Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Սեպտեմբեր 15 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ այս շաբաթասկիզբին կազմուած է 2016-2018 տարիներու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմեն 11 նոր եւ վերանշանակուած կամաւորներ։
Նոր վարչութեան անդամներն են՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան (ատենապետ), Հերմինէ Փախանեան (գանձապահ), Սիւզի Ծերունեան-Խանզադեան (քարտուղար), Սթիւ Արթինեան, Սագօ Պէրպէրեան, Պերճ Կարապետեան, Ճոզէֆ Քասքանեան, իրաւաբան Նարեկ Կիտցինեան, իրաւաբան Աշոտ Մուրատեան եւ իրաւաբան Անահիտ Օշական։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անձնակազմի անդամներն են՝ Էլէն Ասատրեան (գործադիր վարիչ), Թերեզա Երիմեան (կառավարական հարցերու վարիչ), իրաւաբան Հայկ Պաղտասարեան (օրէնսդրական հարցերու գլխաւոր խորհրդական), Սիմոն Մաղաքեան (համայնքային զարգացման համակարգող) եւ Լոռի Սինանեան (ծրագիրներու համակարգող)։
«Նոր վարչութիւնը արդէն իսկ աշխոյժ կերպով գործի անցած է, լաւապէս դէմ դնելու համար համայնքի մարտահրաւէրներուն, ի խնդիր Հայ Դատի պաշտպանութեան։ Նոր վարչութեան մաս կը կազմեն նուիրեալ եւ փորձառու կամաւորներ, որոնք տարբեր մարզերէ ներս իրենց ապահոված արհեստավարժ փորձառութիւնները պիտի դնեն ի սպաս մեր նպատակներու իրագործման եւ մեր համայնքի ուժականութեան հզօրացման», կը յայտնէ ատենապետ Նորա Յովսէփեան։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ancawr.org կայքը կամ facebook.com/ANCAWesternRegion կայքէջը։