կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-05 17:00
Հասարակություն

Օրհներգն Ու ՀՀ Սահմանադրութիւնը

Օրհներգն Ու ՀՀ Սահմանադրութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի փոփոխութեան առումով քննարկումներ կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը կը թուի, որ դադար առած է: Դադար առնելը չի նշանակեր անշուշտ, որ այս հարցը վերստին օրակարգ պիտի չվերադառնայ:


Օրհներգի փոփոխութեան մասին տեսակէտներու բարձրաձայնումը նոր չէ: Առաջին վարչակարգէն սկսեալ այս խնդիրը զուգահեռ ընթացած է եւ մերթ ընդ մերթ հրապարակ եկած իրերայաջորդ իշխանութիւններու օրով: Ընդ որում ո՛չ միայն երաժշտագիտական եւ գրականագիտական, այլ նաեւ պետական-քաղաքական շրջանակներու կողմէ:

Անշուշտ խնդիրը պէտք է դիտարկել պետական մտածողութեան դիտանկիւններէ, վերյիշել, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժառանգորդ ըլլալու հանգամանքը ամէն բանէ առաջ կ՛ենթադրէ երկրին անուանումին, խորհրդանիշներուն` դրօշակին, զինանշանին եւ օրհներգին վերաորդեգրումը` իբրեւ իրաւավաւերական հիմքեր ժառանգորդութեան:

Քաղաքականօրէն շատ տրամաբանական կը հնչէ, որ երկրին առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրներուն մէջ առաջնահերթութիւնը ոչ թէ նման քննարկումներով հրապարակը խճողելն է, այլ անվտանգութեան եւ ընկերային, տնտեսական ոլորտներու ուղղութեամբ թռիչքաձեւ զարգացման խոստումներու ուղղութեամբ լսումներ, խորհրդակցութիւններ եւ փորձագիտական քննարկումներ կազմակերպելը:

Պարզ է, որ խորհրդարանական լսումներու կամ քննարկումներու ընթացակարգ պիտի չմտնէ օրհներգի փոփոխութեան առաջարկը: Ազգային ժողովի փոխնախագահին տեսակէտը այս պահուն չունի խմբակցութեան որոշում` հարցի ընթացակարգումին: Առ այժմ: Զուգահեռ սակայն, սփիւռքի նախարարութեան անունով տեսակէտներու հաւաքագրման նախաձեռնութիւն առնուած է օրհներգի պահպանմա՞ն, թէ՞ փոփոխութեան հարցադրումով, ինչոր աւելի կը համոզէ, որ հարցը պիտի վերադառնայ:

Խնդիրի բարոյագաղափարական կողմին մասին հրապարակուեցան բազմաթիւ տեսակէտներ, կազմակերպուեցան քննարկումներ, կատարուեցան գրառումներ: Անհրաժեշտ է մօտենալ նաեւ իրաւական կողմէն:

Գործող Սահմանադրութեան յօդուած 21-ը կ՛ըսէ.-

Յօդուած 21. Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանիշերը

1.- Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով:

2.- Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է. կենտրոնում` վահանի վրայ, պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով, եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւնների զինանշանները: Վահանը պահում են արծիւը եւ առիւծը, իսկ վահանից ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերի խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն:

3.- Դրօշի եւ զինանշանի մանրամասն նկարագրութիւնը սահմանւում է օրէնքով:

4.- Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը սահմանւում է օրէնքով:

Նախորդ Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածը կ՛ըսէր.

Յօդուած 13. Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն` հորիզոնական հաւասար շերտերով:

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է.

կենտրոնում, վահանի վրայ, պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւնների զինանշանները: Վահանը պահում են արծիւը եւ առիւծը, իսկ վահանից ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերի խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը «Մեր Հայրենիք»-ն է:

Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքը Երեւանն է:

Փաստօրէն գործող Սահմանադրութեան երրորդ եւ չորրորդ կէտերը չէին ներառուած նախորդի պարագային: Իսկ այժմ օրէնքի կարգով Սահմանադրութիւնը կ՛արտօնէ փոփոխութիւններ բերել դրօշին, զինանշանին եւ օրհներգին:

Այսօրուան պայմանները չեն բացառեր, որ պետականութեան խորհրդանիշներուն առնչութեամբ փոփոխութեան քննարկումի առաջարկներ վերահնչեն: Քանի մը ուղղութեամբ, յատկապէս Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պետութեան խորհրդանիշները անհպելի պահելու համար քարոզչաքաղաքական աշխատանքներ իրականացնելու հրամայականին առջեւ կրնայ կանգնիլ: Արտախորհրդարանական քննարկումներ, տարբեր երկիրներու մէջ համայնքի անունով եւ դեսպանատան ճամբով համահայկական մօտեցումի ամրագրման հանդիպումներ, հիմնաւորումներ եւ գրաւոր_բանաւոր քննարկումներու եզրակացութեան փոխանցումներ` ընդգծելու համար հարցին համահայկական էութիւնը:

Եւ ամէնէն կարեւորը: Սահմանադրութեան բարեփոխման օրակարգի ընթացակարգումի պարագային նախ եւ առաջ սահմանադրական բացարձակ ամրագրումի տեսք տալ երկրի պետութեան երեք խորհրդանիշներուն` կանխարգիլելու համար որեւէ իշխանութեան կողմէ վաւերական ժառանգորդութեան խորհրդանիշները ըստ ճաշակի փոփոխութեան ենթարկելու փորձերը:

«Ա.»