կարևոր
0 դիտում, 12 տարի առաջ - 2011-10-18 12:33
Առանց Կատեգորիա

ԱԶԴԱԿ. Անդրադարձ. ծանիր զքեզ

ԱԶԴԱԿ. Անդրադարձ. ծանիր զքեզ

Հայաստանի նորագոյն հանրապետութիւնը ամբողջացուց իր գոյութեան առաջին քսանամեակը: Ոմանք կ՛ըսեն, թէ այդ ժամանակը բաւական երկար է շօշափելի դրական արդիւնքներու հասնելու համար: Ուրիշներ ընդհակառակը` թէ այդ ժամանակը շատ կարճ է երկիրը արմատականօրէն փոխելու եւ քաղաքական-տնտեսական-ընկերային մարզերուն մէջ զգալի յառաջընթաց արձանագրելու համար:

 

Այդ բանավէճը, ի հարկէ, ամէն բանավէճի նման հետաքրքրական է, բայց առանձին տեղ չի հասցներ: Փոխադարձ ամբաստանութիւններ լսելը, յանցաւորներ փնտռելը, գտնելն ու պախարակելը շատերու հաճոյք պատճառող վայելք է, բայց ինքն առանձին հասարակութիւնը ժամանակի մէջ յառաջ չի տանիր: Յառաջդիմելու համար անհրաժեշտ են ենթադրեալ այդ վայելքին յաջորդող անհրաժեշտ քայլերը: Այսինքն` նախ ծրագրում, ծրագրի ներկայացում, ծրագիրի տարածում, ծրագրի շուրջ հանրային բանավէճ, ծրագիրի սրբագրութիւն, յետոյ` երկարաշունչ ազգային ծրագիրի գործադրութիւն: Այս բոլորը կ՛ենթադրէ ժամանակի վրայ երկարող աշխատանքային հսկայական դրամագլուխ, իսկ, կ՛երեւի, համբերատարութիւնը բացակայ է մեր հաւաքական յատկանիշներու ցանկէն:

 

Ամէն ինչ պէտք է ըլլայ հիմա՛, ամէնէն ուշը` վաղը. անոր յաջորդող օրը արդէն մեզ չի բաւարարեր: Իսկ եթէ չըլլայ, մեր որդեգրելիք ամուլ ընթացքին պատասխանատուն մենք ըլլալու չենք, այլ դիմացինը, որ պատասխանատու կը համարուի ստեղծուած անմխիթար կացութեան: Բայց անմխիթա՞ր է իսկապէս մեր կացութիւնը: Եթէ այո՛, ինչի՞ բաղդատելով. անցեալի, անմիջական թէ հեռաւոր, ո՞ր դարաշրջանը նկատի ունենալով: Ճի՞շդ է, որ մենք եղած ենք այն փառապանծ հաւաքականութիւնը, որ կը դաւանին հայոց պատմութեան մեր դասագիրքերը, թէ՞ այդ գաղափարը մեր ուղեղներուն մէջ տեղաւորած են հայկական Վերածնունդի մեր իմաստո՛ւն ռահվիրաները` իր ատենին աւելի քան խեղճացած հայկական հաւաքականութիւնը հպարտութեամբ տոգորելու եւ անոր ապագայի յոյս ներշնչելու նպատակով:

 

Իսկապէս, աւելի լաւ եղա՞ծ ենք: Եթէ եղած ենք, հապա ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կորսնցուցած ենք ուրիշի համար անմատչելի հող ու հայրենիք: Անձնապէս այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ հայութիւնը իր նորագոյն պատմութեան ընթացքին այնքան նպաստաւոր վիճակի մէջ չէ գտնուած, որքան` այսօր: Պատահա՞ծ է արդեօք, որ հայութիւնը կուտակած ըլլայ այնքան հոգեկան, ոգեկան ու նիւթական հարստութիւն, որքան` այսօր. այսքան գիտնական, այսքան համալսարան ու համալսարանաւարտ, այսքան մեծահարուստ, այսքան բանակային ե՞րբ ունեցած է հայութիւնը: Պատահա՞ծ է ասկէ առաջ, որ հայութիւնը միջազգային ընտանիքին ներկայանայ այնքան միակամ, որքան` այսօր. եւ այս` հակառակ զինք պառակտելու համար տարուող հետեւողական ճիգերուն. վերջին շրջանին սփիւռքը Հայաստանէն բաժնելու բազմաթիւ փորձերը մեր աչքին առջեւ տեղի ունեցան` առանց յաջողութեան. Հայաստանը Կովկասի միակ երկիրն է, ուր քաղաքացիական ներքին լուրջ բախումներ տեղի չունեցան, հակառակ այդ ուղղութեամբ ամէն նպաստաւոր առիթով դուրսէն կատարուող թելադրանքներուն:

 

Մոռցեր ենք, կ’երեւի, որ ժամանակին հայութեան հատուածական հովանաւորներէն մէկուն կամ միւսին աչքի մէկ շարժումը բաւարար էր հայկական հասարակութիւնը ալեկոծելու համար: Փաստ է, որ մեր օրերուն քաղաքական հասունութիւնը ընդհանուր առմամբ առկա՛յ է հայկական հասարակութեան մէջ: Ինքնաճանաչման անաչառ նոր փորձ մը մեզ անշուշտ ինքնախաբէութեան պէտք չէ առաջնորդէ, որովհետեւ ինքնախաբէութեան գիրկը իյնալն ալ նոյնքան վնասակար ու վտանգաւոր է, որքան ամէն ինչ սեւ տեսնելը կամ սեւցնելը. ինքնաճանաչումը պարզապէս կրնայ նպաստել հայութեան այլեւայլ ու բազմազան հատուածներու միջեւ կապերու ամրացման: Ըսուածը այն է, թէ մեր ներկայ կացութիւնը լաւ մեկնակէտ է ձեռնարկելու համար հայոց պետութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան արդիական վերակազմակերպման` առանց նախապաշարումներու եւ լաւագոյն արդիւնքին հասնելու նպատակով: Իսկ լաւագոյն արդիւնքին հասնելու միակ ձեւը հայութեան ամբողջական ուժերու լարումն է, անոնց համերաշխ իրերալրացումն ու համադրումը:

 

Հայութեան ներկայ սերունդը բախտաւոր սերունդ է, որովհետեւ պատմութիւնը ներկայի առիթին նման շատ առիթ չէ ընծայած հայութեան: Միաժամանակ սակայն` այդ սերունդին ուսերուն վրայ ինքնաբերաբար կ՛իյնայ պատմական մեծ պատասխանատուութիւն: Ընտրանքները ըստ այնմ պէտք է կատարել:

 

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ