կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-12 16:20
Հասարակություն

Անթիլիասի Մէջ Խորհրդակցական Նիստեր` «Հայ Մամուլի Տարի» Հռչակման Առիթով

Անթիլիասի Մէջ Խորհրդակցական Նիստեր` «Հայ Մամուլի Տարի» Հռչակման Առիթով

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2019-ը «Հայ մամուլի տարի» հռչակելու առիթով, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցան խորհրդակցական հանդիպումներ` յառաջիկայ ապրիլին, զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ գործող գլխաւոր խմբագիրներու եւ մամուլի հեղինակաւոր գործիչներու համահայկական համաժողով կազմակերպելու համար:

Խորհրդակցութեան  մասնակցեցան Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէն եւ Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Զարթօնք»-ի տնօրէն Սեւակ Յակոբեան, «Արարատ»-ի խմբագիր Աւետիս Փօշողլեան, կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, կաթողիկոսութեան հայագիտական-կրթական գրասենեակի պատասխանատու Ժիրայր Դանիէլեան, Տեղեկատուական բաժանմունքի տեսուչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Խորհրդակցութեան առաջին նիստին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, կարեւոր նկատելով հայ մամուլին դերը, անդրադարձաւ այն գլխաւոր գործառոյթներուն, որոնք հայ մամուլը իբրեւ առաքելութիւն պէտք է վերաիմաստաւորէ` ներկայ ժամանակակից պայմաններուն լոյսին տակ:

Յաջորդող նիստերուն, մամուլի գործիչները քննարկեցին համաժողովի ընդհանուր խորագիրին, նիստերուն եւ զեկուցումներուն համար ձեւակերպելիք թեմաներուն ու մասնակցութեան ձեւաչափի վերաբերող հարցեր եւ կատարեցին առաջարկներ` իբրեւ ուղենիշ նկատի ունենալով վեհափառ հայրապետի հրապարակած պատգամը` 2019-ը «Հայ մամուլի տարի» հռչակելու առնչութեամբ:

Այցելութիւն` Առաջնորդ Սրբազան Հօր

Ուրբաթ, 11 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան եւ «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէն Տիգրան Յարութիւնեան հանդիպում մը ունեցան թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին հետ:

Հանդիպումին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւնները եւ հայկական տեղեկատուական դաշտը յուզող շարք մը խնդիրներ:

Հանդիպումէն ետք, գլխաւորութեամբ թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանին, Սէյրանեան եւ Յարութիւնեան այցելեցին Ազգային միացեալ վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցան տնօրէն խորհուրդին հետ եւ մօտէն ծանօթացան վարժարանի աշխատանքներուն:

       Հանդիպում` Դեսպանատան Մէջ

Հայրենի եւ լիբանանահայ մամուլի գործիչները հինգշաբթի առաւօտ հանդիպում ունեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին հետ:

Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ զեկուցեցին «Հայ մամուլի տարուան» առիթով կազմակերպուելիք համախմբումին նախապատրաստական խորհրդակցութիւններուն մասին: Դեսպան Աթաբէկեան ողջունեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութիւնը հայ մամուլի յատուկ կարեւորութիւնը նկատի ունեցած ըլլալու եւ այժմէական ու շատ խիստ կարեւորութիւն ներկայացնող այս առաջադրանքին ուղղութեամբ նման համահայկական համախմբում կազմակերպելու որոշումը` պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցելու եւ համագործակցելու:

               Այցելութիւն «Ազդակ»

Հայրենի եւ լիբանանահայ մամուլի գործիչները այցելեցին նաեւ «Ազդակ» եւ հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ:

Քննարկման առանցք հանդիսացան հայ մամուլին հետ առնչուած այժմէական խնդիրները: