կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2017-12-22 11:19
Աշխարհ

Հայկ Գայսերյանը նշանակվել է Ավստրալիայի Հայ Դատի հանձնախմբի գործադիր տնօրեն

Հայկ Գայսերյանը նշանակվել է Ավստրալիայի Հայ Դատի հանձնախմբի գործադիր տնօրեն

Աղբյուրը՝ arfd.am

ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը (ՀԴ) յայտարարեց նշանակումը Հայկ Գայսէրեանի որպէս ՀԴի գործադիր Տնօրէն: Այս յայատարարութիւնը կը հետեւի ՀԴի մէջ վերջերս կայացած փոփոխութիւններէն ետք (կարդալ):

Գայսէրեան, որ երկար ժամանակ ծառայած է ՀԴին եւ ստանձնած զանազան պատասխանատու պաշտօններ Աւստրալահայ Համայնքին մէջ, յանձնառութիւն կը վերցնէ շարունակելու առաջնորդել Ցեղասպանութեան արդար հատուցում գտնելու համար մղուող պայքարը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ Աւստրալական բեմի վրայ ի նպաստ Հայ համայնքին տարուող աշխատանքին:

Գայսերեան ունի իր անձնական գործը՝ համակարգչային թուայնական նկերութիւն, որ իր գրասենեակները ունի Աւստրալիոյ եւ ԱՄՆի մէջ: Պահելով հանդերձ իր անձնական գործը ան կը հրաժարի ազգային բնագաւառներու մէջ տարած իր առօրեայ աշխատանքէն ամբողջապէս կեդրոնանալու համար ՀԴի մէջ ստանձնած նոր գործին:

Գայսէրեան համալսարանաւարտ է եւ Մաքուարի համալսարանէն վկայուած է որպէս Մետիայի եւ Մշակութային Գիտութեանց մասնագէտ: Նախ քան անձնական գործի սկսիլը ան աշխատած է որպէս լրագրող (SBS)ի մէջ:

ՀԴի նորանշանակ Ատենապետ Խաժակ Քորթեան իր եւ իր գլխաւորած յանձնախումբին գոհունակութիւնը յայտնեց Գայսէրեանի նշանակման համար: Ան յայտարարեց . «Ոեւէ մէկը մեր համայնքին մէջ քաջ գիտէ Հայկին Հայ Դատի աշխատանքին կառչած ըլլալը: Մեր ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ երբ ան ընդունեց առաջարկը ստանձնելու այս խիստ կարեւոր դերը եւ իր ամբողջ ժամանակը տրամադրելու Հայկական Հարցին: Հայկ պիտի տնօրինէ մեր գրասենեակը, որ ունի աշխուժ եւ խոստմնալից երկու երիտասարդ անդամներ, որոնք բոլորիս զօրակցութիւնը կը վայելեն»:

Գայսէրեան ըսաւ թէ պատուուած էր այս դերի տուուչութեամբ եւ պատրաստ էր Աւստրալահայ Համայնքին ծառայելու ամբողջական նուիրումով:«Կ’ընդունիմ որ անձնական գործիս եւ ասպարէզիս ժամանակաւոր դադար տալը անձնական մեծ եւ դժուարին որոշում մըն էր, զոր պէտք էր առնէի ընտանիքիս հետ միասին, սակայն համոզուած էի որ նոր դերս ստանձնելով դրական ներդրում պիտի բերէի ՀԴի ճիգին եւ աշխատանքներուն. Պատիւ է ինծի քալելու Վարանդ Մկրտիչեանի եւ Վաչէ Գահրամանեանի ոտնահետքերով, որոնց հետ աշխատած եմ երկար տարիներ: Կը խոստանամ վերանորոգուած եռանդ դնել մեր արդարութեան համար մղուող պայքարին, յանուն մեր նախնիներուն, յանուն Արցախի մէջ մշտական խաղաղութեան եւ յանուն ժողովրդավար յառաջընթացին Հայաստանի մէջ եւ յաւելեալ եռանդով կատարելու այն ինչ որ կը պահանջուի յօգուտ Աւստրալահայ Համայնքին եւ կամ դիմագրաւելու բոլոր այն խոչընդոտները, զորս մեր առջեւ կը դրուին մեր հակառակորդներուն կողմէ»:

ՀԴի նորանշանակ փոխ ատենապետ Վաչէ Գահրամանեան բացատրեց թէ Գայսէրեան պիտի մօտէն աշխատի երիտասարդութեան հետ, քաջալերելով զանոնք դառնալու գործօն անհատներ յօգուտ Հայկական Հարցին: «Նորութիւն չէ թէ Հայկը շատ մօտ է երիտասարդութեան որպէս Գօլստըն Ճեմարանէն եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութենէն շրջանաւարտ: Այդ հանգամանքով ան աւելի եւս պիտի կարենայ ի նպաստ Հայ Դատի աշխատանքներուն մղել յաւելեալ երիտասարդ անհատներ: Մենք շնորհակալ ենք բոլոր Գործընկերներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք զօրաւիգ կանգնեցան ՀԴին, որոնց շնորհիւ կարողացանք միջոցներ ապահովել մեր գրասենեակի պահպանման համար, մեծ բան պարտելով Հայկ Գայսէրեանի, Օլիվիա Տիլանչեանի եւ Մայքըլ Գօլօգօսեանի անվերապահ յանձնառութեան եւ զոհողութեան» աւելցուց Գահրամանեան:

Գայսէրեան պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը 2018ի Յունուարին:

armenia.com.au