|
Փոխարժեքներ
11 05 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 369.01 |
| EUR | ⚊ | € 434.14 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9472 |
| GBP | ⚊ | £ 502 |
| GEL | ⚊ | ₾ 137.49 |
Երէկ` կիրակի, 20 նոյեմբեր 2016-ին, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն եւ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն խումբ մը մասնակցեցաւ Թուրքիոյ մէջ գործող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան զօրակցութեան ցոյցի մը:
Ցոյցը կազմակերպուած էր Լիբանանի մէջ գործող քրտական «Նեւրուզ» ընկերային-մշակութային կազմակերպութեան կողմէ:
Ցոյցին մասնակցեցան քրտական տարբեր երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններ: Էրտողանի բռնատիրական վարչակարգին դէմ կազմակերպուած ցոյցը սկիզբ առաւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պշարա Խուրի հրապարակէն: Ապա քայլարշաւով մը ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Պէյրութի ՄԱԿ-ի կեդրոն:
ՄԱԿ-ի կեդրոնին դիմաց ցոյցին կազմակերպիչները խօսք առնելով պահանջեցին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անարդարօրէն ձերբակալուած երեսփոխաններու ազատ արձակումը, Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու վերահաստատումը:
Նշենք, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կուսակցութեան երեսփոխաններէն է նաեւ հայ ազգի զաւակ Կարօ Փայլան: