կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-15 13:36
Հասարակություն

Ջավախքին նվիրված քննարկում` Նորթրիջի համալսարանում

Ջավախքին նվիրված քննարկում` Նորթրիջի համալսարանում

5 Մարտին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ, ուսանողներ եւ հիւրեր համախմբուեցան՝ մասնակցելու Ջաւախքի մասին տեղեկատուական քննարկումի մը: Ջաւախքի հայութեան ներկայ իրավիճակին մասին կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցելու նպատակով, ձեռնարկին կազմակերպման գործակցեցան ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ համալսարանի Հայ ուսանողական միութիւնը: Շատ մը ուսանողներ յայտնեցին, թէ առաջին անգամն էր, որ Ջաւախքի մասին կը լսէին:

Համալսարանին Հայ ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ Լիա Քէշիշեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնց կարգին էին ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամ Նենսի Պետիրեան, ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետ Լենա Պօզոյեան, եւ համլսարանի դաստիարակներ: Քէշիշեան ներկայացուց օրուան զեկուցաբերները՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի յարաբերական բաժինի պատասխանատու Տիգրան Խոտանեան եւ ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի անդամ Գառնի Արմէնեան:

Խոտանեան ներկայացուց Ջաւախքի պատմութիւնը եւ բացատրութիւններ տուաւ անոր ռազմավարական նշանակութեան մասին: Արմէնեան լուսաբանեց ջաւախքահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, վրացական կառավարութեան կողմէ բանեցնող ճմշումները եւ անգործութեան, արտագաղթի եւ դժուար կենսապայմաններու հետ կապուած խնդիրները: Արմէնեան նաեւ խօսեցաւ քաղաքներու եւ գիւղերու իրավիճակին մասին եւ բացատրեց, թէ ինչպէս տեղացիները սրտաբաց ընդունեցին վարիչները՝ «Ջաւախք Ճամբար»ին ատեն:

Խոտանեան եւ Արմէնեան մասնակցած են «Ջաւախք Ճամբար»ին՝ իբրեւ վարիչ եւ ընդհանուր պատասխանատու: Ճամբարը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի ամրան ընթացքին տարբեր քաղաքներու մէջ՝ Ախալքալաք, Ախալցխա, Նինոծմինդա եւ Ծալկա (Ծաղկա): Ջաւախքի տարբեր քաղաքներու մէջ անոնք ժողովուրդին եւ տեղական սովորութիւններուն աւելիով ծանօթացան ու առիթը ունեցան մնայուն եւ անքակտելի կապեր ստեղծելու ջաւախքցիներուն հետ:

Ճամբարները տեղի կ՛ունենան հայկական երիտասարդական կեդրոններուն մէջ, որոնց երկուքը ՀՕՄի Արեւմտան Ամերիկայի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը կը հովանաւորէ: Երկու զեկուցաբերները շեշտեցին կարեւորութիւնը այս կեդրոններուն, որովհետեւ այնտեղ երիտասարդութիւնը կը հաւաքուի հայ մշակոյթի ու պատմութեան մասին սորվելու, կարելիութիւն մը, որ արտօնուած չէ վրացական դպրոցներու մէջ:

Ջաւախքի նուիրուած Մարտ ամսուան առիթով, յանձնախումբը կը ձգտի գաղութին աւելի տեղեկացնել այս պատմական հայկական շրջանին մասին ու կարեւորութիւնը՝ անոր աջակցելու: ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը կը շարունակէ դրամահաւաք կազմակերպել երիտասարդական կեդրոններուն համար, որպէսզի կեդրոնները շարունակեն ծառայել ջաւախքահայութեան: