Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ armenianorthodoxchurch
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը տարիներու աւանդութեան համաձայն այս տարի եւս յիշատակեց մեր Հաւատքի Հօր, հայոց աշխարհի երկրորդ լուսաւորիչ՝ Ս. Գրիգոր Հայրապետի մուտն ի Վիրապ տօնը. տօն մը, որ Ս. Աթոռոյս համար տարբեր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այս տօնը Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ՈՒԽՏԻ ՕՐն է։
Արդարեւ, 18 Մարտ 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագի սկիզբը մաիաբան հայրեր, գլխաւորութեամբ Հայրապետին, շքեղ թափօրով Ս. Խորան բերին արծաթապատ այն արկղը, որուն մէջ կը գտնուէին Լուսաւորչի օրհնաբաշխ Աջը եւ այլ սուրբերու մասունքներ։ Ազգային մեր դարաւոր այս սրբութիւնները, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ տարագիր անցած են ջարդի ու աքսորի ճամբաներէն, այսօր դարձեալ իրենց հովանիին տակ կ՚առնեն մեր ժողովուրդի զաւակները։
Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադառնալէ ետք օրուան խորհուրդին, վեր առաւ այն երկու պատգամները, զորս կը ճառագայթեն այսօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին մուտն ի Վիրապի պատմութենէն։ Առաջին, հաւատքի մարդուն նկարագիրը, որ իր գտած սրբութիւնը կը պահէ, ի գին ամէն ինչի եւ երկրորդ, Խոր Վիրապը մեզի պատգամ կու տայ, որ մենք մեր կեանքին մէջ սրբութիւններ ունենանք եւ զանոնք ամրօրէն պահպանենք։
Պատարագի աւարտին Դպրեվանքի ուսանողներէն, լիբանանի քահանայից դասէն եւ միաբան հայրերէ կազմուած մեծաշուք թափօրը սկսաւ խուռներամ բազմութեան մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը կը գլխաւորէր թափօրը` ձեռքին ունենալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջին մասունքը։ Երեխայ թէ մեծահասակ, այր թէ կին ամենայն երկիւղածութեամբ եւ զեղուն հաւատքով կը մօտենային Ս. Աջին ու սուրբերու մասունքներուն՝ օրհնութիւն ստանալու ակնածանքով եւ անոնց բարեխօսութեան դիմելով։
Թափօրի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, բարձրացաւ Ս. Խորան, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի սրբազան Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, որմէ ետք Մայր Տաճարի խորանին վրայ դրուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին, Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս Հայրապետներուն աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան ներքոյ այդտեղ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ։