կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-19 12:24
Արցախ

Արամ Ա կաթողիկոսն ընդունել է Արցախի պետնախարարին

Արամ Ա կաթողիկոսն ընդունել է Արցախի պետնախարարին

Երկուշաբթի, 18 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը: Պետական նախարարին կ՛ընկերակցէր Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Բենիամին Պչաքճեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչի խորհրդատու Պետօ Տէմիրճեան, «ԱՌԻ»-ի խորհուրդի անդամներ Վաչէ Մելքոնեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան:

Պետական նախարարը վեհափառ հայրապետին զեկուցեց այցելութեան նպատակը եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց յառաջիկային կատարուելիք ծրագիրները: Իր կարգին, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած ներդրումին` Արցախի զարգացման եւ բարգաւաճման հոլովոյթին մէջ: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդման եւ սփիւռքի ներգրաւուածութեան  անհրաժեշտութիւնը յիշեալ աշխատանքներուն գծով: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս յիշեցուց, որ Արցախի հարցը համահայկական առաջնահերթութիւն է եւ այս ծիրին մէջ Արցախի իրողական անկախութեան միջազգային օրինականութիւն ապահովելը անհրաժեշտ է հաւաքական ճիգով շարունակել: