Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Վերջին տարիներուն, ընկերային (սոցիալական) ցանցերու ազատ եւ անկառավարելի օգտագործման հասանելիութեամբ պայմանաւորուած, Բոլշեւիկեան Հայաստանի մէջ տասնամեակներ շարունակ հակա-Դաշնակցականութեան քարոզած կեղծ եւ պատմութեան հերոսներու նկատմամբ անբարոյական կեցուածքները, մօտեցումներն ու շինծու փաստաթղթերը կարգ մը մարդիկ տեղափոխած են ներ-Հայաստանեան քաղաքական դաշտ, եւ օգտուելով ժողովուրդի պատմութեան (ինչպէս նաեւ ներկայի իրադարձութիւններուն) հանդէպ ունեցած զգացական մօտեցումներէն, յաճախ իրենց կողմէ աւելցուած սուտերով, այսինքն դիտմամբ, եւ ոչ թէ անտեղեակութեան պատճառով, կ'աշխտին վարկաբեկել Դաշնակցութիւնը:
Այս արշաւին մօտէն հետեւող մեր համակիրները եւ ընկերները պէտք է նկատած ըլլան, որ այդ հակա-Դաշնակցական արշաւի նիւթերու 90 տոկոսը կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութիւն կերտած այրերուն, նոյնիսկ եթէ ոչ մէկ առնչութիւն ունի 1918-1920 Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կառավարական, պետական կամ այլ գործառոյթներուն հետ: Այժմ հրապարակուող նիւթը, այս թիրախաւորուած պայքարի վառ ապացոյցն է:
Մայիս 27-ի եւ 28-ի առթիւ, կը հրապարակենք 1907 Մայիս 27-ին, Սուլուխի մէջ նահատակուած ֆետայի Գէորգ Չաւուշի մահուան պատճառները պարզելու աշխատանքներուն հետ կապուած երկու փաստաթղթեր:
Անցնող մի քանի օրերուն, այս նիւթը դարձեալ նոր թափով սկսաւ տարածուիլ ընկերային ցանցերու վրայ, ունենալով միայն մէկ յստակ նպատակ, որը ի տխրութիւն անճարակ ապերախտներուն, չի կրնար ո՛չ մէկ ձեւով Դաշնակցութեան կամ Հայաստանի Հանրապետութիւն կերտողներուն հեղինակազրման գործիք կամ պատճառ դառնալ:
Առաջին նամակի հեղինակը, իր ընկերոջ՝ Գէորգ Չաւուշի սպանութեան մէջ մեղադրուող «ընկերասպաններէն» մէկը կամ գլխաւորը՝ Ռուբէն Տէր Մինասեանն է. նամակը գրուած է 1909 թուականի Հոկտեմբեր 16-ին, Արեւմտեան Բիւրոյի ընկերներ Ստեփան Զօրեանին (Ռոստոմ) եւ Խաչատուր Մալումեանին (Է. Ակնունի), ՀՅԴ Խորհուրդին կողմէ քննուող խնդիրը անաչառ քննութեան ենթարկելու պահանջով:
Երկրորդ նամակ-հրահանգը գրուած է Արեւմտեան Բիւրոյի կողմէ, 1909 թուականի Դեկտեմբեր 27-ին Մշոյ Կեդրոնական Կոմիտէին, պաշտօնապէս հերքելու Գ. Չաւուշի սպանութեան մէջ իր Դաշնակցական ընկերներու «մասնակցութեան» լուրերը: