Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Մայրս Իւղաբեր Շիշման Կիւմիւշհաճըգիւղցի էր։ Ես հազիւ երեք-չորս տարեկան էի, երբ մայրս մեռաւ։ Հայրս Բարունակ Չորումի Մէճիտէօզի գաւառէն էր։ Դարբին էր հայրս։ Երբ կրկին ամուսնացաւ իմ եւ քրոջս Քարզուհիի խնամքը քեռիս փռապան Մամբրէն ստանձնեց։ Նշանաւոր փռապան մըն էր քեռիս։ Ուրիշներ մինչեւ որ 30 հացը թխեն ու ծախէն իմ քեռին արդէն 300 հացը վաճառած կ՚ըլլար։ Ա. Աշխարհամարտին Սարըղամըշի կողմերը գերի ինկած էր ռուսական բանակին։ Երկար տարիներ Ռուսաստան ապրած եւ ապա վերադարձած էր երկիր։ Վերադառնալէն ետք երկար ժամանակ աշխատած է քաղաքապետարանի ջրամատակարարման ցանցին։ Բազմաթիւ աղբիւրներ սարքած էր, որոնց վրայ հայերէն եւ թրքերէն նշանակութիւններ կային։ Այդ աղբիւրներուն շատերը կը գտնուէին ընդհանրապէս քրիստոնեաներով բնակեցուած Չայ թաղի մէջ։ Կը յիշեմ անոնցմէ ոմանց անունները։ «Փոս աղբիւր», «Համամ փընարը», «Իպոյին աղբիւրը» (Այս աղբիւրը պատուիրած էր Արթին անունով հայ մը, որ բոլորի կողմէ կը ճանչցուէր Իպօ անունով), «Մաղաքներու աղբիւր» եւ «Քայմաքչը փընարը» այս բոլորին մէջ միայն վերջինն է որ մինչեւ օրս կանգուն է։
Հայերս Չայ մահալլէսի կոչուած թաղը կը բնակէինք։ Սակայն բնակչութեան փոխանակումի տարիներուն մեր տուները յանձնեցին Թեսաղոնիկէ կամ Քաւալայի նման յունական քաղաքներէ եկած գաղթականներուն։
Նախքան 1915, 650 բնակարաններու մէջ 4,500 հայ բնակիչներ կային։ Անոնցմէ ոմանք չէին կրցած տարագրութեան ճամբաներէն վերադառնալ։ Իրենց տուները տուին այս գաղթականներուն։ 1934-ին բոլոր ընտանիքներուն ազգանունները փոխեցին։ Չեմ գիտեր պատճառը ինչ էր, բայց ամէն ընտանիքի ազգանունը կը սկսէր «էօզ» բառով։ Օրինակի համար Սոլաքեանները դարձան Էօզսոլաք, Ներսէսեանները Էօզներսէսօղլու, Քէշիշեանները Էօզքէշիշօղլու, Ուզունեանները Էօզուզուն, Պալեանները Էօզպալ եւ բոլորը այսպէս։
Աւանդութիւններ
Բոլոր միջոցառումները ունէին իրենց աւանդութեան տարբեր եղանակները։ Ամէն ինչ կ՚ընդանար հին սովորութիւններու վրայ։ Կը յարգուէին այդ աւանդութիւնները։ Խօսկապը, նշանտրէքը, հինայի արարողութիւնը եւս ունէր իր բազմերանգ մանրամասնութիւնները։
Նոյնպէս թաղման ծիսակատարութիւնը ունէր իր աւանդական եղանակները։ Դագաղը սեւ լաթերով կը ծածկուէր եւ վրան սպիտակ ժապավէնով խաչ կը նախշուէր։ Ննջեցեալը բաց դագաղով գերեզման կը տանէինք։ Մինչեւ գերեզման դագաղի կափարիչը առջեւէն կ՚երթար եւ յուղարկաւորներու թափորը կը հետեւեր դագաղին։ 1940-ականներուն կը դժուարանայինք գերեզման երթալու, որովհետեւ թաղման թափօրը կ՚անցնէր Պայպուրթցիներու թաղամասէն եւ անոնք կը քարկոծէին սգաւոր ժողովուրդը։ Աւելի ուշ կարգ մը ընտանիքներ սկսան մարմարիոնէ շիրմաքարեր սարքելու։
Մեր ընտանիքը
Ես 1930-ին ծնած եմ Կիւմիւշհաճըգիւղ հայրս Միքայէլ էր իսկ մայրս Ազնիւ։ Հօրս մայրը Իմաստուն Կեսարիոյ Թալաս գաւառէն հարս եկած էր Մարզուան, իսկ մեծ հայրս Յակոբ Չոպանեան ջաղացպան էր։ Մեր Չոպանեան ազգանունը ազգանուններու օրէնքի շրջանին վերածուեցաւ Սէօզիւտողրուի։ Մեծ հօրս ռուսերուն գերի ինկած ժամանակ մեծ մայրս Իմաստուն Մարզուանի մէջ երկու զաւակներով առանձին կը մնայ։ Եղբայրը զիրենք իր քով Օսմանճըք կը բերէ։ Սակայն միջոց մը վերջ ան ալ դաւադրութեան մը հետեւանքով անհետ կը կորչի։ Մեծ հայրս եւ իր եղբօր կինը երկուական մանչերով մէջտեղը կը մնան։ Վերջապէս Կիւմիւշհաճըգիւղէն Նշան Աղա անունով հայ մը պատահմամբ կը ծանօթանայ իրենց հետ եւ կը թելադրէ իր հետ Կիւմիւշհաճըգիւղ երթան։ Հայրս այնտեղ պայտարի մը քով աշակերտութեան կը սկսի։
Յետոյ կ՚աշխատի կլայագործի մը մօտ։ Ան բոլորին ծանօթ էր որպէս կլայագործ եւ պղնձագործ։ Հսկայակազմ մէկն էր եւ այդ պատճառաւ ալ ոմանք զինք կը կոչէին Քոճա Միքայէլ, իսկ ոմանք ալ թուխ ըլլալուն պատճառաւ Գարա Միքայէլ ածականներով։ Ես տակաւին դպրոցական տարիքի տղայ էի, երբ հայրս զինուոր գրեցին եւ տարին Ատանա Ճէյհանի մօտ «Այկըր Ահըրը» կոչուած տեղը։ Ուղիղ 75 օր մնացած են այնտեղ։ Զրոյցի մը համաձայն հոն տարած են զիրենք կոտորելու համար։ Կը պատմուի թէ անոնց փրկութիւնը եղած է Քազըմ Քարապեքիրի ձեռքով, ան առարկած է Իսմեթ Ինէօնիւյին ըսելով թէ «Տակաւին չես կրցած տալ սպաննածներուդ հաշիւը, հապա ասոնց հաշիւը ինչպէ՞ս պիտի տաս»։
Այսպէս կ՚արձակուին զինանոցէն, քանի մը ամիս անց կրկին զօրակոչուած եւ այս անգամ ալ ուղարկուած են ճանապարհաշինութեան ճամբարներուն։ Կառուցած են Պալըքէսիր- Սընտըրկի, Աքհիսար- Մանիսա ճանապարհը։ Թերեւս կարելի է աշխատանքէ աւելի տանջանք կամ չարչարանք բառերով բնութագրել այդ տեղի ապրումները։
Երբ 8 տարեկան էի զիս դպրոց ղրկեցին։ Մեհմետ Փաշա մեքթեպի էր իմ գացած դպրոցի անունը։ Անշուշտ այս մէկը վերջէն ընտրուած անուն մըն էր, իրականութեան մէջ այդ շէնքը նախկին Պարթեւեան վարժարանն էր, որ ունէր երեք դասարաններ։ Հիները կը վկայեն թէ դպրոցին մէջ եղած է Մատուռ մըն ալ, որ կը կոչուէր Սուրբ Յակոբ։ Դպրոցին մօտակայքին կը գործէր «Կավուր Համամը» կոչուած բաղնիքը, որ անցեալին սարքուած էր դպրոցին ծախսերը հոգալու համար։ Հայերը նուիրեալ աշխատանքով կառուցած էին բաղնիքը եւ զայն կոչած «Ազգային բաղնիք»։ Բաղնիքը առաւօտուն 05.00-էն մինչեւ 20.00 կը ծառայէր կիներուն եւ յետոյ այրերուն։ Միայն Ռամազանի օրերուն ինքնաշարժի մը վրայ զետեղուած բարձրախօսով կը յայտարարէին, թէ բաղնիքը այդ գիշեր պիտի ծառայէ կիներուն։
Նախակրթարանը աւարտելէ ետք հայրս ինծի համար յարմար տեսաւ երկու արուեստներ, սափրիչ կամ դերձակ։ Ես ընտրեցի դերձակութիւնը եւ սկսայ աշկերտութիւն ընել Համբար Թէյինեանի մօտ Համբար վարպետը համբաւ կը վայելէր իր արուեստով։ Հոն արուեստը սորվեցայ եւ բանակի ծառայութենէն վերադառնալով բացի իմ աշխատանոցը։ Ամուսնացայ Սիրարփիի հետ։ Մեր ժամանակ Կիւմիւշհաճըգիւղի բոլոր հայերը արհեստաւորներ էին։ Մեր բնակած վայրի չորս կողմը այգիներով շրջապատուած էր։ Նշանաւոր էր մեր խաղողը։ Տեսակ տեսակ խաղող կ՚աճեցնէինք։ Կը հաւաքէինք բերքը ու կը տանէինք գինեգործ Դաւիթին։ Ան կը ճզմէր մեր տարած խաղողը իր օրինական բաժինը վար դնելէ ետք կը վերադարձնէր։ Ապա մենք կը սկսէինք խաղողը մշակելու գործին։ Մէկ մասը կը զատէինք, որպէս ռուպ, իսկ մէկ մասն ալ գինի։ Անպայման խնձորով կը համեմէինք մեր տնական գինին։
Թէյինեանները Կիւմիւշհաճըգիւղի հարուստ ընտանիքներէն կը համարուէին։ Իրենց մշակած գինին ունէր վաճառանիշ «Թուրնալար շարապը»։
Յակոբ Սէօզիւտողրուի յուշերուն մէջ բացի այս հայաշատ գաւառի կենցաղային, տօնական կամ ծիսական աւանդութիւններէն կը խօսինք նաեւ պատմական վկայութիւններու վրայ։ Ան կը պատմէ թէ տեղացի երեւելի թուրքեր ինչպէս կցած են կանխել Թոփալ Օսման անուն աւազակապետի Կիւմիւշհաճըգիւղ մուտքը։ Բոլորը պատուիրակութիւն մը կազմած Կիւմիւշհաճըգիւղէն 2 Քմ. հեռաւորութեան վրայ կը դիմաւորեն աւազակապետը եւ իմաց կու տան, թէ իրենք պատշաճը կատարած են ուստի կարիք չկայ այս գաւառը մտնելու։ Այսպէսով Կիւմիւշհաճըգիւղի հայերը փրկուած են անխուսափելի կոտորածէ մը։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
Ակօս