ժամանակէ դուրս տարածող ակնոցով, կը շարունակեն զմայլանք առթել։
Ըսինք արդէն. ապրուստը շահած է գրելով։ Վէպերուն եւ միւս ստեղծագործութիւններուն չախչախիչ մեծամասնութիւնը լոյս աշխարհ եկած են օրը-օրին, յաճախ թերթօնաձեւ, ինչ որ հարկադիր թերութիւններու դուռ բացած է. մերթ ինկած է երկարապատում ներկայացման թակարդը, սակայն զինք հիւրընկալող թերթերու խմբագիրները վկայած են, որ ընթերցողները անձկութեամբ կը սպասէին անոր պատումները, ցանկալով, որ անոնք երկարին ու վերջ չգտնեն…
Յիշեալ ծանօթ գործերուն կողքին, Ե. Օտեանի գրիչը երբեմն հետեւած է Յ. Պարոնեանի օրինակին. իր ոճով ու իւրայատուկ երգիծանքին ճամբով ուրուագծած է իր օրերու ականաւոր դէմքերը՝ երեսփոխաններ ու այլ ականաւոր դէմքեր. եթէ Պարոնեանէն մնացած են անմահ ու տիպական «Ազգային Ջոջեր»ը, Օտեանէն ալ ունինք «Ազգային Երեսփոխաններ»ը, որոնք ապրած եւ գործած են Պարոնեանի ժամանակներէն երկու տասնամեակ ետք, առանց ձերբազատելու այն մարդկային ախտերէն ու տկարութիւններէն, որոնք պարուրած էին Պարոնեանի ջոջերը։
Օտեան եւս, Պարոնեանի նման, աւելի դիւրութեամբ կը ձաղկէ երեւելի մարդոց ունայնամտութիւններն ու խոցելի կէտերը, քան կը գովաբանէ Գրիգոր Զօհրապի նման արժանաւորներ։ Անոր հարուածները մերթ կսմիթային են, երբեմն նաեւ՝ դաժան, սակայն չեն հասնիր Պարոնեանի «մահացու» մտրակահարումներուն, այլ ընթերցողը կը համակեն զուարթախոհ քննադատութեամբ, ժպիտը անբաժան կը պահեն հաղորդակցողի դէմքէն։
Ժամանակակից բազմաթիւ գրողներու նման, Ե. Օտեան եւս իր նիւթերը վերցուցած է իր ապրած կեանքէն, շրջապատէն, առօրեայէն, այլ վիպագիրներու պէս չէ բախած անցեալի դէպքերու դուռները։ Չէ վարանած մարդիկը կոչել իրենց անուններով, ետ չէ կանգնած մինչեւ իսկ խծբծանքի առարկայ դարձնելէ Պօղոս Նուպար փաշային նման երեւելի մը, որուն պաշտօնեան ալ եղած է ատեն մը։ Սակայն աւելի տպաւորիչ ու մնայուն հետք ձգած են անոր անանուն հերոսները, ինչպէս՝ Ընկեր Փանջունին, Յեղափոխութեան մակաբոյծները, իր զաւակին շահամոլութեան ու անձնակեդրոնութեան դասեր տուող վաճառական Գոզմա Դիմանոսեան մը եւ բազմաթիւ ուրիշներ։ Անոր սուր գրիչին եւ խծբծանքին թիրախներն են շինծու յեղափոխականներ, փառամոլներ, չարաշահներ, իրենք զիրենք գիտակ ու գործունեայ ներկայացնող… տխմարներ, պահպանողականներ, կեղծաւորներ ու բարոյական ախտերու մէջ տուայտողներ, որոնք մարմին կ՛առնեն ազգային գործիչի, քահանայի, թաղականի ու կնոջ, վաճառականի եւ, մէկ խօսքով՝ մարդկային ընկերութիւնը բաղկացնող զանազան անդամներու տիպարներով։
Անկուսակցական Ե. Օտեան իր Փանջունիի տիպարով երկու տեսակի հակազդեցութիւն ստեղծած է իր օրերուն իսկ. ո՛չ մէկ կուսակցութիւն ուզած է «որդեգրել» Փանջունին, բոլորն ալ յայտարարած են, որ Փանջունին չի կրնար իրենց կուսակցութեան պատկանած ըլլալ, այլ պէտք է պատկանած ըլլայ իրենց հակառակորդին։ Անդին, ինք անձամբ վկայած է, որ դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեան օր մը Պոլսոյ մէջ դէմ յանդիման եկած է իրեն եւ ըսած է, որ եթէ հարուստ ըլլար՝ այս գիրքէն օրինակներ պիտի նուիրէր իր ընկերներուն։ Յիշատակուած է նաեւ, որ Արամ Մանուկեան իր ձեռքին տակ ունեցած է այս հատորը։ Ի դէպ, Ընկեր Փանջունին Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն տարիներ ետք չէ անցած Երեւանի համայնավարներու գրաքննութենէն. անոր արարման օրերուն, հայ համայնավարները տակաւին ուշագրաւ ներկայութիւն իսկ չէին հայութեան կեանքին մէջ…
Եթէ պահ մը կանգ առնենք Փանջունիի տիպարին վրայ, կարելի է կատարել որոշ գնահատականներ ու համեմատութիւններ։ Փանջունին որոշ չափով կը յիշեցնէ Սերվանդէսի Տոն Քիշոթը (կ՛արժէ հոս փակագիծ մը բանալ եւ արձանագրել, որ Օտեան իր «Ազգային Երեսփոխաններ» շարքին մէջ Յարութիւն Ճանկիւլեանը կը նկարագրէ իբրեւ «Տոն Քիշոթի ծաղրանկարը, իսկ նկատի ունենալով, որ Տոն Քիշոթ ինք ալ երգիծական կերպար է…»)։ Օտեան վստահաբար Փանջունին գրելու պահուն, միտքէն չէր անցուցած, որ կրնայ պատկերած ըլլալ միջազգային չափանիշով երգիծական ու պախարակելի տիպար մը. իսկ եթէ այսօրուան աշխարհին մէջ դիտենք ու վերլուծենք Փանջունին, կրնանք անվարան ըսել, որ նման տիպարներ կան ո՛չ միայն հայութեան կեանքին մէջ, Հայաստան թէ այլ նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու պետական ու հասարակական կեանքին մէջ ծանօթ ու հռչակ շահած ապրող անձերու մէջ։ Անդին, զաւակին շահամոլութեան ու, կարելի է ըսել՝ անմարդկայնութեան դասեր տուող Գոզմայի մը նկարագրային գիծերուն մէջ կարելի է փնտռել Մաքիաւելլի մը կամ Սի. Էս. Լուիս մը մտածելակերպերը. վերջինին մէկ հատորը կը ներկայացնէ իր «ձագուկին» խրատներ տուող սատանայ մը։ Այլ խօսքով, Ե. Օտեանի տիպարները, շեշտակիօրէն հայ ըլլալով ու հայկական միջավայրի ծնունդ ըլլալով հանդերձ, շատ դիւրին ոստումով կրնան մուտք գործել միջազգային գրականութեան բեմը։
…ԵՂԵՌՆԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆՑ ՎԿԱՆ
Երգիծաբան Ե. Օտեանը «շուքի մէջ ձգած է» վաւերագրող ողբերգակը։ «Անիծեալ տարիներ»ը եթէ այս իմաստով կոթողական եւ ուսանելի գործ է, կը համեմատուի յետ-Ցեղասպանութեան՝ թուրքին ոճիրները մանրամասնօրէն վերարտադրող ու վկայագրող գրողներու եւ յուշագրողներու, նաեւ արձագանգ մըն է Զապէլ Եսայեանի՝ Կիլիկիոյ աղէտին վաւերագրումին, այսուամենայնիւ անիկա միակ արտայայտութիւնը չէ Թուրքիոյ պետութեան ոճրային վարքագիծին մասին օտեանական վաւերագրութեան։ Ան ունի, օրինակի համար, 1898ին ստորագրած յուշագրական պատմուածք մը, որուն խորագիրն է «Լեւոն Թագաւորին Սուրը»։ Անխուսափելիօրէն տխուր զուարթախոհութեամբ թուղթին յանձնուած էջերը կը նկարագրեն տիպարներ, որոնք համտեսած են 1896ի ջարդերն ու բախտով վերապրած են։ Թուրք ջարդարարներու ոճիրներուն՝ գաղտնարանէ մը ականատես եղած՝ Գալուստ անունով 26ամեայ գաւառացիի մը ողբերգութիւնն է պատմութեան գլխաւոր առանցքը. քանի մը ճակատագրակիցներու հետ փրկուելէ ետք, Գալուստ անոնց նման ինկած է Աթէնք, որոշ չափով կորսնցուցած է մտային կարողութիւններն ու հաւասարակշռութիւնը, դարձած է ծանօթներու անմեղ կատակին մէկ խաղալիքը, որովհետեւ ամէն անգամ, որ թուրք մը կամ թրքական խորհրդանիշ մը կը տեսնէր, սարսափահար կ՛ըլլար եւ կը կրկնէր ջարդարարներուն դէմ դնող եւ սպաննուած իր եղբօր մէկ բաղձանքը՝ երանի թէ զէնք մը կամ դաշոյն մը ունենար ինքզինք պաշտպանելու համար։ Օր մըն ալ, երբ խմբովին կ՛այցելեն յունական թանգարան մը, ուր զետեղուած է մեր Լեւոն թագաւորին վերագրուած, սակայն յայտնապէս կեղծ սուր մը, Գալուստը յանկարծ կը թօթափէ իր յիմարական վիճակը, երբ կը տեսնէ, որ ատենին, հայ թագաւորներ սուր ունեցած են։ Յստակ նմանութիւն մը՝ Ա. Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»ի քահանային, արձագանգ մը՝ Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ Շերեփ»ի պատգամին։
Թէ՛ գեղարուեստական եւ թէ յուշագրական իր էջերուն մէջ, Ե. Օտեան առանձնայատուկ վաւերագրող մըն է. եթէ անոր երգիծական էջերը գունաւոր եւ հարազատ գոյներով կը ներկայացնեն Պոլսոյ իր օրերու կեանքը, բնականաբար՝ երգիծագիրի յատուկ չափազանցութիւններով, անդին, «Անիծեալ Տարիներ»ը մեր յուշագրական գրականութեան կալուածին մէջ իր կոթողական տեղը ունի եւ արժանի է թարգմանուելու օտար լեզուներու, իբրեւ յաւելեալ – բայց ոչ աւելորդ – վկայութիւն այն բոլորին մասին, որ Թուրքիոյ պետութիւնը մինչեւ այսօր կը փորձէ ծածկել, ուրանալ ու դրժել։
Կանխահաս մահուան մէջ դեր ունեցած է ոգելից ըմպելիներու հետ իր բարեկամութիւնը. աչքի առջեւ ունենալով անոր կեանքի պատմութիւնը, մանաւանդ Ցեղասպանութենէն վերապրած մը ըլլալը, այդ «ախտ»ին բացատրութիւնը ըլլար, կարծէք, իր մէկ սրամիտ զուարճալիքը, որ մօտաւորապէս հետեւեալն է.
Գինովին հարցուցեր են, թէ ինչո՛ւ կը խմէ, «որպէսզի ցաւերս խեղդեմ», պատասխաներ է։ Հարցուցեր են՝ կը յաջողի՞. «վարպետ լողացող են», պատասխաներ է…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Asbarez.com