կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-07-14 16:08
Հասարակություն

Արամ Մանուկեանի տունը եւ Հայաստանի կառավարութեան սահմանադրական պարտավորութիւնը

Արամ Մանուկեանի տունը եւ Հայաստանի կառավարութեան սահմանադրական պարտավորութիւնը

Երեւանի կեդրոնը, Արամ 9 փողոցի վրայ կը գտնուի կիսաւեր շէնք մը, որ տարիներէ ի վեր լքուած է անհոգատար։ Շէնքին վիճակը վթարային է։ Շէնքին յատակը, միջնայարկն ու տանիքը քանդուած են։ Կը մնան պատերուն մէկ մասը։ Պատերու ներքեւի տարածքը վերածուած է աղբանոցի։

Այսպիսի շէնքերու յաճախ կը հանդիպինք այլ քաղաքներու մէջ եւս։ Բնական երեւոյթ է, երբ անցեալին ճոխ ու շէն կառոյցի մը տէրը կը մահանայ կամ կը մեկնի եւ կառոյցը կը մնայ անհոգատար։ Երկար չի տեւեր այս վիճակը, որովհետեւ քաղաքի պատկան մարմինները կամ կառոյցին նոր տէրը անմիջապէս նորոգումի կամ վերաշինութեան կը նախաձեռնեն։

Սակայն Արամ 9 փողոցի շէնքին վիճակը բնական չենք կրնար համարել, որովհետեւ այդ շէնքը սովորական կառոյց մը չէ։ Ասիկա Հայաստանի անկախ պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Տունն է։ Ասիկա տունն է այն մեծ հայուն, որուն կը պարտինք մեր ազգային մնացորդացի գոյութեան փրկութիւնը ու դարերէ ի վեր կորսնցուցած մեր «քաղաքական անօթ»ին վերանուաճումը։

Արամին Տունը մեր ազգային ժառանգութեան կը պատկանի։ Այս հաստատումը թէ ճշգրիտ ու թէ արդարացի է։ Թիֆլիսէն Երեւան հասած Հայաստանի առաջին կառավարութիւնը իր սկզբնական ժողովներն ու աշխատանքի նիստերը այս տան մէջ ունեցաւ։ Այս տան մէջ մեր կառավարութեան դահլիճը, նախարարները եւ այլ պատասխանատուները ծրագրեցին մեր մանուկ պետութեան ընթացքի ճանապարհը։ Այդ տան մէջ ապրեցաւ ու մահացաւ Արամ Մանուկեանը։

Ափսոս, հայրենի յաջորդական կառավարութիւնները ցարդ անտեսած են այս Տունը, իսկ հայ հանրութիւնը գրեթէ զայն լքած է անէացման ճակատագրին։ Աւելի ցաւալին ու դատապարտելին, անոր նոր տէրերը, շահակցական հաշիւներէ մղուած, տարիներէ ի վեր նպատակադրեալ կերպով վթարային վիճակի մէջ կը պահեն այս շէնքը։ Ի տես ասոր, կատարեալ լռութիւն կը ցուցաբերեն մշակութային նախարարութիւնն ու Երեւանի քաղաքապետութիւնը։ Տակաւին չենք ուզեր անդրադառնալ պատմական կառոյցներու վերաբերող «Հին Երեւան» նախագծին, որուն պատասխանատուները չեն յիշեր իսկ որ պատմական տուն մը գոյութիւն ունի Արամ 9 փողոցին վրայ։

Արամի Տան հանդէպ այս անփոյթ վերաբերմունքին մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները հակասահմանադրական ու հակաօրինական ընթացքի մէջ են։ Պատմական ու մշակութային արժէքներու գծով Հայաստանի սահմանադրութեան տրամադրութիւնները եւ անոնց կիրարկման համար որդեգրուած օրէնքները յստակ պարտաւորութիւններ կը դնեն հայրենի պետութեան ու կառավարութեան վրայ։

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան (ընդունուած Դեկտեմբեր 6, 2015ին) 11րդ Յօդուածը կը տրամադրէ.- «Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձանները, մշակութային այլ արժէքները գտնւում են պետութեան հոգածութեան եւ պաշտպանութեան ներքոյ։» Արդ, հայրենի իշխանութեան սահմանադրական պարտականութիւնն է փրկել, հոգալ, պաշտպանել ու պահպանել Արամի Տունը, քանի որ անիկա պատմութեան յուշարձան է, այսինքն՝ պաշտպանելի ազգային արժէք եւ ժառանգութիւն է։

Հայաստանի կառավարութիւնը չի կրնար սահմանադրական այս պարտաւորութենէն խուսափիլ այն պատրուակով, թէ Արամի Տունը սեփականութիւնն է անհատներու, որոնց սեփականատիրութիւնը պաշտպանուած է սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով։

Ճիշդ է, Արամի Տան սեփականատէրերը, ինչպէս ոեւէ քաղաքացի սեփականատէր, չեն կրնար զրկուիլ իրենց սեփականութենէն՝ ըստ օրինի եւ ըստ սահմանադրութեան։ Սակայն, հանրային նպատակներու համար պետութեան կողմէ անձի սեփականութիւնը վերցնելը շատ հին եւ ընդունուած օրէնք է։ Անգլիախօս երկիրներու մէջ այս օրէնք կը կոչուի “Eminent Domain”, Հայաստանի մէջ՝ «սեփականութեան օտարում»։ (Բնականաբար, սեփականութեան օտարումի մը պարագային պետութիւնը պարտաւոր է անհրաժեշտ հատուցումը կատարել խնդրոյ առարկայ անձին։)

Սեփականատիրութեան օտարումը մաս կը կազմէ Հայաստանի սահմանադրութեան, որուն 31րդ յօդուածը, ի միջի այլոց, կ՛ամրագրէ.- «Սեփականութեան օտարումը հասարակութեան եւ պետութեան կարիքների համար կարող է կատարուել միայն բացառիկ՝ գերակայ հանրային շահերի դէպքերում, օրէնքով սահմանուած կարգով, նախնական համարժէք փոխհատուցմամբ:»

Այս տրամադրութեան համաձայն, պետութիւնը սեփականատիրութեան օտարում կրնայ կատարել երբ առկայ են հետեւեալ երկու տուեալները.- ա) Հասարակութեան եւ պետութեան կարիքը, բ) Բացառիկ՝ գերակայ հանրային շահի գոյութիւնը։ Այս տուեալներու հիմամբ, սեփականատիրութեան օտարումը կը կիրարկուի օրէնքով սահմանուած կարգով, այսինքն՝ ըստ որդեգրուած ընթացակարգային կանոններու։ Երբ կալուածի մը սեփականատիրութեան օտարման օրինական որոշումը կայացած է, պետութիւնը պէտք է կատարէ համարժէք փոխհատուցումը։

Արամի Տունը կը լրացնէ սեփականատիրութեան օտարումի երկու տուեալները։ Այսպէս՝

Առաջին տուեալը։ Խնդրոյ առարկայ շէնքը պատմական յուշարձան է եւ ազգային արժէք կը ներկայացնէ։ Իբրեւ այդպիսին, գոյութիւն ունի թէ հասարակութեան եւ թէ պետութեան կարիք։ Հայ հասարակութեան եւ հայրենի պետութեան կը պատկանին Արամի Տան նման պատմական ու ազգային վայրեր։ Այս կարիքը նաեւ կը ներառնէ գալիք սերունդները, որոնք Արամի Տան ներկայութեամբ պիտի յիշեն ու հաւատարիմ մնան հայոց պատմութեան։

Երկրորդ տուեալը։ Արամի Տունը, իբրեւ ազգային ժառանգութիւն եւ ազգային արժանապատուութեան կոթող, պատմական բացառիկ արժէք եւ գերակայ ազգային շահ կը ներկայացնէ։

Կան բազմաթիւ նախընթացներ, ուր հայրենի իշխանութիւնները սեփականատիրութեան օտարում կատարած են հիմք ունենալով հասարակական ու պետական կարիքը եւ բացառիկ գերակայ շահը։ Օրինակի համար, 2010ին Կոտայքի մարզի Արտավազ համայնքի մօտ 96 հա հողատարածքը օտարումի ենթարկուեցաւ։ Հողատարածքը նկատուեցաւ «բացառիկ գերակայ շահ»՝ հիմք ունենալով անոր «քաղցրահամ եւ հանքային ջրերի արդիւնահանման եւ շշալցման գործարանի կառուցման» ծրագիրը։ Այլ օրինակ մը, 2011ին Քաջարան գիւղէն մօտ 600 հա տարածք օտարումի ենթարկուեցաւ՝ հոն գտնուող հանքերու շահագործումը յայտարարելով «հանրային գերակայ շահ»: Նման օրինակներ շատ են։ Զարմանալիօրէն բոլորն ալ կը վերաբերին պետութեան կողմէ սեփականատիրութեան օտարումի՝ ի շահ սեփական շահ հետապնդող գործարար անհատներու կամ ընկերութիւններու։

Արդ, Հայաստանի մէջ սեփականատիրութեան օտարումի օրէնքը ի զօրու է եւ կը կիրարկուի։ Այդ օրէնքը ցարդ գործածուած է ի սպաս գործարար մարդոց եւ ընկերութիւններու, որոնց ձեռք բերելիք արտաբերումները համարուած են գերակայ շահ։

Արամի Տունը սեփականութիւնն է անհատ շահատէրերու, ճիշդ այնպէս ինչպէս Արտավազ համայնքի մօտ 96 հա հողատարածքը եւ Քաջարան գիւղի մօտ 600 հա տարածքը։ Այս վերջինները, գերակայ շահերու հիման վրայ օտարումի ենթարկուեցան՝ ի շահ սեփական շահ հետապնդող սեփական միաւորներու։

Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը հեշտութեամբ գերակայ շահ կը գտնէ անհատ գործարար մարդոց կամ ընկերութիւններու համար, Արամի Տունը կը ներկայացնէ ազգային ու պատմական արժէքի գերազանցօրէն գերակայ շահ՝ ի խնդիր հասարակական, ազգային ու պետական կարիքներու։

Հայաստանի «Հողային Օրէնսգիրք»ի 19րդ Յօդուածը կը վերաբերի «Յատուկ պահպանուող տարածքների»։ Սոյն յօդուածին թիւ 1 կէտը «Յատուկ պահպանուող տարածքների հողեր» կը համարէ, ի շարս այլոց, «պատմական եւ մշակութային… նշանակութիւն ունեցող հողամասերը»։ Թիւ 2 կէտին մէջ «Յատուկ պահպանուող տարածքների հողերը» դասակարգուած են, ուր առանձին դասակարգում ունի «պատմական եւ մշակութային» հողամասը։ Արամի Տունը, այս օրէնքի հիմամբ, պատմական եւ մշակութային հողամաս է, եւ իբրեւ այդպիսին՝ յատուկ պահպանուող տարածք։

Սահմանադրութեան 11րդ եւ 31րդ յօդուածները, ինչպէս նաեւ հողային օրէնսգրքի 19րդ յօդուածը, կը պարտաւորեն Հայաստանի կառավարութիւնը Արամի Տունը յայտարարել
հասարակութեան եւ պետութեան կարիք, ու զայն նկատել բացառիկ եւ գերակայ հանրային շահ։ Այդ հիմամբ, հայրենի կառավարութիւնը պարտի Արամի Տունը ենթարկել այլոց սեփականատիրութեան օտարումի եւ զայն վերադարձնել հանրային սեփականութեան։

Հայրենի կառավարութիւնը Արամի Տան հարցը պէտք է անյապաղ իր օրակարգին վրայ բերէ ու որդեգրէ համապատասխան որոշում՝ ամենէն կարճ ժամանակամիջոցին։ Եթէ կառավարութեան Հանրապետական կուսակցութեան նախարարները պիտի դժկամին այս նախաքայլին, այդ պարագային օրակարգի նիւթ պէտք է դարձնեն Հ. Յ. Դաշնակցութեան նախարարները, որոնք ի սկզբանէ կառավարութեան մէջ պէտք է նախաձեռնողն ու տէրը ըլլային Արամի Տան հանրականացման ու պահպանման։

Սեդօ Պոյաճեան