Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը`hairenikweekly
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը իր Ը. Պատգամաւորական Ժողովը գումարեց Երեւանի Անի հիւրանոցի մէջ, 19, 20 եւ 21 Մայիս 2018-ին: Ժողովին կը մասնակցէին 15 շրջաններ ներկայացնող պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Օ.Մ-.ի Կեդրոնական Վարչութիւններու ներկայացուցիչները եւ ի պաշտօնէ՝ Համազգայինի հաստատութիւններու եւ գրասենեակներու տնօրէնները:
Ժողովը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեց յիշատակը անցնող քառամեակին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած համազգայնականներու: Երեք օրերու ընթացքին, ժողովը քննեց շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ աշխատանքը եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ աննախընթաց կերպով ընդարձակուած է Համազգայինի գործունէութեան ծիրը, յատկապէս՝ Քուէյթի նոր շրջանի կազմութեամբ եւ Արցախի, Ջաւախքի ու Համազգայինի Հիմնադրամի Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակներու հիմնադրութեամբ: Նորութիւններ են նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու գործակցութեամբ Համազգայինի երիտասարդական ցանցի (ArtLinks)՝ եւ անոր օրինակով Եւրոպայի մէջ Youthlinks Europe հաւաքներու ծնունդը, ինչպէս նաեւ՝ Բագինի խմբագրական կազմի փոփոխութեամբ իրականացած արդիական բովանդակութիւնն ու տեսքը: Կրթական մարզին մէջ, ժողովը դրական գնահատեց Իսի-լէ-Մուլինոյի Թարգմանչաց վարժարանի Համազգայինի կրթական հաստատութիւններու ընտանիքին միանալը, «Լալան ու Արան» մանկական խաղերու շարքի հրատարակութիւնը, եւ այն փաստը, որ Երեւանի Պետական Համալսարանին հետ իրականացուող հայերէնագէտ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրը սկսած է տալ իր առաջին շրջանաւարտները: Դրական գնահատուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին կցուած «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» արդիական մանկասուրի կառուցումը, եւ ժողովը կարեւորեց յառաջիկայ գործունէութեան մէջ զարկ տալ այս ծրագրի բարգաւաճման գործին: Իբրեւ կարեւոր իրագործում, դրական գնահատուեցաւ նաեւ Ժորժ Սարգիսեանի թատրերգութիւններու թարգմանութիւններու հրատարակութիւնը: Շինարարական մարզէն ներս դրական գնահատուեցաւ Նորսիկեան մանկապարտէզի բաց խաղավայրի կառուցումը։ ժողովը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ Գուրգէն եւ Մարգրիտ Ասատուրեաններու կտակին եւ Ազնիւ Բարունակեանի կտակին:
2018-2022 քառամեակին համար ժողովը բանաձեւեց Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութեան ընդհանուր ուղեգիծը, յատկապէս հայ երիտասարդը հայկական մշակոյթին մօտեցնելու առաքելութեամբ ճամբայ ելած h-pem հարթակի հետագայ քայլերը, Համազգայինի Հիմնադրամի եւ «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ հրատարակչականի գործունէութիւնը, քարոզչական աշխատանքներու ընդարձակումը, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ Համազգայինի գործունէութեան ուղիները, տեղեկութիւններու եւ մարդուժի շտեմարաններու պատրաստութիւնը եւ շրջանային կառոյցներու հզօրացումը:
2018-ին պիտի նշուի Համազգայինի 90-ամեակը: Անդրադառնալով այս իրադարձութեան, ժողովը բարձր գնահատեց Համազգայինի մօտ գտնուող ԺԴ.-Ի. դարերէն եկող 27 ձեռագիր մատեաններու Մեսրոպ Մաշտոցի անուան գրադարանին յանձնելու Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութիւնը:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 2018-2022 քառամեակի Կեդրոնական Վարչութիւնը հետեւեալ կազմով.-
Ալեքսանեան Կարօ (Սուրիա)
Այնթապլեան Սեպուհ (Լիբանան)
Թիւֆէնքճեան Վիգէն (Գանատա)
Թնճուկեան Սելլա (Եւրոպա)
Հաշէօլեան Թամար (Լիբանան)
Ղարաբաղցեան Սպարտակ (Հայաստան)
Մկրտիչեան Մկրտիչ (Լիբանան)
Չուխաճեան Մանուկ (Արեւմտեան ԱՄՆ)
Պապիկեան Տիգրան (Արեւմտեան ԱՄՆ)
Պարոնեան Հրայր (Արեւելեան ԱՄՆ)
Սապունճեան Լորիկ (Լիբանան)
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ը. Պատգամաւորական Ժողով
Երեւան, 23 Մայիս 2018