կարևոր
2593 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-09-08 21:51
Արցախ Քաղաքական

Խմբագրական. Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը Եւ Անհնարը Հնարաւոր Դարձնելու Վճիռը

Խմբագրական. Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը Եւ Անհնարը Հնարաւոր Դարձնելու Վճիռը

Արցախի Ազգային ժողովը կ՛ընտրէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ: Հակառակ ազրպէյճանական սպառնալիքներուն, ամէն ինչ կ՛ընթանայ սահմանադրական հունով: Պաշարուած վիճակի մէջ նոյնիսկ Արցախը բոլոր իրաւաչափութիւնները կը յարգէ եւ համահունչ Սահմանադրութեամբ կ՛ընտրէ հանրապետութեան նախագահ:

Պետական հիմնարկներու յարգումը, սահմանադրական ժամկէտի մէջ տեղաւորուելով հրաժարած նախագահին փոխարէն նորը ընտրելը, ներքին կայունութիւնը պահպանելը եւ մանաւանդ ազրպէյճանական սադրանքներուն չներքաշուիլը Արցախին կը վերապահէ օրհասական պայմաններում մէջ նոյնիսկ պետական մտածողութեան եւ քաղաքացիական բարձր ընդունակութեան բացառիկ կարգավիճակ:

Ազրպէյճանի ռազմական կուտակումները թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանին եւ թէ՛ Արցախի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ սպառնալիք է: Մագլցողականութեան բարձրագոյն դրսեւորում, որ նպատակ ունի քանի մը թիրախ: Նախ անմիջական կարգով չեղարկել նախագահի ընտրութիւնը, երկրորդ` ճնշել գործարկելու համար Ակնա- Ստեփանակերտ ճանապարհը, եւ երրորդ` բանալ Նախիջեւան-Ազրպէյճան ճամբան:

Կուտակումն ու մագլցումը անմիջականօրէն այս առաջադրանքներուն հետ կապուած են: Սակայն յայտնաբար թէ՛ կը կայանան ընտրութիւնները, թէ՛ Արցախը իր պետականութեամբ եւ հասարակարգով կը շարունակէ ընդդիմանալ Աղտամը Բերձորին այլընտրանք ընդունիլ տալու Պաքուի պահանջին եւ անշուշտ տարածաշրջանային այլ հանգամանքներով պայմանաւորուած չի կառուցուիր «Զանգեզուրեան միջանցք»-ը:

Աւելի հեռու, բայց մօտէն առնչուող այլ գործընթաց մը կը խօսի Մոսկուա-Անգարա անհամաձայնութիւններու մասին: Սոչիի հանդիպումը, ըստ լրահոսին, ունէր երեք օրակարգ` հացահատիկի գործարքը, Սուրիոյ մէջ թրքական ներկայութեան հարցը եւ հարաւային Կովկասի իրավիճակը: Առաջինի պարագային պաշտօնապէս մամլոյ հաղորդագրութիւնները գրեցին, որ կարելի չէ եղած համաձայնութեան յանգիլ: Երկրորդի եւ երրորդի փակագիծերը չբացուեցան: Բայց…

Շաբաթ մը առաջ Մոսկուայի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Անգարան Դամասկոսի թոյլտուութեամբ կրնայ Սուրիոյ մէջ շարունակել պայքարը ահաբեկչութեան դէմ: Ասիկա կրնար թարգմանուիլ անուղղակի ուղերձ` Անգարային. մնացէք Սուրիա, մենք ալ մնանք Արցախ:

Մինչ այդ, որովհետեւ Էրտողանը խօսած էր ռուսական խաղաղապահութեան ժամկէտի աւարտին մասին, իսկ Սուրիոյ նախագահը խստօրէն շեշտած թրքական զօրքերու Սուրիայէն հեռացման նախապայմանը:

Մոսկուայի ուղերձը դրական արձագանգ չէր գտած փաստօրէն: Որեւէ նոր յայտարարութիւն չէ հնչած Անգարայէն` Էրտողանի յիշեցումը վերաձեւակերպելու առումով: Եւ երբ չկայ ընդհանուր համաձայնութիւն, այս պարագային կը շարունակուի գոյավիճակը:

Վերադառնալով Արցախի ընտրութիւններուն, պաշտօնական Պաքուն հրապարակեց իր դժգոհութիւնը. «Այս անօրինական կառոյցի «նախագահ»-ի նախատեսուող «ընտրութիւնը» ծայրայեղ սադրիչ քայլ է: Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նման բացայայտ խախտումը ոչ մէկ ձեւով ընդունելի է»: (Բառացի մէջբերում` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութենէն):

Ներկայ պայմաններուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը հերթական ընտրութենէն շատ աւելի խոր նշանակութիւն ունի: Անիկա պատասխան է Պաքուի պահանջած պետական հաստատութիւններու կազմաքանդումի պահանջին: Պատասխան է բոլորին, որ Արցախի ժողովուրդը կ՛ընթանայ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքով, ժողովրդավարական հիմունքով եւ ըստ իր քուէարկած Սահմանադրութեան ու ընտրած խորհրդարանով ընտրելու նաեւ այժմ հանրապետութեան նախագահ:

Եւ ինչպէս Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը Արցախի ժողովուրդին կը յորդորէ այս առիթով` «Հաւատացած եղէ՛ք` միասին անհնարը հնարաւոր կը դարձնենք»:

Այս վճռականութեամբ ալ Արցախի Հանրապետութիւնը կ՛ընտրէ իր նախագահը:

aztagdaily.com