Մեծի Տանն Կիլիկոյ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն ունեցած լիագումար եւ միօրեայ աշխատանքային հանդիպումներէն ետք, Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2019ին, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան երկու ժողովներուն միացեալ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Գործադիր վարչութիւնը ներկայացնող մարմինը (16՝ Կրօնական ժողովէն, 16՝ Քաղաքական ժողովէն) լայնօրէն քննարկեց Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց հետ յարաբերութեանց, Ս. Էջմիածինի հետ գործակցութեան հետ կապ ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ: Ժողովը նաեւ իր օրակարգին վրայ ունէր թեմերու վերակազմակերպումի հոլովոյթը եւ այս ծիրին մէջ կատարուած ու կատարուելիք աշխատանքները: Յատուկ զեկուցումներ տրուեցան ժողովին Սիսի կաթողիկոսարանի դատին, Արցախի մէջ կաթողիկոսարանին կողմէ հաստատուած Նոր Կիլիկիա գիւղին, Սուրիոյ հայութեան վերականգնման աշխատանքներուն եւ Յուլիս ամսուան ընթացքին կաթողիկոսարանին մէջ տեղի ունենալիք մամլոյ համահայկական համագումարին մասին:
Յիշեալ քննարկումներուն եզրակացութիւնը կատարելով՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.
ա. Անհրաժեշտ է ամրապնդել հայրապետական երկու աթոռներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը եւ նոր մղում տալ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման նպաստող աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն:
բ. Սփիւռքի վերակազմակերպումը եւ այդ ծիրին մէջ նաեւ թեմերու վերակազմակերպումը, իր զանազան երեսներով, անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն է:
Հանդիպման աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց Կեդրոնական վարչութեան եւ թեմերու առաջնորդներուն ու Ազգային իշխանութեանց կողմէ կատարուող եկեղեցանուէր ու ազգաշէն ծառայութեան համար: