Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Տաս օրեր առաջ, Աթէնքի Հ.Յ.Դ. Արամ Մանուկեան կոմիտէութեան կազմական ժողովը օրակարգի հարց դարձնելով Հայաստանի դիմագրաւած քաղաքական, դիւանագիտական ու ընկերային լրջագոյն խնդիրները եւ անոնց մասին վերաքաղ մը կատարելէ ետք, ժողովականներու միջեւ զրոյց-քննարկում մը տեղի ունեցաւ: Անդրադարձի արժանի երեւոյթը այն է, որ Հ.Յ.Դ.ի անդամ կուսակցականներ կը տագնապին Հայութեան ու հայրենիքի հոգերով, իրենց առօրեայ հեւքին մէջ ու օրուան աշխատանքի ծանրութենէն յետոյ, ճշդուած թուականին ու ժամուն կը հաւաքուին իրենց ժողովավայրը եւ մոռցած յաջորդ օրուան գործի ստիպողութիւնները, պարտաւորութիւններն ու այլազան տաղտուկները՝ զիրենք կրծող ազգին առջեւ ծառացած տագնապալի խնդիրները իրարու կը փոխանցեն եւ զանոնք յաղթահարելու անզօրութեան մատնուած՝ Արցախցի գաղթականներու իրաւունքները վերականգնելու ու Պաքուի մէջ բանտարկուածներու ազատ արձակման պահանջքով ցոյց ընելու որոշումի կը յանգին, հակառակ անոր, որ ամէն անգամ ցոյցին մասնակցողներու թիւը կը նուազի նախորդին բաղդատմամբ, ինչ որ նոր յուսահատութիւն կը պատճառէ…:
Կարծելով, որ այդ ժողովին յայտնուած մտածումները շահեկան կրնան համարուիլ, որոշ մշակումով անոնց խտացումը կը թուեմ ստորեւ.
1. Մեզի ժամանակակից պատմութեան ամէնէն դժուար ու ճակատագրական փուլի մէջ կը գտնուի Հայաստան: 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն եւ յատկապէս Արցախի անփառունակ անկումէն վերջ, ռազմաքաղաքական առումով ուժաքամ հայրենիք մը ունինք եւ մեր թշնամին, ինչպէս նաեւ «բարեկամները» իրենց ախորժակները սրած՝ կը պատրաստուին հնարաւորինս օգտուիլ անոր տկարութենէն…:
2. Խոստովանինք, որ նոյնիսկ տարիներու փորձ ունեցող ու կազմակերպուած պետութիւններ պիտի անճրկէին, եթէ պատահէր, որ երկու-երեք օրուան մէջ շուրջ հարիւր հազար գաղթական հայրենակիցներու հոսքի մը առջեւ գտնուէին, ինչպէս որ պատահեցաւ Հայաստանին: Կ՚իմանանք, որ Արցախի գաղթական հայրենակիցները անպատսպար չեն մնացած, պատիւ մեր ազգին, կարելի արագութեամբ պատսպարուած են անոնք տուներու մէջ, ինչ որ անգամ մը եւս եւ գործնապէ՛ս կը հաստատուի՝ ազգակիցները սրտբաց գրկելու մեր ազգին իւրայատկութիւնը, ինչպէս նաեւ ցուցանիշը կը կազմէ ազնուութինը հայ մարդու հոգեյատակին: Ամէն պարագայի, այս իրողութիւնը «առաւել մը» կ՚արձանագրէ նաեւ կառավարական սպասարկութիւններուն համար, որոնց շնորհիւ կարելի եղած պէտք է ըլլայ յաջող եւ արագ համադրել պատսպարանքի կարգադրութիւնները…: Հիմա կառավարութիւնը դժուար ընտրանք մը ունի. արցախցիներուն քաղաքացիութիւն շնորհե՞լ, թէ զանոնք պահել գաղթականի կարգավիճակին մէջ, որպէսզի վերադարձի իրաւունքի ուժը չտկարանայ…:
3. Շատ երկար տարիներէ ի վեր Կովկասի տարածաշրջանը գտնուած է ռուսական տիրապետութեան տակ եւ ներկայիս ալ ան կը համարուի անոր ազդեցութեան գօտին: Բացառուած է, որ Ռուսիա հրաժարի անկէ: Ան ամէն հնարք ի գործ պիտի դնէ իր ազդեցութիւնը պահելու համար Կովկասեան երկիրներու վրայ: Սխալ է կարծել, որ ան տկարացած է Ուկրանիոյ պատերազմին պատճառվ:
4. Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ դիրքէն յուսախաբ, Հ.Հ.-ի վարչապետն ու կառավարութիւնը փորձ կը կատարեն խզուիլ Ռուսաստանէն եւ հակիլ դէպի Եւրոպա, անոր շռայլ խոստումներէն շլացած: Արեւմուտքին նպատակը կը կարծենք թէ, ոչ Հայաստանի պաշտպանութիւնն է, ոչ ալ անոր բարգաւաճումը, այլ մեր հայրենիքը խաղաքարտի վերածելով ռուսին նեղութիւններ պատճառելն է: Արեւմուտքը հեշտութեամբ կը լքէ Հայաստանը նուազագոյն աննպաստ կացութեան մը պարագային:
5. Հայաստանի դէպի արեւմուտք արեւելումին դիմաց նոյնիսկ Ռուսիոյ կողմէ հանդուրժողութիւն եթէ ցոյց տրուի կամ չէզոք դիրք որդեգրէ ան, ինչ որ բացառուած կը նկատենք, կա՛յ տնտեսական ազդակը, որ վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ մեզի համար: Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Հայաստանի կենսական հաստատութիւնները Քոչարեանի նախագահութեան օրով պարտքի դիմաց տրուեցան Ռուսիոյ, որ այդ հաստատութեանց տիրութիւնն ու հսկողութիւնը ունի: Բաց աստի, ներկայիս ալ տոկոսային առումով մեր երկրի արտադրութիւններու մեծագոյն բաժինը կ՚արտածուի դէպի Ռուսիա կամ Եւրասիական երկիրներ: Կարելի է պատկերացնել Հայաստանի վիճակը, իբրեւ ճնշումի միջոց՝ տնտեսական հաւանական պոյքոթի մը պարագային։
6. Մեզի բնական դաշնակից կը համարուի Պարսկաստանը, որ չենք գիտեր, թէ որքան հաշտ ու չէզոք աչքով կը դիտէ Հ.Հ.-ի վարչապետին սիրախաղը Արեւմուտքին հետ: Ատրպէյճանի պահանջած ծանօթ «միջանցք»ին դէմ ըլլալով հանդերձ, ան կ՚ուզէ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակել մեր ոխերիմ թշնամիին՝ Ատրպէյճանին հետ, հաւանաբար այն կանխահոգութեամբ, որ իր սահմաներուն մէջ ապրող հինգ միլիոն ազերիները հինգերորդ շարասիւնի չվերածուին ի նպաստ Ատրպէյճանին: Չմոռնանք նաեւ, որ Պարսկաստանն ու Ատրպէյճանը կրօնքի նոյնութիւն ունին…: Երկու երկիրներն ալ կը պատկանին իսլամութեան Շիա դաւանանքին։
7. Պէտք չկայ շեշտելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ թշնամանքը՝ մեզի հանդէպ, որ փոխադարձ է: Պատահի, որ Կովկասը Արեւմուտքի ազդեցութեան գօտիի վերածուի, անոր հսկողութիւնը անպայման է, որ NATO-ի կողմէ պիտի յանձնուի մեր ոչնչացման հետամտող թշնամի Թուրքիոյ, որ կը հետապնդէ համաթրքութեան իր ծրագիրը…:
8. Այս պայմաններուն տակ եւ դիւանագիտական խաղերու ներկայ ընթացքով վտանգուած կը համարենք մեր պետականութիւնը: Ներկայ ընթացքով եւ լաւագոյն պարագային Հայաստան պիտի վերածուի ասկէ-անկէ օգնութիւն հայցող խամաճիկ ու անկարեւոր երկրի մը՝ միջազգային բեմին վրայ եւ կամ պիտի ստիպուի Ռուսիոյ միանալու որոշում առնել, վերածուիլ ռուսական նահանգի՝ կորսնցնելով իր անկախութիւնը, ինքնուրոյն պետութիւն ըլլալու հանգամանքը…: Թերեւս Պուտինի հետապնդածն ալ այդ է։
Ուրեմն, ի՞նչ ընել:
Դժուար հարցում մը, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ պատասխան չունի թերեւս:
Անցնող 35 տարիներուն «դէպի երկիր» կարգախօսով դաշնակցականներուս ամբողջ ուշադրութիւնն ու կարողականութիւնը կեդրոնացուցինք Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, ազատագրական պայքարին Ղարաբաղ ուղարկեցինք առաջին զէնքերը եւ կռուող ֆետայիներով հոն զինուորական ջոկատ կազմեցինք, մասնակից դարձանք պատերազմին, նահատակներ տուինք, ապա Հ.Հ.-ի հանրապետութեան կառավարման գործին պատասխանատուութիւններ ստանձնեցինք եւ այլն, եւ այլն.: Անցնող տարիներու մեր ըրածներուն համար հպարտ էինք մենք մեզմով, հզօր հայրենիքի յաղթական բանակով: Իսկ հիմա՞…:
Հիմա, ողբերգութեան ու անորոշ ապագայի քաղաքական ճգնաժամի մէջ իսկ պառակտուած ու խառնաշփոթ պատկեր մը կը ներկայացնէ մեր հայրենիքը: Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն անհաշտ ճակատներու վերածուած իրարու դէմ կը պայքարին ահա հինգ տարիներէ ի վեր: Իսկ փոքր կուսակցութիւնները դէմ են թէ ընդդիմութեան եւ թէ իշխանութեան: Անասելի աղէտներու պատճառ դարձած ձախաւեր վարչապետն ու կառավարութիւնը փոխանակ հրաժարելու, կը շարունակեն իշխանութեան վրայ մնալ եւ վախ կայ, որ վերընտրուին անոնք նոր քուէարկութեան մը պարագային, որովհետեւ ընդդիմութիւնը որպէս այլընտրանք՝ համոզիչ ծրագիր եւ ժողովուրդէն ընդունելի վարչապետութեան թեկնածուի անուն չէ ներկայացուցած մինչեւ հիմա: Չկայ քաղաքացիական հանրութիւն, որ բաց վճարագիր տայ որեւէ կողմի, վստահելով անոր, որ գործածէ այդ վճարագիրը, ինչպէս որ յարմար կը դատէ:
Ուրեմն ի՞նչ ընել.
Սկսելու համար, եւ իբրեւ անյետաձգելի նախապայման, նախ քով-քովի բերել Հայաստանի անհաշտ կողմերը՝ հասկացողութեան ու համախոհութեան եզրի մը յանգելու, միասնաբար ռազմավարութիւն մշակելու եւ ազգային կառավարութիւն կազմելու համար:
Հա՞րց է արդեօք, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ քով-քովի բերողը: Արդեօ՞ք հասած ենք տեղ մը, ուր միջնո՞րդ ալ դժուար է գտնել: Թէեւ, կուսակցութիւններ պէտք չունին միջնորդի՝ իրարու հանդիպելու, յարաբերելու եւ որեւէ օրակարգի մասին խօսելու համար: Դաշնակցութիւնը մեծ փորձ ունի ազգին ուժերը համախմբելու գործին մէջ՝ իր ծնունդէն մինչեւ սփիւռքի կազմակերպում ու Հայ դատի հետապնդման նպատակի առանցքին շուրջ…։
Գրողիս կողմէ.
1. Վերը ըսած եմ արդէն ու կը կրկնեմ, որ յայտնուած մտածումները որոշ մշակումի ենթարկած եմ հնարաւորինս պահելով անոնց «միտք բանի»ի հարազատութիւնը: Կարգ մը տեղեր յաւելումներ կատարած եմ աւելի յստակ, ամբողջական ու պատշաճ դարձնելու համար մշակումը:
2. Քանի մը օրեր առաջ, Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան յայտարարութեամբ մը անդրադառնալէ ետք Հայաստանի ճգնաժամին ու իշխանութեանց պատճառած աւերին, իբրեւ վերջաբան ու ճգնաժամային կացութենէն դուրս գալու միջոց, շեշտած էր ազգային կառավարութիւն մը կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը: Այս յայտարարութիւնը ֆէյսպուքի վրայ էր:
Ինծի տրուած չէ եւ ոչ ալ իրաւունքը ունիմ մեկնաբանելու ընկ. Իշխանի յայտարարութիւնը: Պարզապէս կ՚արձանագրեմ իմ պատկերացումս «ազգային կառավարութիւն» կամ «փրկութեան կառավարութիւն» յղացքին մասին: Երբ կ՚ըսուի «ազգային կառավարութիւն», կ՚ենթադրուի բնականաբար, որ անոր մաս պիտի կազմէ նաեւ Ազգաժողովի մեծամասնութիւնը ունեցող եւ վարչապետ Փաշինեանի կողմէ ղեկավարուող կուսակցութիւնն ալ: Կը սխալի՞մ արդեօք: Փափաքելի պիտի ըլլար, որ մտայնութեանց մէջ ինչ որ բան փոխուած է: Ով գիտէ:
Սխրանքով միայն կարելի է անել կացութեան մէջ ելք գտնել: Եթէ ուրիշ ճար չկայ, սխրանք պիտի համարուի անհաշտ կողմերու միջեւ իրարու ձեռք երկարելը:
Որեւէ պարագայի, իտէալականը այն պիտի ըլլայ, որ մինչ այժմս կառավարող բոլոր ղեկավարներն ու իրենց անմիջական արբանեակները դուրս մնան առաջիկային կազմուելիք նոր կառավարութենէն: Անոնք բոլորն ալ քիչ թէ շատ պատասխանատուութեան բաժին մը ունին Հայաստանի այսօրուան կացութեան եւ պառակտուածութեան եւ սփիւռքահայութեան ախտաւոր անտարբերութեամբ վարակուելուն:
ՄԻՀՐԱՆ Ք.
Աթէնք, 20 Յունուար 2024