Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Միացեալ Նահանգներուն մէջ 2016-ի նախագահական ընտրութիւններուն Տանըլտ Թրամփի յաղթանակէն ետք, ան իր աջակողմեան ամբոխավարութեան վրայ հիմնուած նախագահական քարոզարշաւէն ետք ոգեւորեց նաեւ աշխարհի չորս անկիւնները գտնուող ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնները:
Իր (Թրամփի) նախագահ ընտրուելէն ետք, Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելցան ցեղային հիման վրայ կատարուած ոճիրները, ցեղի, կրօնի կամ գոյնի հիմքի վրայ հրահրուած ատելութիւնները:
Նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ժամանակաշրջանին, Թրամփի հնչեցուցած խօսքերը հիմնուած էին հասարակութեան մէջ բաժանումներու սերմանումին վրայ: Նաեւ, Թրամփը իր նախագահական քարոզարշաւին ընթացքին աջակցութիւն ստացաւ ծայրայեղ աջ նոր նացիական կազմակերպութիւններէն, ինչպէս` «Քու-Քլուքս-Քլան»-ի եւ Ամերիկեան նացիական կուսակցութեան պատասխանատուներու կողմէ:
Թրամփը, այս մեծահարուստ առեւտրականը, ծանօթ է իր` հաշմանդամները ատող, սեռային հիմքի վրայ խտրականութիւն սերմանող եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ատելութիւն ստեղծող մեկնաբանութիւններով: Մեկնաբանութիւններ, որոնք հետզհետէ ցեղի, գոյնի, սեռի եւ կրօնի հիման վրայ ատելութիւնները արմատականացուցին ամերիկեան հասարակութեան մէջ եւ պատճառ դարձան, որ Շարլըթսվիլի մէջ (Վիրճինիա նահանգ) 11 օգոստոս 2017-ին «Քու-Քլուքս-Քլան»-ը ցոյց կազմակերպէ եւ պատճառ դառնայ երեք հոգիի մահուան:
Իբրեւ հակադարձութիւն թրամփեան աջակողմեան ամբոխավարութեան եւ իր` ցեղի, գոյնի կամ սեռի հիման վրայ խտրականութեան ու կլիմայական փոփոխութեան գիտական փաստի ժխտման քաղաքականութիւններուն, մէջտեղ եկան #MeToo շարժումը (ընդդէմ սեռային բռնութեան), «Քայլ յանուն գիտութեան» շարժումը (ընդդէմ կլիմայական փոփոխութեան փաստի ժխտումին), եւ 2013-ին հիմնուած «Սեւամորթներու կեանքը նշանակութիւն ունի» (գոյնի վրայ հիմնուած խտրութեան դէմ պայքարի) շարժումը սկսաւ աւելի աշխուժանալ:
Թրամփեան աջակողմեան ամբոխավարութիւնը պատճառ դարձաւ բեւեռացման մթնոլորտի ստեղծման` ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ Եւրոպայի մէջ ալ: Գրեթէ բոլոր եւրոպական երկիրներուն մէջ ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնները աւելի զօրացան: Արդէն Իտալիոյ մէջ անոնք իշխանութեան գլուխ անցած են, իսկ Դանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ կառավարական դաշինքին մաս կը կազմեն:
Ամերիկայի մէջ արմատականացման կլիման նոյնպէս ազդեց ձախին վրայ: Բոլորս ալ կը յիշենք 2016-ի` Դեմոկրատական կուսակցութեան նախնական ընտրութիւններուն ընթացքին Պըռնի Սանտըրզի` ձրի ուսումի, շուկայի ու դրամատուներու հսկողութեան զօրացման եւ աշխատավարձերու բարձրացման խոստումները: Պըռնի Սանտըրզը յաջողեցաւ այն գործին մէջ, որուն մէջ ձախողեցաւ Դեմոկրատական կուսակցութեան էսթեպլիշմընթը` գլխաւորաբար Հիլըրի Քլինթընը` աշխատաւոր դասակարգի եւ զրկուածներու ու լուսանցքայնացածներու ձայները (սեւամորթեր, գաղթականներ, կրօնական ու սեռային փոքրամասնութիւններ) ձեռք ձգելու:
Սանտըրզը Դեմոկրատական կուսակցութեան թէ ձախակողմեան ու յառաջդիմական շրջանակներուն մէջ ստեղծեց խանդավառութիւն մը` յոյս ունենալով, որ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը կը մղուի դէպի ձախ: #FeelTheBern-ը արդէն ձախդարձ մըն էր, որ տարածուեցաւ ու կը շարունակէ տարածուիլ` ազդուելով եւրոպական ցամաքամասին վրայ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն մէջ տեղի ունեցած ձախդարձէն:
Դեմոկրատական կուսակցութեան մէջ ձախդարձը շարունակուեցաւ նաեւ 2016-ի Սանտըրզի քարոզարշաւէն ետք: 6 նոյեմբեր 2018-ին տեղի ունենալիք կիսամեայ ընտրութիւններուն ընթացքին, ժողովրդավար-ընկերվարական թեկնածուները սկսան յաղթել նախնական ընտրութիւններուն` ընդդէմ դեմոկրատներու էսթեպլիշմընթի թեկնածուներուն:
Թրամփեան նախագահութեան երկու տարիները արդէն պսակուած են գլխաւոր ձախողութիւններով, ինչպէս` ցեղապաշտութեան աճ, բռնաբարութեան յանցանքով ամբաստանուած Քավանոկի նշանակում իբրեւ գերագոյն ատեանի անդամ, «Օպամաքեր»-ի (առողջապահական ընկերութիւններէ առողջապահութիւն չունեցող անհատներու` առողջութեան ապահովում պետութեան կողմէ) ջնջում եւ Իրանի հիւլէական համաձայնագիրի խզում:
Եթէ 2018-ի կիսամեայ ընտրութիւններուն դեմոկրատականները` հիմնուելով ժողովրդավար-ընկերվարութեան կամ ձախդարձին վրայ մեծ յաղթանակ արձանագրեն, անոնք յաջողած կ՛ըլլան պսակելով Ֆրանքլին Ռուզվելթի «նոր համաձայնութիւն»-ը, որ հիմնուած է աշխատավարձերու բարձրացման, աշխատաւորներու միութենականացման եւ պետութեան հսկողութեան ու ներդրման` 1960-ականներու ընկերային շարժումներուն վրայ (լուսանցքայնացուածներ, ինչպէս գաղթականներ, սեւամորթեր, կիներ եւ կրօնական ու սեռային փոքրամասնութիւններ): Անոնք (դեմոկրատականները) յաջողած պիտի ըլլան ապտակ տալու թրամփեան աջակողմեան ամբոխավարութեան, որ իր հերթին կը կերակրէ ծայրայեղութիւնը` աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ:
Ընկերվարութիւնը, Ամերիկայի մէջ տարիներ շարունակ քարկոծուած ըլլալով, այսօր վերանորոգեց ինքզինք` օգտուելով բեւեռացման առիթէն եւ դարձաւ գլխաւոր ուժ: Թրամփի նշած «ջղային ձախակողմեան ամբոխ»-ն է, որ վերջ պիտի տայ ընկերային եւ տնտեսական անարդարութեան: Ընկերվարական կուսակցութիւններուն համար Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի մէջ ձախդարձը առիթ մըն է վերադառնալու արմատներուն:
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
«Ազդակ», Բեյրութ