Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան հեռաձայնային եւ վիտէօ հաղորդակցութեամբ հարցազրոյցներ ունեցաւ «Արապիա» եւ «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայաններուն, ինչպէս նաեւ «Նահար»-ի առցանց պատկերասփիւռին հետ:
Վ. Եագուպեան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ցաւալի յիշատակ է բոլոր հայերուն համար, ուր որ ալ ըլլան անոնք` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ:
«Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն համար սուգի օր ըլլալէ անկախ, Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը ուխտը վերանորոգելու օր է, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը վերահաստատելու օր է: Հայերը իրենց պահանջներէն պիտի չհրաժարին, որքան ալ ժամանակը անցնի: Փաստը այն է, որ Ցեղասպանութենէն 105 տարի ետք հայ ժողովուրդը Թուրքիայէն կը պահանջէ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, ներում հայցել եւ հատուցել հայերը` նիւթապէս եւ բարոյապէս», շեշտեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիա մնայուն կերպով կը խուսափի պատասխանատուութիւն ստանձնելէ եւ կը պատրուակէ, որ Ցեղասպանութիւնը իբրեւ քաղաքական թղթածրար կ՛օգտագործուի, Վ. Եագուպեան ըսաւ. «Դուք ըսիք արդէն. Թուրքիա կը պատրուակէ: Թուրքիոյ այս պատրուակը անհիմն է: Այս առումով պատմութիւնը յստակ է: Պատմական ճշմարտութիւնը կը հաստատէ, որ թուրքերը սպանդի ենթարկած են շուրջ 2.400.000 հայեր, որոնք կը գտնուէին Արեւելեան Անատոլուի մէջ, որ հայ ժողովուրդին բնօրրանն էր: Այդ շրջանին մէջ ապրող 2.400.000 հայերէն միայն քանի մը հազար հայ մնացած են, ըստ Պոլսոյ հայկական պատրիարքութեան:
Այս հարցը պատմական է, քաղաքական եւ մարդկային: Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս որ աւելի քան 30 երկիրներ արդէն իսկ ճանչցած են զայն: Կան մեծ թիւով պատմաբաններ, որոնց մէջ նաեւ թուրք պատմաբաններ, որոնք հաստատած են եւ ճանչցած պատմական այս իրողութիւնը:
Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը փաստող մեծ թիւով փաստաթուղթեր կան, եւ Թուրքիան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ բացի այլ ելք չունի»:
Ամերիկեան Քոնկրեսին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին մասին հարցումի մը պատասխանելով Վերա Եագուպեան յայտնեց, որ խորքին մէջ անիկա թրքական պետութեան դէմ բանեցուած բարոյական ճնշում է` ճանչնալու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը եւ Ծերակոյտը անցեալ աշնան քուէարկեցին ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին, սակայն դժբախտաբար ամերիկեան վարչակազմը` գլխաւորութեամբ Թրամփի, մերժեց Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործել, այլ` օգտագործեց այլ եզրեր, ինչպէս Մեծ եղեռն, հաւաքական սպանութիւն, սպանդ: Ան մերժեց իսկական բառը` Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործել, ինչպէս որ մերժած էին անոր նախորդները` Օպաման եւ ուրիշներ: Միացեալ Նահանգներու միակ նախագահը, որ օգտագործած է Ցեղասպանութիւնը եզրը, Ռոնալտ Ռիկընն է, 1981-ին, երբ ամերիկեան-թրքական յարաբերութիւնները հեզասահ չէին, եւ հայկական լոպին մեծ ազդեցութիւն ունէր:
Անշուշտ այս չի նշանակեր, որ հայկական լոպին այսօր չի գործեր, ընդհակառակն` ան աշխուժօրէն կ՛աշխատի, եւ փաստօրէն անցեալ աշնան Քոնկրեսին մէջ պատահածը այդ աշխատանքին արդիւնքն էր, որուն մէջ սակայն իր ներդրումը ունեցած էր այդ ժամանակաշրջանին ամերիկեան-թրքական յարաբերութիւններու վատթարացումը», յայտնեց ան:
Վ. Եագուպեան աւելցուց, որ 1915-1916-ին պատահածը միայն հայոց դէմ չէր, հակառակ անոր որ հայերը կը ներկայացնէին Արեւելեան Անատոլուի քրիստոնեայ մեծամասնութիւնը: «Այդ սպանդներուն եւ Ցեղասպանութեան նպատակն էր ջնջել Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող բոլոր այն բաղադրիչները, որոնք թրքական ցեղերէ չէին, ինչպէս` ասորիները, քաղդէացիները, յոյները եւ հրեաները, որոնք կը գտնուէին այդ շրջանին մէջ: Օսմանեան կայսրութեան նպատակն էր վերացնել ոչ-թրքական բոլոր ցեղերը, որպէսզի Երիտասարդ թուրքերը` գլխաւորութեամբ Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ փաշաներուն, կարենային իրագործել թուրանական ծրագիրը եւ ստեղծել Մեծն Թուրանը, որ զուտ թրքական ցեղերէ կը բաղկանար` առանց ցեղային այլ պատկանելիութեանց: Եւ անոնք «յաջողեցան» իրենց ծրագիրին մէջ», հեգնեց ան:
Վերա Եագուպեան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը չէ յուսահատած, ան տակաւին պահանջատէր է: «Ներկայիս թրքական ընկերութիւնը փոխուած է, կայ պատմաբաններու եւ մտաւորականներու շրջանակ մը, որ կը պահանջէ իր պետութենէն` ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը եւ թօթափել Թուրքիոյ ուսերը ծանրացնող պատմական այս բեռը: Այս իրականութիւնը դրական զարգացում մը կը նկատուի, եւ կը հաստատեմ, որ մեր խնդիրը թրքական պետութեան հետ է եւ ոչ թէ ժողովուրդին», նկատել տուաւ ան:
Վ. Եագուպեան նշեց, որ այս տարի «Քորոնա»-ի համաճարակին ստեղծած ճգնաժամով եւ անոր պարտադրած բնակարանային մեկուսացման պարտաւորութեամբ հանդերձ, հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան 105-ամեակը նշեց համացանցի եւ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն:
«Մենք մինչեւ վերջին շունչ պիտի պայքարինք մեր իրաւունքներուն համար եւ պիտի շարունակենք մեր իրաւունքները պահանջել: Այնքան ատեն որ հայը կայ, այս դատը չի մեռնիր», հաստատեց ան:
Պատասխանելով հատուցման մասին հարցումի մը` Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրները հայերուն հատուցելու պարտաւորութեան տակ չեն գտնուիր: «Հատուցումը Թուրքիայէն պահանջուած է, եւ այդ մէկը պիտի կատարուի Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք», ըսաւ ան:
Հաւաքական յիշողութեան մասին Վ. Եագուպեան նշեց. «Հաւաքական յիշողութիւն հասկացողութիւնը շարք մը պատմութիւններ են, որոնք մենք մեր նախահայրերէն` Հայոց ցեղասպանութեան Ա. սերունդէն լսած ենք: Իւրաքանչիւրը ունի իր պատմութիւնը: Մենք հաւաքական մեր յիշողութիւնը պահած ենք դպրոցներուն, եկեղեցիներուն եւ ակումբներուն ճամբով: Անշուշտ անիկա նախ եւ առաջ ընտանիքներէն կու գայ, սակայն ընկերութեան մէջ դպրոցը, եկեղեցին եւ ակումբը նաեւ ունին իրենց դերակատարութիւնը: Մենք հպարտ ենք մեր հաւաքական յիշողութեամբ եւ զայն ուսանելի օրինակ մը կը գտնենք բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք կը մոռնան: Դժբախտաբար անոնց մէջ կայ նաեւ Լիբանանը, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին սովի ենթարկուեցաւ` Լեռնալիբանանի մէջ, Օսմանեան կայսրութեան ձեռամբ», հաստատեց ան:
Վ. Եագուպեան նկատել տուաւ, որ եթէ երկու ժողովուրդներուն միջեւ ատելութիւնը վերջ պիտի գտնէ, ապա Թուրքիա պէտք է իր պատմութեան հետ հաշտուի եւ իր պատմութեան էջը սպիտակ դարձնէ: «Թուրքիա չի կրնար ստելու իր քաղաքականութիւնը շարունակել եւ Ցեղասպանութիւնը ուրանալ, որովհետեւ թուրքերուն մէջ կայ հաւաքականութիւն մը, որ գիտէ պատահածը: Արեւելեան Անատոլուի մէջ հայեր կային, հիմա չկան. ո՞ւր են: Պէտք է իմանալ նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կրօնական հարց չէ: Թուրքերը նաեւ արաբ իսլամներ սպանդի ենթարկած են, հետեւաբար կարելի չէ Ցեղասպանութեան դրդապատճառը կրօնական ենթահողի վերածել: Թուրքերուն նպատակը Անատոլուն ոչ թրքական ցեղերէն բիւրեղացնելն էր եւ ոչ թէ կրօնական ազդակը նկատի ունենալով: Եթէ իրողութիւնը այդպէս էր, այսինքն` կրօնական ազդակի հիման վրայ, ապա այսօր ինչո՞ւ քիւրտերուն դէմ նոյնը կը պատահի: Կրօնական ազդակի շահագործումը Թուրքիոյ մարտավարութիւնն է` իր շուրջ կարելի եղածին չափ մեծ զօրակցութիւն ապահովելու համար: Թուրքիա կը հաւատայ եւ կը փափաքի իր հայրենիքը կերտել զուտ թրքական ինքնութեան վրայ, հետեւաբար հոն արաբ իսլամին գոյութիւնը նոյնիսկ անբաղձալի է», ընդգծեց Վ. Եագուպեան:
«Նահար»-ի առցանց պատկերասփիւռին հետ հարցազրոյցի ընթացքին իսլամականներու կողմէ կատարուող Ցեղասպանութիւն ժխտող անտեղի եւ անհեթեթ մեկնաբանութիւններուն ու արտայայտութիւններուն մասին Վ. Եագուպեան ըսաւ, որ նման արտայայտութիւններ կու գան տգիտութենէ եւ յետամնացութենէ:
«Հայ ժողովուրդը Արեւելեան Անատոլուի մէջ անզէն ժողովուրդ էր. կին, երեխայ, տարեց: Հայերը Թուրքիոյ դէմ պատերազմի մէջ չէին: Հայ ժողովուրդը Օսմանեան կայսրութեան դէմ զէնք չէր բարձրացուցած, եւ այս իրականութիւնը Թուրքիան լաւ գիտէ: Այս բոլորը փաստերով գոյութիւն ունին, նոյնիսկ Լիբանանը գիտէ:
Եթէ արաբական աշիրեթները չըլլային Տէր Զօրի մէջ, այն ատեն հայկական սփիւռք գոյութիւն չէր ունենար: Երբ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, թրքական միասնական ինքնութիւնը պիտի փոխուի եւ պիտի պառակտուի, որովհետեւ անոր միասնականութիւնը հիմնուած է Հայոց ցեղասպանութեան վրայ: Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ կը նշանակէ բարոյական եւ նիւթական հատուցում կատարել, եւ այդ իրողութիւնը տնտեսապէս վերջ մը կը դնէ Թուրքիոյ», շեշտեց Վ. Եագուպեան:
Հայկական մշակոյթն ու լեզուն պահպանելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ հաւաքական յիշողութիւնը, լեզուն, պատմութիւնը, երաժշտութիւնը, պարը, ճաշերը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները պահպանելը հայկական ինքնութեան պահպանումին կը ծառայեն: «Մենք մեր հողերէն դուրս ենք, հայկական ինքնութեամբ գոյատեւելու պայքար կը տանինք: Իւրաքանչիւր հայ, որ իր հայկական ինքնութիւնը կը կորսնցնէ, անիկա մեզի համար Ցեղասպանութեան շարունակութիւն է: Մենք տեղահանուած ժողովուրդ ենք, որ սփիւռքի մէջ կ՛ապրի եւ ոչ թէ իր հողերուն: Մեր արմատները ուրիշ տեղ են, մենք ուրիշ տեղ: Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն իրաւունքին պահանջատիրութիւնը մարդկային պարտք է, եւ այս իմաստով նուազագոյնը` բարոյական հատուցումն է, այսինքն` ճանաչումը», եզրափակեց ան:
Հաղորդագրութիւն
Ընկերային ցանցերու վրայ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ժխտող կարգ մը արտայայտութիւններու իբրեւ պատասխան` Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը օրին հրապարակեց պատասխան- հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ դժբախտաբար ընկերային ցանցերու վրայ կարգ մը վարձկան էջեր եւ գրառումներ ատելութեան եւ կրօնական սադրանքներ հրահրելու արտայայտութիւններ ունեցած են, ինչպէս նաեւ պատմական ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող զրպարտութիւններ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցան 11 կէտեր, որոնք ներկայացուցին փաստեր Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Այդ կէտերէն էին Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան թիւին մասին տեղեկութիւններ, թէ ինչպէս 1915-ին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կ՛ապրէին 2 միլիոն 400 հազար հայեր, իսկ 1927-ի Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան կատարած վիճակագրութեամբ ի յայտ եկաւ, որ հոն կան միայն 77 հազար հայեր:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ 1894-1896 տարիներուն հայոց դէմ գործուեցան Համիտեան ջարդերը, որոնց զոհ գացին 300 հազար հայեր:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան որոշումը տրուեցաւ 1910-ին, Իթթիհատ վէ Թերաքքը կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին` հայերը նկատելով թուրք ժողովուրդին թշնամիները:
Հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ նաեւ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ կրօնական բախում` քրիստոնեայ-իսլամ, ներկայացնելը կը միտի կրօնական կիրքեր հրահրել` զայն քաղաքական նպատակներու համար օգտագործելու համար: Հիմնականին մէջ կրօնական այդ հրահրումները սաստկացան, երբ Թուրքիա` Էրտողանի նախագահութեամբ ներքին եւ արտաքին ճնշումներու ենթարկուեցաւ` ճանչնալու համար իր պատմութեան սեւ էջերը:
Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան պատճառը հայ ժողովուրդին քրիստոնեայ ըլլալը չէր, այլ այն, որ 1913-ին իշխանութեան հասած Իթթիհատ վէ Թերաքքը կուսակցութիւնը կ՛ուզէր, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող բոլոր քաղաքացիները բաղկանան թրքական ցեղերէ, որպէսզի զուտ թրքական ինքնութիւն ունենայ կայսրութիւնը: Այս իմաստով Թուրքիա սպանդներ գործեց նաեւ ասորիներուն, քաղդէացիներուն, յոյներուն եւ արաբներուն դէմ, իսկ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ բարձրացած կախաղանները կը վկայեն այդ մասին:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Տէր Զօրի մէջ արաբական եւ սուրիական աշիրեթներուն կողմէ օսմանեան սպանդին եւ թրքական արհաւիրքներուն ենթարկուած հայ ժողովուրդին փրկութիւնն ու օժանդակութիւնը կը ջրէ այն մտայնութիւնը, թէ Ցեղասպանութիւնը գործուած է կրօնական պատճառներով: Ընդհակառակն, ան կը փաստէ թուրքերուն վայրագութեան մշակոյթը, որմէ արաբական աշխարհը մինչեւ օրս կը տառապի:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ այդ ժամանակաշրջանին 1948 թուականին ստեղծուած ցեղասպանութեան բառը տակաւին յայտնի չէր, սակայն հակառակ ասոր հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ոճրային արարքները յստակօրէն ոճիրներ էին միջազգային օրէնքին մէջ, այս հիման վրայ էր 24 մայիս 1915-ին Ֆրանսան, Բրիտանիան եւ Ռուսիան հաստատեցին, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու սպանդները մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ ոճիրներ են, հետեւաբար թրքական իշխանութիւնները պէտք է կրեն իրենց պատասխանատուութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ օրին Իթթիհատ վէ Թերաքքը կուսակցութեան ոճիրները դատապարտուեցան, եւ մեծ թիւով հիւպատոսներ, դեսպաններ, դիւանագէտներ, բժիշկներ եւ հիւանդապահներ իրենց վկայութիւնները արձանագրեցին` հայութեան դէմ գործուած անմարդկային արհաւիրքներուն եւ չարիքներուն մասին: Անոնցմէ ամէնէն նշանակալիցը կը մնայ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ներկայացուած այն տեղեկագիրը, որուն մէջ Մորկընթաու արձանագրած է իր հետեւեալ վկայութիւնը. «Ես վստահ եմ, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ նման ահաւոր ժամանակաշրջան չէ արձանագրուած»: Այդ վկայութիւններուն կողքին կատարուած են նաեւ ամերիկեան օժանդակութիւններ` Հայոց ցեղասպանութեան որբերը հաւաքելու եւ հայ ժողովուրդը փրկելու իմաստով: Իսկ անցեալ աշնան ամերիկեան Քոնկրեսը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիայէն պահանջեց իր կարգին ճանչնալ այդ Ցեղասպանութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն հայ ժողովուրդին բնաջնջումը չէր, այլեւ` անոր մշակոյթը վերացնելու, եկեղեցիներն ու վանքերը քանդելու, դպրոցներն ու հիւանդանոցները գրաւելու բռնարարքներ, որոնց կողքին նաեւ ամէն ճիգ ի գործ դրուեցաւ հայկական գիւղաքաղաքներուն նկարագիրը փոխելու, հայկական շրջաններուն թրքական անուանումներ տալու եւ հայութեան ամէն հետք ջնջելու այդ վայրերէն:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ նաեւ, որ սպանութիւնը, բռնաբարումը, աւազակութիւնը, քանդումը, կրօնական սադրանքներու նախապատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայ ընտանիքներ ստիպողաբար կրօնափոխ դարձնելը` բարոյական, պատմական եւ մարդկային ոճիր է, որուն համար Թուրքիա պէտք է պատժուի:
Հաղորդագրութեան աւարտին նշուեցաւ, որ վերոնշեալ բոլոր կէտերը Հայոց ցեղասպանութիւնը փաստող պատմական իրողութիւններ են, որոնց փաստաթուղթերը կը գտնուին 1965-էն ի վեր Ցեղասպանութիւնը ճանչցած աշխարհի մեծ պետութիւններուն արխիւներուն մէջ: Այդ պետութիւնները Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իրենց որոշումը տուած են` իրենց արխիւներուն մէջ գտնուող փաստաթուղթերուն հիման վրայ:
aztagdaily.com