կարևոր
0 դիտում, 13 տարի առաջ - 2011-02-19 05:05
Արցախ

Այլասերում

Այլասերում
Շուրջ քսան հինգ տարիներ առաջ հայ գաղթականներու նոր ալիք մը հասաւ Լոս Անճելըս: Բոլորովին տարբեր մշակութային միջավայրէ եկած բազմաթիւ հայ երեխաներ, հանրային վարժարաններ յաճախեցին՝ իրենց ուսումնական առօրեային մէջ ազգային ու ցեղային տարբեր պատկանելիութիւն ունեցող այլ երեխաներու հետ շփուելով:
 
Յատկապէս սկզբնական շրջանին, երբ թէ՛ ընդունող կրթական հաստատութիւնները, թէ՛ աշխարհի տարբեր անկիւններէ գաղթականական իրարայաջորդ ալիքներով իրենց անդորրը կորսնցուցած Մեծն Լոս Անճելըսի քաղաքային տարբեր համայնքներու պետական կառոյցները պատրաստ չէին դիմագրաւելու իրարու անծանօթ, զիրար չհասկցող ու այդ անհասկացողութեան ու անծանօթութեան պատճառով իրարու չվստահող, իրարմէ վախցող նորեկներու դժուարութիւնները, օտարութեան մէջ իրենք զիրենք գտած հայ պատանիները, ընդօրինակելով իրենց շրջապատը՝ ինքնապաշտպանութեան բնազդային մղումով կազմեցին տարբեր փողոցային խումբեր, որոնցմէ ամէնէն յայտնին ու հռչակաւորը «Արմինիըն Փաուըր» անունը կը կրէր:
 
Ոչ մէկ կասկած, թէ այս խումբերուն մէջ ընդգրկուած տղաքն ու աղջիկները, ուղղութեան պակասի, խորհրդատուութեան բացակայութեան պատճառաւ, ինչպէս նաեւ օրուան հացը ապահովելու տքնանքին յանձնուած իրենց ծնողներու անճարակութեան բերումով, իրենց սկզբնական ինքնապաշտպանական նպատակներէն շեղեցան, այլասերեցան ու բռնեցին նաեւ անօրինականութեան եւ քրէական աշխարհի ճանապարհը:
 
Միայն կարելի է ափսոսալ երիտասարդական տաղանդի այն ահաւոր կորուստին, զոր մեր համայնքը կը կրէ՝ ի դէմս այս ձերբակալուածներուն, որոնք այլ պայմաններու մէջ, այլ ձեւով պիտի մեծնային՝ օգտակար դառնալով իրենց ծնողներուն, ընտանիքին, շրջապատին:
 
Ափսոսալը, անշուշտ, մխիթարանք ու լուծում չէ: Ուշադիր նայինք մեր չորսդին, փորձենք տիրութիւն ընել նոյն փորձանքներուն ենթարկուելու վտանգը դիմագրաւող հարիւրաւոր այլ հայ երեխաներու:
 
ԱԲՈ ՊՈՂԻԿՅԱՆ
«Ասպարեզ»  թերթի  խմբագիր