Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Բարեկամ, չեմ գիտեր ինչո՞ւ, սակայն անհամբեր եմ ու առանց սպասելու արձագանգիդ, ահա կը շարունակեմ գրել, ոչ թէ կրկնելու նախապէս ըսուածը, այլ հետդ վերընթերցելու պատմութիւնը եւ փակագծեր բանալու:
Պատմաբան չեմ ակադեմական իմաստով, ոչ ալ յաւակնութիւն ունիմ ըլլալու: Եթէ ինքզինքս բնորոշելու ըլլամ՝ ես ընթերցող եմ, գրականութեան բոլոր սեռերու անյագ ընթերցող, փիլիսոփայութենէն, կրօնէն մինչեւ ընկերային գիտութիւններ եւ հետեւող անոնց շարժման՝ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ:
Աշխարհի երեսին ոչինչ պարզ է: Ամէն քայլափոխի հարցումներ կը յառաջանան՝ ինչու-ներ, կը փորձես տրամաբանութեամբ պատասխանել, երեւոյթներ իրար կապել, փնտռել պակսող օղակներ, որոնք զիրար կրնան կապել հանելուկ-կտորները (puzzle) եւ իմաստալի պատկեր մէջտեղ բերել: Արդարեւ, երբ շուրջ բոլորդ կը դիտես, ունկ կը դնես շրջապատիդ մէջ հնչող հարցադրումներու, կրկին կը դիմես գրականութեան, գտնելու կորսուած օղակ մը, առնչութիւն մը, ինչու-ի մը պատասխանին ենթադրեալ բանալին: Գրականութեան մէջ թերեւս կան սպառիչ պատասխաններ, սակայն 68 տարուան կեանքիս ընթացքին ջանքերս զուր անցած են համատեղուած գտնել փաստարկուած՝ տրամաբանական պատասխաններ հարցերու, որոնք ազգային մեր ներկայ կեանքին ու հայրենի պետութիւններու անցեալին ու ներկային կʼառնչուին, մեր հիմնական դժուարութիւնները, դժբախտութիւնները եւ աղէտները, սպասուող ապագայ ճակատամարտերու բնոյթը, վայրը, զէնքերը յուշել:
Այն տպաւորութիւնն ունիմ, որ մշտապէս պատմութեան շարժման կիզակէտին գտնուած ենք, բառացիօրէ՛ն, այրած են մեզ՝ կիզած, այն պարագային, երբ մենք անշառ՝ անվնաս, մեր առօրեայ վար ու ցանով, առեւտուրով կամ ինչ որ խաղաղ զբաղումով օրուան հացը վաստկելու եւ ընտանիք պահելու հոգսը ունեցած են: Որպէս ժողովուրդ, մարդիկ, անգիտակցօրէն մասնակից՝ առարկայ ու ենթակայ եղած ենք պայքարներու, պատերազմներու, որոնք մեր շուրջ կամ մեզմէ հեռու մղուած են, սակայն սերտօրէն կապուած եւ ազդած են մեր վրայ, թէ՛ նուաճուած, թէ՛ յարաբերաբար ինքնուրոյն եղած ժամանակ:
Ինչո՞ւ այս մասին կը գրեմ ու հրապարակաւ կը բարձրաձայնեմ, քեզ ալ ներգրաւելով այս պատմութեան մէջ: Ես չեմ կրնար անլուսին գիշերուան մութին ճամբաս գտնել, ոտքիս տակ գտնուող անդունդը տեսնել, դարանակալ վայրի կենդանիի յարձակման պատրաստ ըլլալ եւ ապահով տեղ հասնիլ: Պէ՛տք է լոյսը, պէտք է լուսաւորուինք, լուսաբանուինք, բացատրենք ու բացատրուինք: Այլապէս՝ ի՞նչ: Տոն Քիշոթի նման հողմնաղացնե՞րը ամեհի թշնամիներ ենթադրենք, պարզապէս անոնց տեսանելի ըլլալուն եւ մեր աչքին անճոռնի՞ երեւալուն պատճառով:
Չէ՛ բարեկամ, մենք եւրոպական լուսաւորութեան դարու շարունակութեան մէջ կը գտնուինք, առանց յիշելու՝ թերեւս չգիտնալով սեփական լուսաւորութեան հազարամեակներու հանգրուանները: Անպայմա՛ն պատասխաններ ունինք, պէ՛տք է ունենանք, զի դիմացած ենք ու վերապրած բազում արհաւիրքներ, աղէտներ, իսկ առանց լոյսի դժուար թէ կարենայինք առանց նեցուկի եւ համապատասխան կարողութեան դիմանալ եւ հազարամեակներ ճամբայ կտրել, յաղթահարելով դար ու փոս: Մարդիկ կրնան ըսել՝ մեզ առաջնորդած լոյսը մեր հաւատն է, Քրիստոսի լոյս հաւատը: Դէմ չեմ, միայն նկատի պիտի ունենալ, որ Քրիստոսի մեր ծանօթութիւնը երկու հազար տարուան անցեալ ունի միայն, իսկ մեր երթը շատ աւելի կանուխ սկսած է եւ շարունակուած: Պատեհ առիթի մը շատ պիտի ուզէի Քրիստոսի եւ իր ուսմունքին մասին գրել, պեղել եւ հարցադրել անոր առնչութիւնը հազարամեակներ առաջուան մեր վարքին ու նկարագրին, թէ ինչո՞ւ մեզի հոգեհարազատ է այնքան, որ մենք մեզ կը ծանօթացնենք հայ-քրիստոնեայ, երբ գիտենք որ հայը ազգ է, իսկ քրիստոնեան կրօնի հետեւորդ, երբ հայը կանխած է քրիստոնէութիւնը եւ կրկնած է հզօր վարդապետի խաչ բարձրանալու ճակատագիրը: Չէ, մենք անգիտակցաբար հարցեր կու տանք, մինչդեռ համոզիչ, ոչ պարզունակ պատասխաններ չենք տար:
Եթէ չես ձանձրացած, եկուր շարունակենք մենք մեր հին պատմութիւնը, զոր Ռուսիոյ նուիրած էի, սակայն փակագիծեր փակ ալ մնացած էին: Անհամբեր եմ քեզ հետ կիսուելու բացուող փակագիծերուն հետեւանք նոր հաւասարութիւններուն:
Արդ, նիւթս այս անգամ նուիրուած է վերազգային քաղաքական համայնքներուն, ուժի կեդրոններուն, աշխարհի ղեկը ձեռք բերած մարդկային գոյացութիւններուն:
Կծիկի թելը քանդելու համար ընտրած եմ գիրք մը՝ «Սիոնի իմաստուններու փրոթոքոլները», որուն ծանօթացած եմ ուղիղ քառասուն տարի առաջ, եգիպտական բանակ ծառայութեանս միջոցին: Գումարտակի շտաբի գրադարանին մէջ գտայ զայն, յստակ նշումով՝ «խիստ գաղտնի»: Շարքային զինուորիս համար չէր նախատեսուած այն, այլ սպայական կազմին: Գրասենեակի գործավարը ընկերս էր եւ տրամադրեց գիրքն ինծի, զոր շնչահատ կարդացի ու... մազերս պիզ-պիզ կանգնեցուց, մարմիս փշաքաղեց: Անհաւատալի էր ուղղակի: Մարդիկ, աւելի որոշ՝ յուդայական կրօնի հոգեւոր առաջնորդներ, աւելի քան հազար տարի առաջ արեւելեան Եւրոպայի մէջ ժողովուած են եւ իրենց սուրբ գրային հաւատալիքներուն հիման վրայ ընդունած սկզբունքներ, անոնց վրայ կառուցած գործող համակարգ ու ճշդած նպատակ:
Առանց մանրամասնութիւններու մէջ խորանալու, միտք բանին այն էր, որ յուդայական հաւատի հետեւորդները աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն են եւ սահմանուած են աշխարհին տիրելու, իսկ մնացեալ ժողովուրդները՝ շատ մեղմ բնորոշումով, իրենց կամակատարներն են: Այ քեզ բա՜ն: Ստոյգ՝ ա՛ս է կրօնական հաւատալիքի քաղաքականացուած մոդելը՝ բնորդը:
Տարիներու ընթացքին ուզեցի պեղել պատմութիւնը եւ գտնել, թէ յուդայականները ինչո՞ւ այդքան բազմացած են Եւրոպայի եւ յատկապէս Ռուսիոյ տարածքին: Եւ ո՛վ զարմանք, ի յայտ եկաւ, որ սուրբ գրային Յակոբի զաւակներու 12 սերունդները չեն միայն յուդայական հաւատքի հետեւորդները, անոնք ունին վերցեղային ճիւղաւորում, որոնցմէ մին գտայ... Խազարները:
Երբ դիմես համացանցային համայնագիտարանի, պիտի կարդաս, որ այս ժողովուրդը կեդրոնական Ասիոյ տափաստաններէն քոչած եւ Ռուսիոյ հարաւը՝ Կովկասեան լեռնաշղթայի հիւսիսը հաստատուած թուրանական ցեղ է, ուր ալ մեր միջնադարուն, աւելի ճշգրիտ՝ եօթերորդ դարուն, ունեցած է հզօր կայսրութիւն: Շատ չանցած իրենց արքան՝ խաքանը, կʼորոշէ իր մօտ հրաւիրել երկնային երեք՝ իսլամ, քրիստոնեայ եւ յուդայական կրօններու հոգեւորականներ, որպէսզի անոնցմէ մին ընտրէ իբրեւ պետութեան պաշտօնական կրօն: Եւ այդպէս ալ կʼըլլայ: Միջնադարուն, մեր հայրենիքի հիւսիսը, կը ձեւաւորուի յուդայական պետութիւն՝ Խազարական կայսրութիւնը:
Պատմութիւնը կʼաւանդէ, որ անոնք յաճախ ասպատակած են նաեւ մեր երկիրը եւ աւարառութեան ենթարկած: Աւելի հետաքրքրական պիտի ըլլար եթէ մէկն ու մէկը հակիրճ պատմէր պետական այս գոյացութեան քաղաքակրթական նպաստը մարդկութեան: Աւելի ուշ, տասներորդ դարուն, նորայայտ ռուսական գործօնը կը կործանէ այս կայսրութիւնը եւ կը գրաւէ անոր հողերը: Այ, հիմա արդէն կարծես բացատրուեցաւ, թէ ինչո՞ւ Ռուսիոյ եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի տարածքին շատ եղած են յուդայականները եւ մինչեւ օրս ե՛ն:
Նաեւ ինքս ինձ հետեւցուցի, որ իրաւունք ունին ազգայնական արաբները, երբ կʼըսեն, որ արդի եբրայական պետութիւնը՝ Իսրայէլը, ազգային պետութիւն չէ զինք բաղկացնող տարրերով, այլ դաւանանքի հիման վրայ բազմազգ պետական գոյացութիւն մը, որուն սահմաններուն մէջ եւ անկէ դուրս կը փորձեն ազգ կերտել, գիր-գրականութիւն, մշակոյթ զարգացնել, համատեղ կեանքի պատմութիւն գրել, քաղաքակրթական ազդակ դառնալ:
Եւ փորձուեցայ խազարներու պետութեան կործանումին հետ կապել հազարամեակ մը առաջ Սիոնի իմաստուներու համագումարը: Եւ շատ հետաքրքրական հարցում-հաստատումներ ունեցայ: (Շատ կը փափաքիմ՝ որ մասնագէտներ իրենց հիմնաւոր ու հեղինակաւոր կարծիքը յայտնեն այս եւ մնացած բոլոր տուեալներուն թէ ենթադրութիւններուն մասին, ընդհուպ մինչեւ Սիոնի իմաստուններու փրոթոքոլները, որոնց արդի օրինակը տեղադրուած գտայ համացանցին վրայ, անհամեմատ անվնաս շարադրանքի վերածուած):
Նախ՝ կարծես ուղիղ պատասխանը գտայ, այսպէս կոչուած հրեաներու եւ թուրքերու, իսկ ներկայիս նաե՛ւ ատրպէյճանցիներու, նախկին կովկասեան թաթարներուն սերտ եւ գործնական կապերուն: Տրամաբանելով երկու գոյացութիւններու նմանութիւնը, պէտք է անպայման արձանագրել որ անոնք ժամանակի ընթացքին պետականութիւն հաստատած են այլ ժողովուրդներու հայրենիքներուն մէջ, գոնէ թուրքերու պարագային՝ ոչնչացուցած են զիրենք անմիջապէս նախորդած քաղաքակրթութեան հետքերը, իսկ հազարամեակներու վաղեմութեան քաղաքակրթութեան տէր կանգնելու, իւրացնելու, այդ հողերուն վրայ սեփական արմատը խորացնելու եւ ճիւղաւորելու ճգնած են:
Հետաքրքրական է, որ այն ինչ յաջողեցաւ ընել Իսրայէլ՝ առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ միալեզու եւ միամշակոյթ մարդկային զանգուած յառաջացնել յարաբերաբար կարճ ժամանակի ընթացքին, Թուրքիա չկարողացաւ, իսկ ատրպէյճանցիներուն մօտ դուռն այնքան սեղմ փակած են, որ ծանօթ չեմ՝ օրինակ, այդ երկրի սահմաններուն մէջ մտած եւ մեզ՝ հայերուս հետ աւելի քան հարիւր տարի առաջ համատեղ պատմութիւն կերտած ուտիներուն մասին: Ինչ մեղքս պահեմ, միշտ զարմացած եմ, որ ինչո՞ւ Իսրայէլ այդքան գուրգուրոտ պէտք է ըլլայ եւ նրբանկատ ամէն անգամ որ հարցը հասնի Թուրքիոյ եւ թուրքերուն, հայոց ու Հայոց ցեղասպանութեան: Գործնապաշտ քաղաքականութեամբ չի կրնար բացատրուիլ նման սրտակցութիւնը եւ ռազմավարական գործընկերութիւնը:
Զարմանալի է բայց իրողութիւն՝ աւելի քան հարիւր տարի առաջ օսմանեան խորհրդարանի մեպուս Վարդգէս Սէրէնկիւլեան (Գիսակ, նահատակուած 1915-ին, Գրիգոր Զօհրապի հետ, նոյն ոճրագործին ձեռամբ, նոյն քարով) մեճլիսի ամպիոնէն մտավախութիւն յայտնած էր, որ հրեաներու Պաղեստին տեղաւորուելու իրաւունքներու ընդլայնումին շուրջ հակադրութիւններն ի վերջոյ հայութեան գլխուն պիտի պայթին: Չեմ յիշեր ճշգրիտ թուականը, ոչ ալ աղբիւրն ունիմ ձեռքիս տակ, սակայն այս ազդարարութիւն-մտավախութիւնը նահատակ դաշնակցական գործիչը հնչեցուցած է դեռ 1911-ին: Եւ փաստօրէն չէր սխալած. շատ չանցած ամբողջ ազգ մը իր հայրենիքէն տեղահանեցին ու կոտորեցին, մեծէն փոքր...
Հարցում մը... այս մեծէն փոքր, անխնայ կոտորելու մշակոյթը քեզ չի յիշեցներ հին կտակարանին մէջ նկարագրուած ու եհովայի աջակցութեամբ քաղաքներու եւ ժողովուրդներու բնաջնջման պատկերները: Ես, օրինակ, կը յիշեմ... Մշակոյթ է, քաղաքակրթութիւն, անապատի՛, վաչկատո՛ւն ցեղերու մշակոյթ ու քաղաքակրթութիւն:
Արդէն շատ երկարեցի, սակայն աւարտելու համար ալ շատ ըսելիք ունիմ, աւելի ճիշդ՝ հարցումներ, որոնք սպառիչ ու համոզիչ պատասխանի կը սպասեն:
Այս նամակս փակելէ առաջ քանի մը հաստատում ընեմ. գիտակից եմ, որ ականապատ դաշտ ոտք կը դնեմ ու դիմացս գերհզօր եւ ամենահաս ուժեր են, թէեւ ես այնքան ճղճիմ եմ, որ չարժէ վրաս ուշադրութիւն ալ դարձնել: Բայց ական մը կրնայ պայթիլ անսպասելի ու չմտածուած եւ վնաս հասցնել:
Երկրորդ, ո՛չ յուդայականութեան հետեւորդներուն եւ ոչ ալ արդի հրեայ ժողովուրդին հանդէպ թշնամանք կամ հակակրանք ունիմ: Ի վերջոյ անոնք ալ մեզ նման մարդ արարածներ են: Ունի՛մ, նկարագրածս ուժերուն հանդէպ, որոնք ուրիշի հողին վրայ, ուրիշի արեամբ ու քրտինքով կը փորձէ սեփական խնդիրներ լուծել, խնդիրներ, որոնք՝ ինչպէս նախորդ նամակիս մէջ նկարագրած էի, իրենց ընդհանուր վարքի ու դաւադրական՝ աշխարհն իրենց ափերուն մէջ առնելու եւ տիրելու, իրենց քաղաքակրթական եսամոլական նպատակներուն ծառայեցնելու գործելակերպին զոհ դարձուցած են նոյնիսկ իրենց հաւատակիցները եւ դժբախտացուցած զանոնք: Հաւանական է, որ Իսրայէլը ստեղծելու եւ բնակեցնելու ճամբուն վրայ հոլոքոստն ալ անուղղակիօրէն սարքած կամ առնուազն նպաստած ըլլան այդ ահաւոր ոճիրին:
Տիեզերական ներդաշնակութեան եւ տարբեր ցեղերու, ազգերու եւ դաւանանքներու համակեցութեան, համագործակցութեան ջատագով եմ, ո՛չ հակառակին: Քրիստոսի ուսմունքի կրող եմ, ո՛չ Մովսէսի, ոչ ալ եղբօր՝ Ահարոնի:
Դեռ չաւարտեցի:
Զ. ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ