կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-04-25 16:06
Հասարակություն

Բո­ղո­քի պա­հան­ջա­տի­րա­կան ցույ­ցեր դե­պի Ա­թեն­քի թուրքա­կան դես­պա­նա­տուն և Թե­սաղո­նի­կեի թուրքա­կան հյու­պա­տո­սա­րան

Բո­ղո­քի պա­հան­ջա­տի­րա­կան ցույ­ցեր դե­պի Ա­թեն­քի թուրքա­կան դես­պա­նա­տուն և Թե­սաղո­նի­կեի թուրքա­կան հյու­պա­տո­սա­րան

Ա­թէն­քի ու ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ե­րէկ ­Չո­րեք­շաբ­թի 24 Ապ­րիլ 2019ին, հա­յու­թիւ­նը հա­մախմ­բո­ւե­ցաւ ու վճռա­կամ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը պար­տադ­րեց, բո­ղո­քի պա­հան­ջա­տի­րա­կան ցոյ­ցեր ի­րա­գոր­ծե­լով դէ­պի Ա­թէն­քի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան։

Ա­թէն­քի մէջ ցոյ­ցը սկսաւ յետ­մի­ջօ­րէին, ­Նէա Զ­միռ­նիի յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ ի­րա­գոր­ծո­ւած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին։ ­Դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մէն ու պաշ­տօ­նա­կան յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­մէն ետք, ժո­ղո­վուր­դը հան­րա­կառ­քե­րով եւ ինք­նա­շարժ­նե­րով ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի Ա­թէն­քի կեդ­րոն, հա­մախմ­բո­ւե­լով ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ տե­ղադ­րո­ւած Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան քա­րոզ­չա­կան տա­ղա­ւա­րին առ­ջեւ։

Բարձ­րա­խօս­նե­րէն հնչած հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան եւ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու հնչիւն­նե­րուն տակ, ար­դէն հա­մախմ­բո­ւած Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան հա­րիւ­րա­ւոր ան­դամ­նե­րը, բո­ղո­քի ցոյ­ցի ա­ռա­ջին կար­գին ան­ցան, ա­ռաջ­նոր­դե­լով ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցը, Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան ­Վա­սի­լի­սիս ­Սո­ֆիաս պո­ղո­տա­յէն։ ­Կար­գա­պա­հու­թեամբ ու խիտ շար­քե­րով քա­լե­ցին ցու­ցա­րար­նե­րը դէ­պի ­Ռի­ղի­լիս հրա­պա­րակ, բարձ­րա­խօ­սով օժ­տո­ւած ինք­նա­շար­ժի մը ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ուր­կէ կը հնչէին պա­հան­ջա­տի­րա­կան լո­զունգ­ներ եւ կարճ բո­վան­դա­կու­թեամբ խօս­քեր։

Բո­ղո­քի եր­թին ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, օ­րո­ւան կար­գա­խօս­նե­րը պար­զող պաս­տառ­նե­րու եւ ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րու կող­քին, Ե­ռա­գոյն եր­կար դրօ­շակ մը, հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ազ­գա­յին դրօ­շակ­նե­րը, ինչ­պէս եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դրօ­շակ­ներ պար­զած ժո­ղո­վուր­դը՝ բարձ­րա­ձայն կը վան­կար­կէր պա­հան­ջա­տի­րա­կան լո­զունգ­նե­րը։ Ազ­դու էր պա­տա­նի­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք ի­րենց վա­րիչ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ եւ խան­դա­վառ կան­չե­րով ի­րենց իւ­րա­յա­տուկ շեշ­տը կու­տա­յին ցոյ­ցին։

Ան­մի­ջա­պէս կը յա­ջոր­դէին Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը, ա­ռաջ­նոր­դող կեդ­րո­նա­կան պաս­տա­ռով, ուր կը պար­զո­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի քար­տէ­սը, ո­րու վրայ գրո­ւած էր «Այս է մեր սուրբ հո­ղը։ Այս է ­Հա­յաս­տա­նը»։

Երբ եր­թը հա­սաւ ­Ռի­ղի­լիս հրա­պա­րա­կին ան­կիւ­նը, կանգ ա­ռաւ՝ թրքա­կան դես­պա­նա­տան ճամ­բան փա­կած ոս­տի­կա­նու­թեան ա­պա­հո­վա­կան ու­ժե­րուն առ­ջեւ, ո­րոնք չար­տօ­նե­ցին որ ցու­ցա­րար­նե­րը յա­ռա­ջա­նան ու հաս­նին դես­պա­նա­տան դրան առ­ջեւ։ Ոս­տի­կա­նա­կան ինք­նա­շարժ­նե­րով փա­կո­ւած էր ճա­նա­պար­հը եւ ա­պա­հո­վու­թեան յա­տուկ ջո­կատ­ներ շա­րո­ւած էին ոս­տի­կա­նու­թեան ու­ժե­րուն ե­տին։

Ցու­ցա­րար­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին պա­հան­ջա­տի­րա­կան լո­զունգ­ներ բա­ցա­գան­չել, ա­պա զօ­րակ­ցա­կան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ­Յու­նաս­տա­նի ­Պոն­տա­կան միու­թեան, ինչ­պէս նաեւ երկ­րի քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թեանց ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց ընկ. ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեան, որ խօ­սե­ցաւ հայ ե­րի­տա­սար­դի հո­գե­կան ապ­րում­նե­րուն եւ վճռա­կամ կե­ցո­ւած­քին մասին, յայտ­նե­լով թէ ամ­բող­ջա­կան եւ ար­դա­րա­ցի հա­տու­ցում կը պա­հան­ջէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, որ իր պա­հան­ջը ուժ­գին կը բա­ցա­գան­չէ, ան­գամ մը եւս գտնո­ւե­լով թրքա­կան դես­պա­նա­տան առ­ջեւ։
Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած այս տա­րո­ւան ցոյ­ցին ալ ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ դրո­ւած ար­գելք­նե­րով՝ չար­տօ­նո­ւե­ցաւ որ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը յու­շա­գի­րը յանձ­նէ դես­պա­նա­տուն։ ­Հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րը պար­զող այս յու­շա­գի­րը, կարճ ու ամ­փոփ հրա­պա­րա­կումն է՝ ճա­նա­չում ու հա­տու­ցում պա­հան­ջող հա­յու­թեան ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն։
Ցու­ցա­րար բազ­մու­թիւ­նը բարձ­րա­ձայն հնչե­ցու­ցած իր լո­զունգ­նե­րով, շատ յստակ եւ լսե­լի դար­ձուց հա­յու­թեան այս պա­հանջ­նե­րը։ ­Բարձ­րա­խօ­սէն յստա­կա­ցում­ներ կը տրո­ւէին հան­րու­թեան, բա­ցատ­րե­լով թէ հա­յու­թեան բո­ղո­քը ուղ­ղո­ւած է ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիոյ ժա­ռան­գորդ պե­տու­թեան դէմ։ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ան­դամ­նե­րը բարձ­րա­խօ­սէն ըն­թեր­ցե­ցին ­Թուր­քիոյ դես­պա­նու­թեան ուղ­ղո­ւած յու­շագ­րի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, որ­մէ պատ­ճէն­ներ յանձ­նո­ւե­ցան յու­նա­կան թեր­թե­րուն եւ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու թղթա­կից­նե­րուն։

Յա­ջոր­դա­բար, ցու­ցա­րար ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ճամ­բուն մէջ­տե­ղը զե­տե­ղե­ցին 1915 թո­ւա­կա­նի դա­հիճ­նե­րու լու­սան­կար­նե­րը, ո­րոնք կրա­կի տո­ւին։

Ցոյ­ցը հա­սաւ իր ա­ւար­տին ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեանց ազ­գա­յին ո­գերգ­նե­րու ժո­ղովր­դա­յին խմբեր­գու­մով։

Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ քի­միա­կան կա­զեր
ար­ձա­կո­ւե­ցան խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րուն դէմ

Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ նոյն­պէս կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ բո­ղո­քի պա­հան­ջա­տի­րա­կան ցոյ­ցը Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան խում­բին կող­մէ, ­Չո­րեք­շաբ­թի 24 Ապ­րիլ 2019ի ե­րե­կո­յեան։ ­Ցու­ցա­րար­նե­րը հա­մախմ­բո­ւե­ցան Ս­պի­տակ Աշ­տա­րա­կին առ­ջեւ օ­րե­րէ ի վեր տե­ղադ­րո­ւած քա­րոզ­չա­կան տա­ղա­ւա­րին առ­ջեւ, ա­պա ճամ­բայ ե­լան դէ­պի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան։ Ու­ժա­կան ո­գիով ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան լո­զունգ­նե­րու բա­ցա­գան­չու­մով յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ցոյ­ցը, ո­րու միա­նա­լու ե­կած էին հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի այլ քա­ղաք­նե­րէ հայ­րե­նա­կից­ներ եւս։ ­Բազ­մա­մարդ էր ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գիով լե­ցուն՝ եր­թը, որ յա­ռա­ջա­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի կեդ­րո­նա­կան պո­ղո­տա­նե­րէն։ Ոս­տի­կա­նու­թեան ա­պա­հո­վա­կան ու­ժե­րը խիստ էին ու չար­տօ­նե­ցին որ ցու­ցա­րար­նե­րը մօ­տե­նան հիւ­պա­տո­սու­թեան շէն­քին, մինչ ցու­ցա­րար­նե­րը վճռա­կա­մօ­րէն ար­տա­յայ­տե­ցին հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րը, ի­րենց բարձ­րա­ձայն լո­զունգ­նե­րով եւ պաս­տառ­նե­րով։ Ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րը փոր­ձե­ցին ետ մղել ցու­ցա­րար­նե­րու հա­ւա­քը, մեծ քա­նա­կու­թեամբ քի­միա­կան կա­զեր ար­ձա­կե­լով եւ ժո­ղո­վուր­դը ցրո­ւել ու­զե­լով։ ­Ցու­ցա­րար­նե­րը խստօ­րէն դա­տա­պար­տե­ցին խա­ղաղ ցոյ­ցի մը դէմ գոր­ծադ­րո­ւած այս­քան բիրտ վե­րա­բե­րու­մը, որ ո­րե­ւէ ձե­ւով պատ­ճա­ռա­բա­նե­լի չէ, պա­տա­նի­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ ու տա­րեց­ներ հա­մախմ­բած հա­ւա­քին հա­մար։

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մեծ օ­ղակ մը կազ­մե­լով, բո­լո­րին յի­շե­ցու­ցին, թէ հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը կեն­դա­նի է, այն­քան ժա­մանկ, քա­նի դեռ ­Թուր­քիա չի յանդգ­նիր ա­ռե­րե­սո­ւիլ իր պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան հետ, քա­նի դեռ մարդ­կու­թեան դէմ ծանր ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն կա­տա­րած պե­տու­թիւ­նը ամ­բող­ջո­վին չի դա­տա­պար­տուիր քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հին կող­մէ, քա­նի դեռ մեր­ժումն ու ժխտո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կը փոր­ձեն պար­տադ­րո­ւիլ մարդ­կու­թեան վրայ։

Քա­րոզ­չա­կան տա­ղա­ւար­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը
լայն հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ

Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թէն սկսեալ գոր­ծե­ցին Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան քա­րոզ­չա­կան տա­ղա­ւար­նե­րը, որ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան եւ օ­տար զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու շատ մեծ թի­ւի մը ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­ցին՝ Ա­թէն­քի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կին եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս­պի­տակ Աշ­տա­րա­կին առ­ջեւ։ Անց­նող բո­լոր այս օ­րե­րուն ըն­թաց­քին Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը հեր­թով պար­տա­կա­նու­թիւն ստանձ­նե­ցին, հսկե­լով աշ­խա­տան­քին ու տեղ­ւոյն վրայ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով ան­ցորդ­նե­րուն եւ թռու­ցիկ­ներ բաժ­նե­լով։ ­Հայ ­Դա­տի վե­րա­բե­րեալ շատ լայն ար­ձա­գան­գի ար­ժա­նա­ցող գոր­ծու­նէու­թիւն մըն են տա­ղա­ւար­նե­րը, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաս­տի վկա­յու­թիւնն ու ի­մաս­տը կը փո­խան­ցեն օ­տար հա­սա­րա­կու­թեան, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան պատ­գամ­ներ փո­խան­ցող ու լու­սա­բա­նող թռու­ցիկ­ներ եւ գրքոյկ­ներ կը տրա­մադ­րեն ժո­ղո­վուր­դին։

«Ազատ օր»