Փոխարժեքներ
30 01 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 398.27 |
EUR | ⚊ | € 414.32 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.0524 |
GBP | ⚊ | £ 494.49 |
GEL | ⚊ | ₾ 138.29 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Երէկ` երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2017-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ լրագրութեան վարժողական ծրագիրին 13-րդ հանդիպումը:
Հանդիպումին հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ներկայացման առաջին բաժինով Կիրօ Մանոյեան ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ուն բացատրեց լրագրութեան ձեւերը` անդրադառնալով լրագրութեան, թղթակցութեան եւ խմբագրութեան տարբերութիւններուն, ընդգծելով յատկապէս հայկական իրականութեան մէջ` սփիւռքի հայերէնով արտայայտուող թերթերու դժուարութիւնները եւ մարդուժ ւպատրաստելու անհրաժեշտութիւնը:
Կիրօ Մանոյեան ներկայացման երկրորդ բաժինով անդրադարձաւ Հայ դատի յանձնախումբերու կառոյցին, «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու, գրասենեակներու գործելաձեւը, ներկայի մարտահրաւէրները եւ աշխատանքային ոճը: Ան Հայ դատի աշխատանքներու ազդեցութեան կարեւորութիւնը շեշտելով պատմական ներկայացում մը կատարեց գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու հիմնադրութեան օրերուն մասին` Միացեալ Նահանգներէն (1940-ական թուականներ) մինչեւ Եւրոպային Հայ դատի գրասենեակ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակ եւ այլ երկիրներու մէջ գործունէութիւն: Ան Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքային օրինակներ ներկայացուց «Ապագայ լրագրողներ»-ուն:
Հանդիպումին աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին Կիրօ Մանոյեան պատասխանեց «Ապագայ լրագրող»-ներուն հարցումներուն: