Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Չինական արածը կ՛ըսէ, «թռչունը չերգեր, որովհետեւ պատգամ մը ունի ըսելիք, այլ կ՚երգէ, որովհետեւ երգ մը ունի երգելիք։» Դժբախտաբար, պոլշեւիկեան ժամանակաշրջանէն մինչեւ ներկայ օրերը Հայաստանի ղեկին թառած մեր պետական այրերու մեծամասնութիւնը մեր առաջին Հանրապետութեան եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մասին կ՚երգեն ոչ թէ երգելու համար, այլ իրենց անհիմն ու հնամաշ պատգամը փոխանցելու համար։
Պատգամը միշտ միեւնոյնն է – այն ինչ իրագործուած էր անցեալին՝ նուաճում չէր, պարտութիւն էր, պարզապէս խաբէութիւն էր, մինչեւ իսկ դաւաճանութեան համազօր՝ վնասելով մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին։ Ժամանակի ու պայմաններու բերումով այս պատգամին ոճը կրնայ փոխուիլ, բայց էութիւնը կը մնայ նոյնը։ Ինչպէս կը մատնանշէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երկարամեայ անդամ Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, «Պարբերաբար կը վերանորոգուին անունները գրողներուն։ Ըսուածներն ու առաջ քշուած «փաստերը» կը մնան նոյնը։ Վերագրումները կը փոխեն քիչ մը նրբերանգ. Պատմական այս կամ այն իրողութիւնը կը սկսի ընդունուիլ մասնակի ձեւով, սակայն էական աղաւաղումը կը շարունակէ մնալ հիմնական ձգտումը այդ գրիչներուն, այսինքն Հ. Յ. Դաշնակցութեան ազգայնական ուղղութեան, ամէն ինչ միայն ու միայն հայոց ազգին զոհաբերելու վճռականութեան ուրացումը։» (Բ. Փափազեան, «Պատմութեան Նենգափոխումը», 1968, էջ 12։)
Ցաւով պէտք է հաստատել, որ նման «գրիչներուն» կու գայ իր անունը միացնելու մեր օրէնսդիր իշխանութեան՝ Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան։ Պրն. Միրզոյեան, որ միաժամանակ պատմաբան է, Օգոստոս 10-ին իր դիմամտետրային գրառումով կ՚անդրադառնայ Սեւրի Դաշնագրի հարիւրամեակին։ Գրառումը, եթէ ոչ ոճով, սակայն բովանդակութեամբ փունջ մըն է՝ վերցուած պոլշեւիկեան «Կոմունիստ» կամ «Սովետական Հայաստան» թերթերէն։
Այս պատգամաբեր գրիչներուն մէջ դժուար է գտնել մէկը, որ իր պատմաշինութիւնը ներկայացնէ առարկայականութեամբ ու պարկեշտութեամբ։ Կատարուածը պարզապէս պատմութեան նենգափոխում է կամ աւելի ճիշդ՝ նենգափոխուած պատմութիւն է։
Նախ Պրն. Միրզոյեան մեր առաջին Հանրապետութեան պատասխանատուներուն հասցէին կը կատարէ «միամիտ երազկոտութեան» կամ «երազկոտ միամտութեան» որակումը։ Ապա ան կ՚անցնի բուն նիւթին՝ արձանագրելով, «1920թ․ Օգոստոսի 10-ին Հայաստանի Հանրապետութեան երկու տարբեր պատուիրակութիւններ ստորագրեցին երկու տարբեր փաստաթղթեր։ Աւետիս Ահարոնեանը՝ Փարիզի մերձակայ Սեւրում, յաղթանակած դաշնակիցների և պարտուած Թուրքիայի սուլթանական կառավարութեան հետ։ Արշակ Ջամալեանը՝ Թիֆլիսում, Ռուսաստանի բոլշեւիկեան կառավարութեան հետ։»
Սեւրի Դաշնագրի եւ Թիֆլիսի համաձայնագրի զուգորդումը զարմանալի պէտք է ըլլայ, սակայն պատահական չէ։ Պրն. Միրզոյեանի յիշողութենէն խոյս կու տան Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ 1920 Մայիսէն ի վեր ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւնները, որոնք իրենց եզրայանգումին հասան Հայաստանի խորհրդայնացումով՝ 1920 Դեկտեմբեր 2-ին։ Այդ բանակցութիւններու շղթային մէկ օղակն էր Թիֆլիսի համաձայնագիրը, որ յաջորդեց Մոսկուայի Մայիսեան բանակցութիւններուն եւ հանգեցաւ Երեւանի համաձայնագրին՝ 1920 Հոկտեմբերին ։
Հակառակ Դաշնակից պետութիւններու կողմէ Հայաստանի վայելած նեցուկին, Հայաստանի պետութեան պատասխանատուներու օրակարգին վրայ էր Ռուսաստանի հետ բարեկամական ու գործակցական յարաբերութիւններու մշակման հարցը։ Բայց 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք Խորհրդային Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը կլանուած էր ներքին հարցերով, սեփական իշխանութիւնը տարածելու եւ ամրապնդելու աշխատանքով։ Արդէն 1918 Մարտ ամսուն ան ստորագրած էր Պրեսթ-Լիթովսքի պարտութեան դաշնագիրը՝ Գերմանիոյ հետ։ Ինքնակայացումը տեւեց գրեթէ երկու տարի՝ մինչեւ 1920։
Խորհրդային Ռուսաստանի այս ներքին զարգացումներու յստակացումով, 1920 Ապրիլին Հայաստանի կառավարութիւնը նախաձեռնեց Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու գործընթացքին։Հայաստանի կառավարութեան պատուիրակութիւնը Լեւոն Շանթի գլխագրութեամբ բանակցութիւնը սկսաւ Մայիսին՝ Մոսկուայի մէջ, Խորհրդային իշխանութեան հետ բարեկամական դաշինք կնքելու նպատակով։ Հայաստանի համար բանակցուող համաձայնագրի հիմնական կէտերն էին.- 1) Խորհրդային իշխանութիւնը պէտք է ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը՝ ընդունելով Հայաստանի սահմաններուն մէջ Ղարաբաղն ու Գիւլիստանը։ 2) Խորհրդային Ռուսաստանը, գոնէ սկզբունքով, պէտք է ընդունի թրքահայ հողերու կցումը Հայաստանին։ 3) Խորհրդային Ռուսաստանը պիտի չմիջամտէ Հայաստանի ներքին գործերուն, համայնավարական գործունէութիւն պիտի չունենայ Հայաստանի մէջ։ 4) Խորհրդային Ռուսաստանը թոյլ պիտի տայ, որ Հիւսիսային Կովկասի եւ Ռուսաստանի մէջ գտնուող հայ գաղթականները վերադառնան Հայաստան։
Խորհրդային իշխանութիւնը ընդունեց Հայաստանի վերոնշեալ կէտերը եւ անվերապահ պատրաստակամութիւն յայտնեց ճանչնալու Հայաստանի անկախութիւնը եւ չմիջամտելու Հայաստանի ներքին գործերուն։
Բայց համաձայնագրի ստորագրութիւնը կը ձգձգուէր։ Խորհրդային տրամադրութիւնները հետզհետէ կը փոխուէին։ Պաքուի մէջ իրենց թուրք գործակիցներուն հետ նստած հայ պոլշեւիկ ղեկավարներ՝ Անաստաս Միկոյեան, Աւիս Նուրիջանեան, Սարգիս Կասեան եւ Ասգանազ Մռաւեան ճնշում կը բանեցնէին Մոսկուայի իրենց գաղափարակից ընկերներուն վրայ, որպէսզի Հայաստանի հետ նման համաձայնագիր չկայանայ։ Զուգահեռաբար, նոյն նպատակը կը հետապնդէր Մոսկուա նոր ժամանած թուրք պատուիրակութիւնը։ Հայ պոլշեւիկներու, ազերի թուրքերու եւ Թուրքիոյ թուրքերու դաւադրական քայլերը համատեղ եւ համահունչ կ՚ընթանային։ Խորհրդային իշխանութիւնը բռնուած էր Արեւմուտքի բարեկամական նեցուկը վայելող անկախ Հայաստանի եւ հայ պոլշեւիկ գաղափարակից իր ընկերներու ու իր նոր դաշնակիցին՝ Թուրքիոյ միջեւ։
Այս պայմաններու լոյսին տակ, բանակցութիւնները վարող Խորհրդային արտգործ նախարար Կրիկորի Չիչերին Յուլիս 1-ին հեռագրեց Հայաստանի կառավարութեան, առաջարկելով բանակցութիւններու Երեւան տեղափոխումը, եւ այդ նպատակով Մոսկուայէն լիազօր ներկայացուցիչ՝ Պորիս Լեգրանի Երեւան մեկնումը։ Վարչապետ Համազասպ Օհանջանեան ընդունեց առաջարկը, պայմանաւ որ բանակցութիւնները վերսկսին Լեւոն Շանթի պատուիրակութեան Երեւան վերադարձէն ետք։
Պրն. Միրզոյեան կ՚անտեսէ նախորդող ամիսներու նշեալ զարգացումները եւ կը կեդրոնանայ Թիֆլիսի համաձայնագրին վրայ, որուն միակ յարակցութիւնը Սեւրի դաշնագրին հետ ստորագրութեան թուականի նոյնութիւնն է։ Ան ոչ մէկ նշում կը կատարէ Հայաստանի Հանրապետութեան ջանքերը ձախողցնելու միտող հայ պոլշեւիկներու եւ թիւրքերու միատեղ դաւադրութեանց մասին։ Սակայն փութկոտութեամբ, ու առանց հիմնաւորումներու, կը հաւաստիացնէ, թէ Թիֆլիսի համաձայնագրով Հայաստանն ընդունում էր, որ «վիճելի» Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ գրեթէ ամբողջ Նախիջեւանը զբաղեցնեն ՌԽՖՍՀ զօրքերը։» Եւ կ՚աւելցնէ, «Թիֆլիսեան համաձայնագիրը կեանքի կոչուեց անմիջապէս։ Իհարկէ առանց Զանգեզուրի՝ այնտեղ Նժդեհն անհանձնուել կռւում էր...»։
Պատմաբան Միրզոյեան Հայաստանի դիմակալած կատարուած իրադարձութիւններու վրայէն ցատկելով, շուտիկութեամբ կ՚ամփոփէ Թիֆլիսի համաձայնագիրը, ըսելով թէ Հայաստան (իմա՛ Դաշնակցական կառավարութիւն) կ՚ընդունի, որ Խորհրդային զօրքերը զբաղեցնեն Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի։ Բայց արդէն իսկ Թիֆլիսէն առաջ Ռուսական զօրքերը շարժած էին դէպի Հայաստան։ Հայ պոլշեւիկներու դրդումով եւ թիւրք ղեկավարներու քաջալերանքով 11րդ Կարմիր Բանակը Ատրպէյճանէն մտած էր Ղարաբաղ, կը փորձէր գրաւել Գորիսը ու Ղափանը, եւ մտնել Նախիջեւան։ Այլ խօսքով, երբ Լեգրան Թիֆլիս հասաւ պատերազմական իրավիճակ գոյութիւն ունէր Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ։
Սկզբնական բանակցութիւնները շարունակուեցան Թիֆլիսի մէջ, որովհետեւ տակաւին Լեւոն Շանթի պատուիրակութիւնը Երեւան չէր հասած։ Լեգրանի հետ կը բանակցէին Հայաստանի կառավարութեան նախարարներ Արշակ Ջամալեան եւ Արտաշէս Բաբալեան։ Նկատի ունենալով 11-րդ Կարմիր Բանակի ստեղծած զինուորական նոր իրականութիւնը, անոնք փորձեցին ապահովել պայմաններ՝ վնասազերծելու համար առկայ զինուորական իրավիճակը։ Առ այդ, Թիֆլիսի համաձայնագիրը, ի տարբերութիւն պատմաբան Միրզոյեանի քմահաճ ամփոփումէն, կը բովանդակեր հետեւեալ կէտերը.- ա) Դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ։ բ) Հայաստանի զօրքերը կը գրաւեն Շահթախթ-Խոկ-Սուլթանբէգ եւ ապա Քինիկիէն հիւսիս եւ Բազարչայէն արեւելք անցնող գիծը, իսկ Ղազախի մէջ այն գիծը, որ արդէն բռնած են։ գ) Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի շրջաններու պիտի մնան Ռուսաստանի զօրքերու գրաւման տակ, այն պայմանաւ որ անոնց վերջնական հարցը պիտի որոշուի Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուելիք դաշնագրով։ Մինչեւ այդ դաշնագրի կնքումը, Շահթախթ-Ջուլֆա երկաթուղին պիտի բանեցուի Հայաստանի երկաթուղային վարչութեան կողմէ։
Ինչպէս յստակ է Թիֆլիսի համաձայնագրի պայմաններէն, հակառակ Պրն. Միրզոյեանի պնդումին, այս գրաւեալ շրջաններու վերջնական պատկանելիութեան մասին դաշնագրային համաձայնութեամբ լուծելու նախապայման դրուած է։ Այդ տարածքներու վերջնական լուծումը պիտի ըլլայ Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան համաձայնութեամբ։
Լեգրան Թիֆլիսէն անցաւ Պաքու։ Լեւոն Շանթի պատուիրակութիւնը Երեւան վերադարձաւ Սեպտեմբերի սկիզբը։ Լեգրան 47 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը Երեւան հասաւ Հոկտեմբեր 11-ին։ Բանակցութիւնները սկսան երկու օր ետք։ Հոկտեմբեր 13-ին Լեգրան ներկայացուցած շարք մը պահանջներ, որոնց գլխաւորագոյնն է Հայաստանի հրաժարումը Սեւրի Դաշնագրէն։ Հայաստանի կառավարութիւնը կտրականապէս մերժեց այս պահանջը, բայց համաձայն էր մնացեալ կէտերուն։ Ըստ այնմ, Հայաստան եւ Խորհրդային Ռուսաստան ստորագրեցին նոր պայմանագիր մը, որուն հիմնական տրամադրութիւնները կը բաղկանան հետեւեալ կէտերէ.- 1) Խորհրդային Ռուսաստանը կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը եւ ներքին անձեռնմխելիութիւնը։ Հայաստանի մէջ պիտի մտնէ Զանգեզուրը, իսկ Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի կարգավիճակը պիտի որոշուի իրաւարարութեամբ։ 2) Խորհրդային Ռուսաստանը պիտի միջամտէ կասեցնելու հայ-թրքական պատերազմը, որ սկսած էր մօտ երեք շաբաթ առաջ՝ 23 Սեպտեմբերին։։3) Խորհրդային Ռուսաստան պիտի պարտադրէ, որ Թուրքիան քաշուի մինչեւ 1914-ի սահմանները։ 4) Խորհրդային Ռուսաստան նաւթով եւ այլ անհրաժեշտ պիտոյքներով պիտի օգնէ Հայաստանին։ 5) Խորհրդային Ռուսաստան իրաւունք պիտի ունենայ իր բանակները փոխադրելու Հայաստանէն եւ Հայաստանի վրայով Թուրքիա ղրկելու ոսկի, զէնք ու ռազմամթերք...։ Եւայլն։
Պատմաբան Միրզոյեան դիտմամբ մատնանշում չի կատարեր այս համաձայնագրի մասին, ուր Ղարաբաղն ու Նախիջեւան յանձնելու ոչ մէկ պայման դրուած է։ Ան նաեւ անտեղեակ կը ձեւանայ հայ պոլշեւիկներու դաւադրութիւններուն մասին, որոնք կը միտէին հարուածել ու տկարացնել Հայաստանի իշխանութիւնը, որպէսզի իրենց ղեկավարութեամբ պոլշեւիկեան իշխանութիւն հաստատուի Հայաստանի մէջ։ Եւ այս բոլորը՝ առանց մտահոգուելու, թէ մարդկային ու հողային ինչ գին կրնայ վճարել Հայաստանը։
Լեգրանի ստորագրած Հոկտեմբեր 13-ի համաձայնագիրը երբեք չգործադրուեցաւ։ Ընդհակառակն, պոլշեւիկեան քարոզչական գրոհներով ու ստաբանութիւններուն, Հայաստանի ժողովուրդն ու բանակը բարոյալքելու ծրագիր հետապնդուեցաւ։ Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ յարձակումը երկինքէն ինկած ընծայ մը եղաւ հայ պոլշեւիկներուն։ Փոխանակ յարձակող թրքական զօրքերուն դէմ հայրենիքին օգնելու եւ պաշտպանելու, անոնք հրճուեցան։ Թիֆլիսի հայկական «Կոմունիստ» թերթի 21 Հոկտեմբեր, 1920-ի համարին առաջնորդողը լաւագոյնս կը նկարագրէ հայ պոլշեւիկներու այդ օրուան տրամադրութիւնները, «Մնում է միայն ուրախանալ, որ դաշնակցական Հայաստանը գտնւում է պոչահարող կովի վիճակում, որին Աստուած եղջիւրներ չի տուել։»
Անկախ Հայաստանի պետութիւնը եւ ժողովուրդի չէին կրնար դիմադրել իրենց դէմ ուղղուած այն գրոհներուն, որոնք կ՚առաջնորդուէին հայ պոլշեւիկներու Հայաստանէն ներս եւ դուրս դաւադրական աշխատանքներով, թրքական զօրքերու հարուածներով եւ Թուրքիոյ հետ Խորհրդային Ռուսաստանի գործընկերային յարաբերութիւններով։ Այս պայմաններու մէջ գտնուող Հայաստանը կրկին անգամ ընդունեց Լեգրանի այցելութիւնը Դեկտեմբերի սկիզբը։ Այս անգամ Լեգրան կը ժամանէր անկախ Հայաստանը խորհրդայնացնելու նպատակով։ Հայաստանի կառավարութիւնը հայրենիքն ու ժողովուրդը փրկելու համար ընդունեց Լեգրանի առաջադրած Խորհրդային Ռուսաստանի պայմանները։
1920 Դեկտեմբեր 2-ին, Խորհրդային Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Լեգրան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներ Դրօ ու Համբարձում Տէրտէրեան ստորագրեցին Հայաստանի խորհրդայնացման պայմանագիրը։
Հակառակ պատմական այս ճշմարտութիւններուն, ԱԺ նախագահ Միրզոյեան կը գրէ, «Կարսում ու Իգդիրում հայկական դրօշը չի ծածանւում։ Մենք թոյլ տուեցինք։ Թոյլ եղանք։ Չկարողացանք։ Չհաշուեցինք »
Պոլշեւիկ հայերը վարպետ են Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը եւ Դաշնակցութիւնը վատաբանելու բոլոր այն ձախողութիւններուն համար, որոնց դերակատարն ու աղբիւրը եղած են իրենք։ Այս ուղղութեամբ պոլշեւիկեան այս տիպի քարոզչութեան շտեմարանը լիքն է աղաւաղումներով։ Այս շտեմարանը մինչեւ այսօր ձեռնտու է վերանկախացած Հայաստանի յաջորդական պետկան այրերուն։
Հակառակ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահի իր պաշտօնին, Պրն. Միրզոյեան կը հետեւի պոլշեւիկեան նոյն սցենարին։ Պատմաբան Միրզոյեանին համար միեւնոյն է պատմութեան նենգափոխումը՝ կամ աւելի ճիշդ նենգափոխուած պատմութիւնը։
(Պրն. Միրզոյեանի Սեւրի Դաշնագրին գծով կատարած ներկայացումներու կ՚անդրադառնանք յաջորդիւ։)
Սեդօ Պոյաճեան
Օգոստոս 14, 2020
Լոս Անճելըս