Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ Aztagdaily
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ առաջադրուած թեկնածու Յակոբ Թերզեան ընկերային ցանցին ընդմէջէն կատարած յայտարարութեամբ մը ընդգծեց տեղական ճարտարարուեստը եւ լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերելու կարեւորութիւնը:
Յ. Թերզեան հաստատեց, որ լիբանանեան ճարտարարուեստը հպարտութեան աղբիւր է:
Ան նկատել տուաւ, որ որեւէ պետութեան հիմքը ճարտարարուեստն է, հետեւաբար կարելի չէ միայն մէկ կամ երեք բնագաւառներու վստահիլ, ինչպէս որ է պարագան Լիբանանին: «Այս ճիչին արձագանգելը թեկնածութեանս պատճառներէն մէկն է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ճարտարարուեստի ոլորտը կարողութիւն ունի աշխատանքի կարելիութիւններ ապահովելու եւ արտագաղթը կանխարգիլելու», ըսաւ ան:
Յ. Թերզեան հաստատեց, որ այս միջոցէն բացի որեւէ այլ ձեւ գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ լիբանանեան ճարտարարուեստին զօրակցութիւնը ամօթալի արարք մը չէ, այլ պէտք է վերածուի հպարտութեան շարժառիթի մը: Ան կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն քաջալերելու լիբանանեան արդիւնաբերութիւնը:
Նշենք, որ Յ. Թերզեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան 2015-ին հրապարակուած տնտեսական եւ ընկերային բնագաւառներու փրկարար ծրագիրն ու անոր մանրամասնութիւնները:
Թերզեան Ժեմայէլէն ստանձնեց այդ ծրագիրը, որ պիտի ուսումնասիրէ` փորձել փրկելու համար երկրին ճարտարարուեստի մարզը: