Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Երեքշաբթի 1 Ապրիլ 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական Ժողովի հանդիպում, մասնակցութեամբ Թեմակալ Առաջնորդներուն: Հանդիպման ընթացքին զեկոյցներ տրուեցան միջ-եկեղեցակիան ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց, ծիսական ու Սրբադասման յանձնախումբերու աշխատանքներուն, եւ կրօնական բնոյթ ունեցող այլ հարցերու գծով:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան ու յատկապէս Քէսապի գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ տարուող աշխատանքներուն: Ժողովի ընթացքին ճշդուեցան հետեւեալները.-
ա.Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքը կատարել Կիրակի 19 Յուլիս, 2015-ին, Պիքֆայայի ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ:
բ.Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպել ուխտագնացութիւններª դէպի Անթիլիաս ¥13-20 Յուլիս, 2015¤:
գ.Յատուկ կարեւորութեամբ շարունակել ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան ու յատկապէս Քէսապի օժանդակութեան աշխատանքները թեմերէն ներս£
դ.Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Մայիսի սկիզբը հրաւիրուած է որպէս գլխաւոր դասախօս Պահրէյնի պետութեան կողմէ կազմակերպուած միջ-կրօնական համագումարին:Վեհափառը նաեւ յայտնեց, որ Յունիսի սկիզբը պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ ու հանդիպում պիտի ունենայ Սրբազան Քահանայապետին, Ֆրանսիս Ա. Պապին հետ: