Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ armenianorthodoxchurch
Անթիլիասի Մայրավանքը Կիրակի, 25 Մարտ 2018-ին, իր շրջափակին մէջ ընդունեց հազարաւոր հայ ընտանիքներ, որոնք եկած էին տօնելու Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ վերանորոգուելու տօնին պատգամով։ Այս առիթով, Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։
Մանուկներուն թափօրի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը տուաւ Վեհարանի պատշգամէն։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը, բարձր գնահատեց հայ ծնողներուն նախանձախնդրութիւնը՝ իրենց զաւակները Աստուծոյ մօտեցնելով ու եկեղեցի առաջնորդելով։ Այս առիթով ան նաեւ յիշեցուց հայ ընտանիքին առանցքային դերը հայ մանուկը դաստիարակելու հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներով՝ հայ ընտանիքը նկատելով որպէս եկեղեցի, դպրոց եւ հայրենիք։
Ապա Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ հայոց պատմութեան փոթորկալից ժամանակներու մէջ հայ ժողովուրդը միշտ տոկացած է շնորհիւ Քրիստոսի նկատմամբ իր ունեցած հաւատքին եւ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս հայ եկեղեցին մեր ազգին հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներուն աղբիւրն է ու հարազատ արտայայտիչը։
Հայրապետը իր պատգամը փակեց աղօթելով առ Աստուած, որ հայ մանուկները Հայաստանի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի պահէ Իր հովանիին ներքեւ եւ հայօրէն ու քրիստոնէական արժէքներով լիցքաւորէ զանոնք։
Յայտնենք, որ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, երեկոյեան տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար արարողութիւն, որու ընթացքին քարոզեց Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։