Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
ՀՅԴ գործիչ Վահան Փափազեանն իր հուշերում նկարագրել է ջարդերին հաջորդած գիշերվա սարսափների մասին: Լեռների խորշերում, պուրակներում ապաստանել էին հազարավոր հայեր՝ Մշո դաշտի բեկորները՝ կին, մանուկ ու ծերեր, որոնք նման էին ահավոր ուրվականների՝ անտարբեր կյանքի ու մահվան հանդեպ: Բոցերի ու կրակների մեջ նրանք թաղել էին իրենց հարազատների թանկագին կյանքերն ու ամեն ինչ: Այժմ նրանք աննպատակ քայլում էին՝ ոսկրացած մարմիններն առաջ տանելով: Մշո դաշտի վրա տարածվում էր մարդկային ողջակեզ մարմինների ճարպի գարշելի հոտը:
Ա՛հ, այն գիշերը:
Ընդհանուր ջարդը վերջ գտած էր:
Լեռներու խորշերուն, պուրակներուն ապաստանած էին հազար հազարներ՝ Մշոյ դաշտի բեկորներէն՝ կին, մանուկ ու ծերեր, որոնք ահաւոր ուրուականներու նման՝ անտարբեր կեանքի եւ մահուան հանդէպ՝ կը պտտցնէին իրենց ստուերները յամառօրէն ու դաժան:
Բոցերու ու արիւնի մէջ անոնք թաղած էին թանկագին կեանքեր հարազատներու ու ամէն ինչ…: Այժմ, կմախքացած իրենց ոսկորները զազրելի քուրջերու մէջ ամփոփած՝ կը քալէին աննպատակ:
Մարդկային ողջակէզ մարմիններու ճարպին գարշելի հոտը, չոքած էր դաշտին վրայ՝ աղտոտ ու սեւ ամպի մը պէս:
Մե՛նք ալ հոն էինք: Անկարող փրկելու մեր ժողովուրդը՝ անոր հետ ապաստանած էինք լեռնային ծերպերուն եւ քարայրներուն: Զինուած էինք քանի մը տասնեակ յուսալքուած մարդկանց հետ: Հեգնանք մըն էր սակայն այդ բոլորը ու չնչին՝ զարհուրելի նախճիրի այդ օրերուն:
Ի՞նչ կրնայինք ընել- ոչինչ. մեռնիլ միայն հազարաւորներու հետ. այդ ուժն ալ պակսած էր մեր մէջ:
Պուրակներու ու թփուտներու մէջէն, կ՚ելլէինք գիշերները միայն, երբ քաղցէն ու ցաւէն ոռնացող գայլերու պէս շրջմոլիկ՝ կ՚երթայինք փնտռելու պուտ մը ջուր, փունջ մը խոտ՝ մեր քաղցն ու ծարաւը մեղմելու:
Արշալոյսին, քիւրտերու վոհմակները կը պաշարէին լեռները, ձորակները ու պուրակները եւ համազարկերով կը ոչնչացնէին մնացորդը մեր ժողովրդի:
Մինակ էինք մենք բուերու նման անհուն այդ ամայութեան մէջ, ուր սակայն կը վխտային բազմահազար թշնամիներ՝ իրենք եւս ճողոպրած ռուսական բանակներու ներարշաւէն: Չէինք գիտեր երբ եւ ուր պիտի հանգչէին մեր ոսկորները: Կորսնցուցած էինք կեանքի ու ժամանակի գաղափարը…:
Սեւ-խաւար գիշեր մըն էր, մէկը աշնան օրերէն. կ՚իջնայինք Մառնիկայ սարէն: Նիհար ու չորցած քանի մը խաղողի այգիներ:Երբ գրեթէ իջած էինք ձորին խորքը եւ կը քալէինք խաղողի խեղճուկ թփուտներու քովէն, մանկական խեղդուկ ձայն մը զարկաւ ականջներուս: Բեւեռուեցանք տեղերնիս: Շատ մօտէն էր: Թոթովանք մըն էր ցաւագին:
Դանդաղ ու անաղմուկ մօտեցանք թփուտներուն: Գետնին գամուած սեւ ստուեր մըն էր, որ յաճախ թեւերը վար-վեր կը շարժէր: Լարեցինք մեր տեսողութիւնը, յառաջացանք դանդաղօրէն: Մանկական ձայնը դարձած էր պաղատագին, աղեկտուր:
- Խմէ՛ Գուլօ լաօ՛, ղուրպան քըզի, խմէ ղուվաթ (ուժ) առնիս երթանք մըր մէրիկ գտնինք…:
Մօտեցանք, շրջապատեցինք եւ ծունկի եկանք քովիկը: Զարմացական հայեացք, «ա~խ» մը եւ խոշոր բացած յուսահատ աչուկները մեզի ուղղեց:
Հազիւ 6-7 տարեկան աղջիկ մըն էր կմախքացած, բոսորային աչքերով: Քովը երկնցած էր իրմէ շատ փոքր, կիսամերկ մանկիկ մը անշարժ, մարած, կիսախուփ աչքերը երկնքին ուղղած:
- Ի՞նչ կ՚ընէք այստեղ, ո՞ւր է ձեր մայրիկը.
Փղձկաց փոքրիկը եւ կից կտուր հեկեկանքով պատմեց: Շատ օրեր էին հոն մնացեր. իրենց «մէրիկ»ը բերած հոն պահած էր տիւշմընու աչքէն. պատուիրեր էր չշարժիլ. գացած էր ուտելիք բերելու…
- Գուլօն լէ քնուկ է, քնո~ւկ, չի’ զարթէ.- գլուխը, պառկած քրոջը վրայ հակելով աւելցուց- հիւանդ է, հա’ (միշտ) քնուկ է… ես լէ էսա խաղողի ջրէն բերանը կը լեցնում- չի՛ խմէ:
Աղջկան սեղմած ձեռքին մատերու մէջէն, իրաւ, խաղողի հիւթը կաթ-կաթ, կը թափէր «հիւանդ» իր քոյրիկին դէմքին:
Շօշափեցինք պզտիկին ձեռքերը, գլուխը- շատո~նց մեռած էր իր քոյրիկը…:
Մեծ քոյրը երեւի կորսնցուցած էր մահուան գիտակցութիւնը: Մեր խումբը, յանցաւորի մեղապարտութեամբ, շրջապատած էր դիակը մանկիկ Գուլոյի: Տառապանք էր տեսել կենդանի իր քոյրիկը- կմախք մը զարհուրելի, որ դեռ բռունցքին մէջ կը պահէր մզած խաղողի չանչը…:
Հազիւ շշնչացի անոր թէ պէտք է հանգիստ թողու Գուլոյին որ քնանայ, իսկ ինքը պէտք է մեզի հետ գայ մէրիկը փնտռելու: Ելաւ անխօս՝ վերջին հայեացք մը նետելով Գուլոյին վրայ: Ու հետեւեցաւ մեզ:
«Աստուած է մըզի խրկեր, թող ի գայ մըզի հետի…» ըսին խումբին տղաքը:
Այնուհետեւ օրերով ընկերացաւ մեզ իր դողդոջուն քայլերով: Իրեն զոհեցինք մեր հանգստութիւնը- կը քալէինք իր քայլերով, անմատչելի ապաստաններ կը որոնէինք անոր համար, դաշտ կ՚իջնէինք գիշերները, կը յարձակէինք քիւրտ խումբերու վրայ վրայ.- հաց, իւղ կը խլէինք կերակրելու համար անոր, կռիւներու մէջ ապահով ժայռերու տակ կը պատսպարէինք…:
Մեր ժողովուրդի կսկիծն էր որ կ՚այրէր մեր հոգիները: Այդ վտիտ մարմինը խորհրդանիշ էր դարձած մեր խեղճերուն համար. թեթեւնալ կ՚ուզէինք…:
Օր մը սակայն կքեցաւ փոքրիկը: Ծանր էր անոր տաժանակիր այդ վազքը կեանքի: Չկրցաւ շարժուիլ: Մեր թեւերուն վրայ պահեցինք օրերով, մարմինը կ՚այրուէր կարծես. աչքերը սուզուած էին խոր կոպիճներու մէջ. կը զառանցէր- «մէրիկը», «գուլօն» կը փնտռէր:
Արշալոյսին մեռաւ:
Բոլորուեցանք մեր որբուկի մարմնին շուրջ ու հսկեցինք: Իսկ գիշերը…: Թողինք լերան գլուխ, սեւ ժայռի մը տակ՝ թաթիկները կուրծքին ծալլած:
Ինչպէ ~ս թաղէինք. ո՞ր մէկը թաղէինք…:
Գրեց՝ Կոմս
«Յեղափոխական Ալպոմ»